ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ
Հայ մարզիկները մեծահասակներու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն այս տարի նուաճած են 170 մետայլ, ներառեալ 4 ողիմպիական։
Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցած 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն՝ 20-ամեայ ընդմիջումէ ետք՝ ողիմպիական ոսկին Հայաստան բերաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան: Ողիմպիական արծաթէ մետայլներու արժանացան յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան, ծանրորդներ Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Գոռ Մինասեան:
2016-ի մեծահասակներու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Հայաստանի հաւաքականներու անդամները աշխարհի առաջնութիւններուն նուաճած են 41 մետայլ՝ 10 ոսկէ, 11 արծաթէ եւ 20 պրոնզէ: Եւրոպայի առաջնութիւններուն հայ մարզիկներու նուաճած մետայլներուն թիւը 125 է՝ 37 ոսկէ, 46 արծաթէ եւ 42 պրոնզէ: Մետայլակիրներուն մէջ են նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող 7 մարզիկներ։