ԿԵԱՆՔԻՆ ԳԻՇԵՐԸ ԵՒ ՑԵՐԵԿԸ

Անդ­րա­դար­ձա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ. մեր ապ­րած օ­րե­րը՝ մեր կեան­քը որ­քան ալ միօ­րի­նակ ըլ­լայ, կար­ծուի թէ՝ իւ­րա­քան­չիւր օր՝ յա­ջոր­դին նոյնն է, եւ ներ­կան ան­ցեա­լին կրկ­նու­թիւնն է, բայց մեր ապ­րած կեան­քին ո՞ր օ­րը կը նմա­նի ու­րիշ օ­րուան մը։ Ի­րաւ է, որ մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը ը­սեր է, թէ՝ պատ­մու­թիւ­նը կրկնու­թիւն է, սա­կայն կեան­քի մէկ օ­րը եր­բեք չի՛ նմա­նիր ու­րիշ օ­րուան մը, եւ ա­մէն մէկ օր ու­նի իւ­րա­յա­տուկ նկա­րա­գի­րը։ Եւ այս ի­րո­ղու­թե­նէն կը հե­տե­ւի, թէ՝ կեան­քը ու­նի «գի­շեր»ներ եւ «ցե­րեկ»ներ, ինչ­պէս ու­նի՝ նե­ղու­թիւն­ներ եւ ու­րա­խու­թիւն­ներ։

Մեր բո­լո­րին կեան­քը լե­ցուած է եր­բեմն «խա­ւար» պա­հե­րով, եր­բեմն ալ «լու­սա­ւոր» պա­հե­րով։ Ա­ւե­լի լա՛ւ է ը­սել՝ մեր ապ­րած կեան­քի օ­րե­րէն մէկ մա­սը կ՚անց­նի ցա­ւով, վիշ­տով եւ տա­ռա­պան­քով, իսկ ու­րիշ մաս մը՝ ու­րա­խու­թիւն­նե­րով, վա­յելք­նե­րով եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով…։

Ար­դա­րեւ, ապ­րած ա­մէն օ­րուան վրայ ա­րեւ չի ծա­գիր, եր­բեմն մութ ու խա­ւար կը պա­տէ, օ­րը գի­շեր կ՚ըլ­լայ՝ ուր ո՛չ մէկ լոյս կը լու­սա­ւո­րէ կեան­քը։

Այս ի­մաս­տով, թե­րեւս չկայ ապ­րող էակ մը այս աշ­խար­հի վրայ՝ որ մութ ու խա­ւար օ­րեր ու­նե­ցած չըլ­լայ՝ «մա­հուան շու­քի մէջ»էն քա­լած չըլ­լայ։

Եւ ե­թէ կեան­քը այս տե­սա­կիւ­նէն դի­տել փոր­ձենք, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, ճիշդ է այն խօս­քը՝ թէ կեան­քը կրկնու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւնն է։ Ա­յո՛, ու­րա­խու­թիւն­նե­րու եւ տրտմու­թիւն­նե­րու, յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու, վա­յելք­նե­րու եւ տա­ռա­պանք­նե­րու կրկնու­թի՛ւնն է կեան­քը, բայց սա տար­բե­րու­թեամբ, թէ՝ ու­րա­խու­թիւն­ներ եւ տխրու­թիւն­ներ միշտ նոյ­նը չեն, նոյն աս­տի­ճա­նը եւ սաստ­կու­թիւ­նը չու­նին, այլ ա­նոնց պատ­ճառ­նե­րը եւ հե­տե­ւանք­նե­րը տար­բեր են։ Կեան­քի մէջ պա­տա­հած դէպքեր կրնան ի­րարու նմա­նիլ, բայց եւ եր­բեք նոյ­նը չե՛ն։ Ա­հա­ւա­սիկ ա­սոր հա­մար է, որ վե­րը ը­սինք, թէ մար­դուս ապ­րած կեան­քի ո՛չ մէկ օ­րը նոյ­նը չէ, թե­րեւս նմա­նը՝ տար­բեր ե­րե­սակ­նե­րով, եւ ու­րեմն, կեան­քը կրկնու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք չէ՛։

Եւ ե­թէ կեան­քը նոյն դէպ­քե­րու, պա­տա­հար­նե­րու կրկնու­թիւ­նը ըլ­լար, այդ միօ­րի­նա­կու­թիւ­նը ան­տա­նե­լի կ՚ըլ­լար մար­դուս հա­մար՝ յու­սալ­քու­թեան պատ­ճա՛ռ։ Ար­դա­րեւ կեան­քին ի­մաս­տը՝ յոյ­սին մէջ է, իսկ յոյ­սը հոն կայ՝ ո՛ւր ո­րե­ւէ պա­տա­հա­րի մը, ե­րե­ւոյ­թի մը ար­դիւն­քը յայտ­նի չէ, հոն՝ ո՛ւր կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, որ կրկնու­թիւնն իսկ է, ցոյց չի կրնար տալ ո­րե­ւէ հե­տե­ւանք։ Եւ խոր­հե­ցէ՛ք ան­գամ մը, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կեան­քը ե­թէ ըլ­լար միօ­րի­նակ՝ միշտ նո՛յն պատ­ճառ­ներ եւ նո՛յն ար­դիւնք­ներ, ո՜ր­քան ա­նի­մաստ կ՚ըլ­լար զայն ապ­րիլ՝ ուր մար­դուս կամ­քը ո՛­չինչ ար­ժէք պի­տի ու­նե­նար…։

Մարդ, ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի հաս­նե­լու հա­մար պէտք է աշ­խա­տի, իր ա­զատ կամ­քով ըն­տրէ նպա­տակ մը, այ­լա­պէս կրնայ հաս­նիլ իր նպա­տա­կին թէ ո՛չ, այդ չէ՛ բուն հար­ցը, այլ նպա­տակ մը ու­նե­նա՛լն է, իր նպա­տա­կին հաս­նե­լու կամք ու կո­րով ու­նե­նա­լու է մարդ։ Բայց ե­թէ կեան­քի մէջ միօ­րի­նակ կրկնու­թիւն­ներ ըլ­լար, մար­դուս ա­զատ կամ­քը, նպա­տա­կի ընտ­րու­թիւ­նը, նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար աշ­խա­տան­քը ո­րե­ւէ ի­մաստ պի­տի չու­նե­նար։

Մարդ­կա­յին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը հիւ­սուած են թե­րեւս «նման» բայց ո՛չ եր­բեք «նոյն» փոխ­նի­փոխ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեամբ՝ ա­ռող­ջու­թեամբ եւ հի­ւան­դու­թեամբ, ե­րա­նու­թեամբ եւ հիաս­թա­փու­մով, բա­րի գոր­ծե­րով եւ չար գոր­ծե­րով, յաղ­թու­թեամբ եւ պար­տու­թեամբ, յա­ջո­ղու­թեամբ եւ ան­յա­ջո­ղու­թեամբ, ժպի­տով եւ ար­ցուն­քով, Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ եւ Աս­տուծ­մէ հե­ռա­ցած, պա­ղած եւ այլն, եւ այլն։

Ուս­տի եր­բեմն լայն են մար­դուս կեան­քի հո­րի­զոն­նե­րը, եւ եր­բեմն՝ նեղ, եր­բեմն՝ մութ, եր­բեմն՝ լու­սա­ւոր, եր­բեմն՝ ամ­պա­մած, եր­բեմն՝ պայ­ծառ, յստա՛կ։

Եւ խօս­քը բե­րել կ՚ու­զենք մար­դուս ան­հա­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ալ ու­նին ի­րենց գի­շեր ժա­մե­րը եւ ցե­րեկ պա­հե­րը՝ մու­թը եւ լու­սա­ւո­րը։

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ՝ «սո­կեայ բա­րե­կա­մու­թիւն» կար­ծածդ օր մըն ալ կը տես­նես թէ՝ «պղինձ» է ե­ղեր։

Եւ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին այն է, որ այս չի պա­տա­հիր միայն ըն­կեր­նե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու մէջ, այլ կը տես­նուի նաեւ եղ­բայր­նե­րու, ազ­գա­կան­նե­րու, ա­րե­նա­կից­նե­րու, հա­րա­զատ­նե­րու մի­ջեւ։ Այս բնա­կան է, քա­նի որ ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քը հաս­տա­տուած է ընդ­հան­րա­պէս ե­սա­մո­լու­թեան, շա­հու, անձ­նա­սի­րու­թեան վրայ, ուր ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ «ու­րիշ»ը կամ «միւս»ը՝ ըլ­լա՛յ ըն­կեր, ըլ­լա՛յ բա­րե­կամ, ըլ­լա՛յ ազ­գա­կան, ըլ­լա՛յ ա­րե­նա­կից եւ նոյ­նիսկ եղ­բայր։ Ո՜ր­քան ցա­ւա­լի է ա­սի­կա։

Մարդ, հա­զիւ թէ ինք­զինք կը ճանչ­նայ, ինք­նա­կեդ­րոն անձ մը կ՚ըլ­լայ, ինք­նա­բաւ եւ այ­լա­մե՛րժ։

Երբ մարդ ինք­նա­կեդ­րոն է, կորսն­ցու­ցած է փո­խա­դարձ հա­մակ­րան­քի եւ սի­րոյ զգա­ցում­նե­րը, եւ չի ճանչ­նար ո՛չ ըն­կեր, ո՛չ բա­րե­կամ, ո՛չ ազ­գա­կան եւ ո՛չ իսկ եղ­բայր։ Ցա­ւա­լի՜ բայց ի­րա­կա­նու­թի՛ւն։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, յա­ճախ «բա­րե­կա՛մ» կը կո­չեմ ձեզ, քա­նի որ հա­ւա­տա­րիմ էք ձեր բա­րե­կա­մու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ ձեր ար­ժէք­նե­րուն, ձեր ար­ժա­նիք­նե­րուն, ձե­զի հա­մար տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ձե­զի հան­դէպ յայտ­նուած սի­րոյ. ա­հա­ւա­սի՛կ, այս է բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, ա՛յս է եղ­բայ­րու­թիւ­նը։

Սի­րե­լի՜­ներ, ո՞ր ա­ւե­րու­մը եւ ան­կու­մը ա­ւե­լի՛ ցա­ւա­լի է եւ տա­ռա­պա­լից քան բա­րե­կա­մու­թեան մը ա­ւե­րու­մը եւ ոչն­չա­ցու­մը…։

Գե­ղե­ցիկ շէնք մը երբ դուր­սէն դի­տենք, չենք կրնար հասկ­նալ, թէ ա­նոր հի­մե­րը ո՛ր­քան խո­րունկ եւ հաս­տա­տուն են, կամ թէ ժայ­ռի վրայ հաս­տա­տուած են թէ լպրծուն ա­ւա­զի վրայ։ Տա­րի­ներ չի՛ բա­ւեր հասկ­նա­լու ա­սի­կա։ Հա­զիւ երկ­րա­շարժ մը կը յայտ­նէ «գե­ղե­ցիկ շէնք»ին ի­րա­կան կա­ցու­թիւ­նը։

«Գե­ղե­ցիկ շէնք» կար­ծուած բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ ալ նոյնն են. կեղծ եւ շա­հա­մոլ զգա­ցում­նե­րու վրայ հիմ­նուած կար­ծե­ցեալ բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, որ­քան ալ տե­ւեն, վեր­ջա­պէս կը փլչին։ Մարդ­կա­յին բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ որ­քա՜ն յա­ճախ փուր են եւ փուտ, ո­րոնք ի՜նչ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լան։ («Փուր»=ըն­կոյ­զի մի­ջու­կը չոր­սի բաժ­նող մաշկ։ «Փուտ»=փտած, ան­հիմն, խար­խուլ, ան­կա­յուն)։ Եւ մին­չեւ որ սիր­տը չմաք­րուի ա­մէն տե­սակ ծած­կուած, քօ­ղար­կուած նեն­գու­թիւն­նե­րէ, թոյ­նե­րէ, եւ ո՛չ մէկ բա­րե­կա­մու­թիւն կրնայ եր­կար ապ­րիլ։ Ու­րեմն մարդ­կա­յին բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ալ կ՛այ «գի­շեր» եւ «ցե­րեկ»։ Բ­նա­կան գի­շեր եւ ցե­րե­կէն ու­նի տար­բե­րու­թիւն մը սա­կայն՝ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ՝ գի­շե­րը եւ ցե­րե­կը մար­դը՝ ի՜նք կը ստեղ­ծէ եւ իր ստեղ­ծա­ծին գե­րի՛ն կ՚ըլ­լայ, ստրու­կը կ՚ըլ­լայ իր իսկ նեն­գամ­տու­թեա՛ն։

Ան­նե­րող եւ ո­խա­կալ ո­գին եր­բեք տեղ չու­նի՛ բա­րե­կա­մու­թեան մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016