ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուր­քիա, Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան պատ­րաստ են ե­րաշ­խա­ւո­րի դեր ստանձ­նել՝ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ընդ­դի­մու­թեան մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ Սու­րիոյ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Ե­ռա­կող­մա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուած է, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Ան­գա­րա, Մոս­կուա եւ Թեհ­րան վե­րա­հաս­տա­տած են ի­րենց յար­գան­քը՝ այդ երկ­րի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան նկատ­-մամբ։ Հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան-Ի­րան ձե­ւա­չա­փը ա­մե­նաար­դիւ­նա­ւէ­տը հա­մա­րուե­ցաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման հա­մար։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րը կը ձգտին միաս­նա­բար պայ­քա­րիլ՝ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) եւ «Էլ Նուս­րա»ի նման ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ։

Մինչ Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քէն քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դի տար­հա­նու­մը կը շա­րու­նա­կուի, Մոս­կուա­յի մէջ ե­րէկ կա­րե­ւոր քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այս առ­թիւ տե­սակ­ցե­ցաւ իր ռուս եւ ի­րան­ցի պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի եւ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի հետ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին վրայ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ազ­դեց Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լո­վի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձը։ Չա­վու­շօղ­լու եւ Լաւ­րով յար­գան­քով խո­նար­հե­ցան Քար­լո­վի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ՝ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած սգա­հան­դէ­սի մը ըն­թաց­քին։

Միւս կող­մէ, թուրք եւ ռուս դա­տաբժշ­կա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ հա­մա­տեղ կա­տա­րուած քննու­թե­նէ վերջ, ե­րէկ, Քար­լո­վի մար­մի­նը սու­գի ա­րա­րո­ղա­կար­գով ու­ղար­կուե­ցաւ իր եր­կի­րը։ Մա­հա­փոր­ձի վե­րա­բե­րեալ հե­տաքն­նու­թիւնն ալ կը շա­րու­նա­կուի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016