ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ՍՐՏԷՆ ԲԽԻ
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, կամ ըսենք՝ կրկնելու պահանջքը կը զգանք սիրոյ կարեւորութիւնը եւ կ՚անդրադառնանք անոր անհրաժեշտութեան մարդկային բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Ինչո՞ւ պահանջքը կը զգանք, քանի որ մարդկային բոլոր յարաբերութիւնները խաթարուած կ՚երեւին՝ անկեղծ սէրը հալա՜ծ, նօսրացած է ձեւակերպութիւններու մէջ։ Այսօր մարդիկ կը նախընտրեն ձեւապաշտութիւնը՝ փոխանակ էականին։ Այսօր մարդիկ թէեւ կը խօսին սիրոյ մասին, բայց չեն գործեր սիրով։ Սէրը այսօր զգացում մը ըլլալէ աւելի՝ գաղափար մըն է կարծես։ Այս ալ կը նշանակէ, թէ սէրը որպէս գաղափար կա՛յ, բայց գործնականի չի վերածուիր, եւ մարդիկ սիրոյ գաղափարով կը բաւականանան եւ գործնականի մէջ չե՛ն սիրեր զիրար եւ շատ անգամ ալ կ՚ատեն։
Իրական եւ անկեղծ սէրը մինչդեռ պէտք է սրտէն բխի եւ ո՛չ պայմանադրական, կաղապարուած եւ պատրաստուած բառերու մէջէն։ Ուշադրութիւն ըրէ՛ք իմ սիրելի՜ բարեկամներ, մարդիկ այսօր «փոխառեալ» բառերով, նախապէս պատրաստուած եւ կաղապարուած խօսքերով իրարու հետ կը հաղորդակցին։ Սիրոյ արտայայտութիւնը կարծես կաղապարուած, նոյն կաղապարէն ելած. խօսքեր են ընդհանրապէս։ Մինչդեռ զգացումի արտայայտութիւնը ինքնուրոյն է ամէն անձի համար ամէն սիրտ նոյն կերպով չի կրնար արտայայտել իր զգացումները, քանի որ ամէն մէկուն համար տարբեր է զգացումներու աստիճանը՝ որ մէկը շատ ջերմ, ուրիշ մէկունը՝ մասամբ ցուրտ։ Եւ այս կը նշանակէ, որ սիրոյ արտայայտութիւնը, ընդհանրապէս զգացումներու արտայայտութիւնը նոյն նկարագիրը չ՚ունենար եւ իրարմէ կը տարբերի, եւ այս բնական երեւոյթ մըն է։
Մարդիկ փոխանակ իրենց զգացումները, եւ անշուշտ սէրը, իրենց յատուկ բառերով արտայայտելու եւ կամ իրենց անկեղծ ժպիտովը յայտնելու՝ կը յայտնեն զանազան գրաւոր միջոցներով՝ որոնց վրայ արձանագրուած կ՚ըլլայ բոլորովին «օտար»ի մը, օտար հոգիի մը անանձնական մէկ խօսքը։ Եւ ինչպէս ըսինք, պատրաստուած-կաղապարուած խօսքեր են ընդհանրապէս, որ սէր կ՚արտայայտեն։
Բայց սէրը «արտասանութեան նիւթ» չէ՛, այլ՝ զգալու, ապրելու, վայելելու բնական երեւոյթ մը։
Կ՚ըսեն ընդհանրապէս, թէ սէրը ծանր աշխատանքի կը կարօտի, սէրը երբեմն ցաւ ու վիշտ նոյնիսկ կրնայ պատճառել։ Սէրը ջանքով կ՚աճի, աշխատութեամբ կը գոյապահպանուի եւ անկեղծութեամբ կը գոյատեւէ եւ հետզհետէ կը կատարելագործուի։
Ինչո՞ւ սէրը դժուար է, ինչո՞ւ այսքան «գործ»ի եւ աշխատանքի կը կարօտի։
Սիրոյ համար, անկեղծ սիրոյ համար ջանք եւ աշխատութիւն տանիլ պէտք է, անհրաժեշտ պայման է, բայց ի՞նչ է այդ աշխատութիւնը։ Սիրոյ համար աշխատութիւնը «զոհողութիւն» է՝ սիրոյ համար զոհել եւ զոհուիլ, ինչ որ իրապէ՛ս դժուար «գործ» մըն է, յետոյ սիրոյ համար պէտք է համակրական հասկացողութիւն ունենալ, այսինքն իր դիմացինին պէս զգալ, անոր պէս ուրախանալ կամ տրտմիլ։ Եւ այս ալ մարդ էակին համար դիւրին բան չէ՝ քանի որ մարդ էակը, ընդհանրապէս եւ բնականաբար, եսասէր է, ինքնամոլ է եւ երբեմն ինքնակեդրոն։ Մարդ նախ ինքզինք կը խորհի, իրմէ տալ չ՚ուզեր, եւ կամ իր աւելիէն կու տայ, աւելորդը կու տայ եւ նախ ինքզինք կը հոգայ, ինքզինք կը խնամէ, կը պաշտպանէ։
Ահաւասիկ, մարդ էակին այս բնազդական ապրումներուն պատճառով, դժուար է, կամ դիւրին չէ «ուրիշ»ը իրեն նման հոգալը կամ խնամելը, ինչ որ զոհողութիւն կը պահանջէ։ Բնական է ասիկա. մարդ, որպէս անհատ նա՛խ իր էութիւնը կ՚ուզէ ապահովութեան տակ առնել, ինքզինք պահել, նիւթական կամ բարոյական «շահ»էն նախ ի՛նք օգտուիլ։
Մարդ էակին զոհողութիւն ընելը բացառութիւն է՝ եւ ինչպէս ամէն բացառութիւն, հազուադէպ է եւ ընտիր։ Այս պատճառով է որ սէրը առաքինութիւն մըն է, մարդ էակին արժանաւորութիւնը եւ ազնուութիւնը ցոյց տուող ստուգանի՛շ մը։
Մէկու մը միւսին՝ «կը սիրեմ» ըսելը, իր իսկական իմաստով «սիրել» չէ՛, այլ պարզապէս ձեւականութիւն, որ խաբէական է՝ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ անոր համար՝ որ սիրոյ առարկայ եղած է։ Ուրեմն, երբ «կը սիրեմ» կ՚ըսէ մարդ, պէտք է որ սէրը ցոյց տայ, ինչ որ զոհողութեամբ, անձնուիրութեամբ եւ երբեմն ալ անձուրացութեամբ կ՚իրականանայ։ Առանց գործնականի, առանց համակրական հասկացողութեան սէր, «սէր» չի համարուիր, այլ միայն ձեւականութիւն կամ ինքնախաբէութի՛ւն։
Եւ ահաւասիկ սիրոյ մասին Յիսուսի չափանիշը. «Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Մեծագոյն սէրը ա՛յն է, այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-13), եւ կը վերջացնէ խօսքը յստակ կերպով պատուիրելով. «Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք զիրար» (ՅՈՀՎ. ԺԵ 17)։
Ահաւասիկ կը տեսնուի սիրոյ եւ զոհողութեան անմիջական կապակցութիւնը։ Արդարեւ Ղուկաս Աւետարանիչ ալ, «յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ Աւելի երջանկաբեր է տա՛լը քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35), ցոյց կու տայ «տալ»ու, այսինքն զոհելու եւ զոհուելու կարեւորութիւնը հոգեւոր կեանքի մէջ։ Եւ սա անուրանալի է, որ սէր-երջանկութիւն-զոհողութիւն, այս երեքը զիրար ամբողջացնող զգացումներ եւ արտայայտութիւններ են, որոնք կը կազմեն մարդ էակին կեանքի նպատակը եւ կ՚իրագործեն մարդուն կոչումը, որ ստեղծագործութեան ծրագրին ամենակարեւոր տարրն է։ Մարդ պէտք է երջանիկ ըլլայ, երջանիկ ըլլալու համար պէ՛տք է սիրէ եւ վերջապէս, սիրելու համար պէտք է զոհողութիւն ընէ։
Այս խորհրդածութենէն կը հետեւի, թէ սէրը անմահ է՝ յաւիտենական եւ անվե՛րջ։ Եւ ուրեմն սէրը երբեք չի կորսուիր, սէրը կը շարունակէ այնքան ատեն որ մարդ կ՚ապրի եւ սէրը քանի որ մարդկային բնական զգացում մըն է, եւ սէրը կը պահանջէ նուազագոյն երկու հոգի՝ որոնք կը բաժնեն սէրը, ապա ուրեմն սէրը անմահ է, քանի որ հոգին անմահ է։ Եւ դարձեալ սէրը յաւիտենական է, քանի որ Աստուած սէ՛ր է։
Անշուշտ երբ կը խօսինք սիրոյ մասին, խօսքը իրական, հարազատ, անկեղծ եւ սուրբ սիրոյ մասին է եւ ո՛չ թէ կիրքի մասին։ Այս ալ կը նշանակէ, որ երբ «սէր» կ՚ըսենք, պէտք է զանազանենք իսկական սէրը կիրքէն։ Այս իմաստով՝ ի՞նչ օգուտ կ՚ունենայ մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ սէր ունի, երբ սիրոյ արտայայտութիւնը կազմող գործեր չի կատարեր։ Ուստի սէրը «խօսք» չէ՛, այլ՝ «գո՛րծ»։
Սէրը չարին դէմ պաշտպանութեան զէ՛նք է։
Այս կը նշանակէ՝ բարիով յաղթել չարին։ Եւ քանի որ սէրը յաւիտենական է՝ ուրեմն բարին յաւիտենապէս պիտի տիրապետէ, իսկ չարը պիտի դատապարտուի պարտութեան։ Դուք մի՛ նայիք որ կ՚ըսեն սէրը կը տեւէ մինչեւ մահ, ո՛չ սիրելիներ իսկական, անկեղծ եւ իրապէս սրտաբուխ սէրը կը տեւէ յաւիտենապէս. իսկ անոնք որ սէրը կը շփոթեն կիրքի հետ, անոնք են որ սէրը կը կարծեն, թէ կը տեւէ մինչեւ մահ եւ երբեմն մահէն ալ կանո՛ւխ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 16, 2016, Իսթանպուլ