ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳ
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը։ Քննարկումներուն շրջագծով մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկան ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերեալ հարցեր։ Ռատիօաքթիֆ թափօններու եւ բանուած միջուկային վառելիքի անվտանգ կառավարման հայեցակարգի վերաբերեալ մանրամասն քննարկումներ կատարուեցան պատկան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ։
Բաց աստի, ժողովի ընթացքին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց զեկուցում մը՝ յիշեցնելով, որ 2018 թուականին Հայաստանի տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը։ Ուստի, ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ ստեղծել այս գագաթաժողովի նախապատրաստման ուղղեալ միջնախարարական յանձնաժողով մը։ Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին նախապատրաստութիւններուն եւ անհրաժեշտ այլ գործողութիւններուն վերաբերեալ պիտի մշակուի ծրագիր մը։