ՏԷՐ, ՈՂՈՐՄԵԱ՛
Եթէ արեւն այս դարաւոր կու տայ լոյսի ճառագայթները, որով կեանքը կը շնչէ: Սա բնութեան արգասիքն է. իսկ բանականութեան տուածն ալ բազմաճիւղ ու բազմազան, կեանքին կու տան իմաստ, հաճելի միտքերով կ՚ոռոգեն անձը, ու պահ մը, դառնութիւններդ սփոփանք չեն գտներ, սակայն մխիթարական լարերով կը մեղմացնեն ու կ՚անուշցնեն… հոս, բանականութենէն միա՛յն գրական աշխարհ պիտի մտնենք, կարգ մը պատկերներու ընդմէջէն, ոլորապտոյտ արահետներով:
Երիտասարդութեանս սեմին՝ դպրոցական դասապահերու պատմութեան թէ այլ դասապահերուն, մանաւանդ, հայոց պատմութեան՝ անկարելի էր որ չյիշատակուէր ապրիլեան եղեռնի մասին: Իսկ դասապահերէն դուրս, հոս գաղթող առաջին սերունդին աչքերէն, խօսքերէն, ոչ անպայման հայերէն լեզուով, այլ… դառնութիւն կը ծորէր: Իսկ քերթուածներէն ամենէն աւելի տպաւորած է զիս.- «փշրուեցինք աստղերի պէս ու դրուեցինք աշխարհում» (Սիլվա Կապուտիկեան) նախադասութիւնը, երբ հօրս եղբայրներէն մէկը ֆրանսաբնակ եղած է, զոր չէի տեսած անգամ, իսկ ուրիշ մը՝ հալէպահայ, զոր կարծեմ անգամ մը միայն առիթով մը տեսակցեցանք… (երեք եղբայր, երեք մականուններով…) լեզուն՝ «այնթապերէն»…:
Այդ տարեշրջաններուն, հակառակ ծայրայեղ աղքատութեան ու թիթաղաշէն թաղերու անհիւրընկալութեան, ընտանիքներ, իբրեւ վրէժ, կարծես զարկ կու տային ծննդաբերութեան ու ամենէն աղքատ ընտանիքն իսկ կ՚ունենար երեքէն չորս զաւակ՝ նուազագոյնը:
Ի դէպ, Վրէժ եւ Վրէժուհի անուններ կը գործածուէին, յիշեցնելու համար աղէտին ունեցած մեր պարտքը…, երբ.-
Ամէն հայեացք հատու մի սուր,
Արնոտ դիերն են համր ու մերկ
Նայում եզերքն ……
Տէր, ողորմեա՛… եւ՝
«Լոյսէ արցունք մոմերու, որոնք հանդարտ կը մաշին» (Մ. Մեծարենց)
Ապա՝ Ներգաղթ… հայրենակերտում եւ՝
«Աւեր Վանի դէմ, նո՛ր Երեւանով» (Ս. Կապուտիկեան)
Մինչ տարիներու թաւալքով յարափոփոխ աշխարհը, կեսարական, թագաւորական, ցարական, սովետական դարաշրջանները շրջած են պայքարներով, խիզախելով ու ժամանակի ընթացքին բազմակարծութեան ծնունդ տալով կ՚ընթանան. պետութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ… եւ այլն, սակայն, դարձեալ անխուսափելին կը պատահի. երբեմն նոյնինքն մէկ կողմի անդամներու միջեւ կ՚ոտնահարուի բազմակարծութիւնը, եւ դարձեալ ֆիզիքական ուժը ինքզինք կը պարտադրէ չէզոքացնելով արդարն ու տկարը: Այս իրողութենէն կարծես խուսափիլ չկայ, քանի որ մարդկային է ու հաւաքականութիւններն ալ՝ մարդոց խմբակցութիւնը: Յարափոփոխ աշխարհը անկախութեան հովեր բերաւ մեր հայրենիքին, կարծես իբրեւ շնչառութեան նո՛ր հանգրուան, որմէ արդէն 25 տարիներ են անցեր ու տխուր պատկերի դէմ յանդիման կը գտնուինք, մանաւանդ անկում եւ սակայն կեանքի ապրուստի պարտադրանքով ստիպողականութիւն դարձած ելքով կը տուայտի, որն է՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ…ամէն զգացում, ուժ, մտածում, որ պիտի հոսէր դէպի հայրենիքի հայութեան, որը իր կարգին՝ պիտի ըլլար գէթ հոն ապրող հաւաքներուն, չիրականացաւ, որով Չարենցի մէկ խօսքը յիշել պիտի տար ինծի.-
Թաղուած մնաց իմ աչերում
Մի անհուն կապուտաչեայ առասպել
«փշրուեցինք» այս՝ հինէն սրտիս ցաւ է դարձած. Ցաւ անբուժելի:
Իսկ Պետրոս Դուրեան.
Հայրենիք մը ունիմ թշուառ
Չօգնած անոր մեռնիլ աննշան
Ո՜հ ա՛յս է սոսկ ցաւն ինձ համար:
«Փշրուեցինք»…
Երէկ կ՚երգէինք.- «Հայաստանից մեզ հանում են…»
Այսօր, ի՞նչ պիտ երգենք:
Վաղը, ի՞նչ:
Փակենք էջը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան