ՇաՐլ Ազնաւուրին յանձնուած՝ «Նիքոս Կացոս-2016» Մրցանակը
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Գրականութեան միջերկրականեան կեդրոնը Դեկտեմբերի 20-ին յայտարարած է, թէ «Նիքոս Կացոս-2016» գրական մրցանակը շնորհուած է աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, իր ստեղծագործական ամբողջական վաստակին համար՝ աւելի քան ութ հարիւր երգ:
Այս մրցանակը, որ հաստատուած է 2012 թուականին, նախապէս շնորհուած է ծանօթ այլ երգիչներու. ինչպէս՝ Սերժ Լամային, Կի Պէարին: Մրցանակը անուանուած է յոյն գերիրապաշտ վերջին բանաստեղծներէն մէկուն անունով եւ ամէն տարի կը շնորհուի երգերու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակներու:
Նանա Մուսքուրիի գլխաւորած դատակազմը յայտարարած է, թէ մրցանակը շնորհուեցաւ 92-ամեայ Շարլ Ազնաւուրին՝ «երգեր յօրինելու նոր ձեւ մը հնարած ըլլալուն համար»:
Մրցանակը Ազնաւուրին յանձնուած է Փարիզի մօտ Յունաստանի դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան, Ֆրանսայի ակադեմիոյ անդամ պատմաբան Էլէն Քառեր-տ՚Անքոս եւ ծանօթ այլ անձնաւորութիւններ:
Իսկ «Նիքոս Կացոս-2016» բանաստեղծութեան անուանակարգի մրցանակներուն արժանի նկատուած են իրանցի բանաստեղծ Ռոժա Շամանքար եւ լիբանանցի բանաստեղծ Աքլ Աուիթ: