ԾԱՌԸ

Եր­կին­քէն հոյլ մը թա­փաւ կար­ծես,

Լու­սա­ւո­րեց խա­ւա­րած տունն ամ­բողջ.
Տա­րի­նե­րու խա­ւա­րը ջնջեց,
Ու փա­րա­տե­լով ճամ­բեց դառն հող­մերն ամ­բողջ:

Մա­նուկ մը նստած գոր­գին վրայ՝
Հա­տիկ-հա­տիկ աստ­ղե­րը շա­րել սկսաւ,
Կեղծ ե­ղեւ­նիի դա­լար փու­շե­րը զար­դա­րեց.
Փուշ-փուշ լու­սա­ւո­րեց ան­մեղ մա­տիկ­նե­րով:
-Զգո՛յշ, փու­շե­րը չցաւց­նեն քեզ, ման­կի՛կս,
Եր­ջան­կու­թիւնդ չկա­սեց­նեն,
Մա­նուկ ես դեռ, ի՞նչ գի­տես այս աշ­խար­հէն...:-

Մօ­տե­ցաւ մայ­րը ման­կի­կին,
Ինք ալ զուարթ դէմ­քով միա­ցաւ,
Ար­ծա­թա­գոյն ու ոս­կե­գոյն գնդակ­նե­րը՝
Փայլ-փայլ զե­տե­ղեց խնամ­քով մեղ­մա­գին, 
Ե­ղեւ­նիին փու­շե­րը փայ­լե­ցան պսպղա­գին:

Յաղ­թան­դամ տան նա­հա­պե­տը 
Փունջ մը լոյ­սով զար­դա­րուն աստ­ղը
զե­տե­ղեց ծա­ռին գա­գա­թին:

Մինչ հոն, դրան սե­մին,
Ուր պի­տի դրուի ծառն ան­գին,
Մսու­րը կը յար­դա­րէր տան պա­տա­նու­հին
Ու համն ու հո­տը կը սփռէր եր­կար ա­տեն բա­ցա­կա­յած Ծնուն­դին:

Զար­դի մը հետ միա­ձու­լուած մաղ­թան­քը, 
Ցան­կու­թիւ­նը, ա­նա­սե­լի փա­փա­քը իւ­րա­քան­չիւ­րին՝
Ե­կաւ, բազ­մա­պատ­կեց խոր­հուր­դը ծա­ռին:

Կա­թիլ մը հպաւ ձեռ­քին ման­կի­կին,
-Մա­մի՛, եկ կա­թիլ­ներդ կա­թո­գին
Կը սպա­սեն ի­րենց կար­գին,
Տես­նենք այս օր կրկին
Պի­տի մաղ­թե՞ս որ նմա­նիմ
Այս հսկայ, լու­սա­տու ծա­ռին:

Ու ա­հա ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին,
Մա­մին իր կա­թիլ­նե­րով թան­կա­գին,
Մօ­տե­ցաւ լու­սա­տու ծա­ռին:
Ա­ղօթք մ­՚էր ան կը կրկնէր սրտա­գին,
Ա­մէն տա­րի այս ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին,
Որ­պէս օրհ­նանք դէպ իր ըն­տա­նիքն ան­գին
Եւ ա­ղեր­սանք պայ­ծառ գա­լի­քին:
-Կա­թիլ մը հա­մե­րաշ­խու­թեան ու եր­ջան­կու­թեան իմ ըն­տա­նի­քին,
Կա­թիլ մը՝ յոյ­սի,
Կա­թիլ մը՝ լոյ­սի,
Կա­թիլ մը՝ ա­ւար­տին այս պա­տե­րազ­մին,
Կա­թիլ մը՝ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին,
Իսկ վեր­ջին կա­թի­լը՝ մեր ման­կի­կին,
Որ աս ծա­ռին նման լու­սա­տու ծառ մ­՚ըլ­լայ պան­ծա­գին:-

Ման­կի­կը, թէ՝
-Մա­մի՛, ինչ­պէ՞ս ես ծառ ըլ­լամ,
Մար­դը ծառ կ՚ըլ­լա՞յ մի­թէ:-

-Ա­հա այս հար­ցու­մով տունկ մ՚ես ար­դէն,
Կը հասկ­նաս, կը հասկ­նաս, երբ մեծ­նաս:-

Սե­նեա­կին լոյ­սե­րը մա­րե­ցան, 
Ծա­ռին լոյ­սին շուրջ նստե­ցան ա­նոնք ջեր­մա­գին,
Ա­մէն ոք դի­տեց իր մաղ­թան­քին շո­ղը պլպլա­գին:
Մինչ դուր­սը՝ ձիւ­նի սպի­տակ փա­թիլ­նե­րը 
Կը ծած­կէին մութ աս­ֆալ­թը փո­ղո­ցին:

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016