ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ Կեդրոնին Մէջ Շնորհանդէս
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է փոքրիկներու ստեղծած առաջին խաղերուն շնորհանդէսը:
Խաղերու ստեղծման յատուկ նախագիծին ծիրէն ներս, Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն յաճախող փոքրիկներուն կողմէ երեք ամսուան ընթացքին ստեղծուած է երեք խաղ՝ «2D փլաթֆորմային խաղ»ը, «գլուխկոտրուկ»ը եւ «անվերջ վազող»ը։
Ծրագիրին մասնակցած է տասը փոքրիկ, որոնք բաժնուած էին երեք խումբի:
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի ղեկավար Կորիւն Խաչատուրեան ըսած է, որ ատիկա բացառիկ առիթ է. առաջին անգամն է, որ Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ կը նախաձեռնուի խաղերու ստեղծման։
«Իբրեւ կառոյց՝ մենք արդէն որոշ չափով հասունցած ենք: Փոք-րիկներն ալ ձեռք բերած են որոշ ունակութիւններ: Փոքրիկները ցանկութիւն ունեցան՝ չսահմանափակուելու ԹՈՒՄՕ-ի կրթական կանոնաւոր դասընթացքներով, վարժանքներով եւ յատուկ նախագիծի ծիրէն ներս ստեղծել խաղեր: Դասընթացավար Հայկ Յակոբեանի եւ իմ կողմէն խաղերու ստեծման պահանջարկ եղաւ եւ ստեղծեցինք խաղեր: Նախագիծը յատուկ էր նաեւ այն առումով, որ անիկա ամենաերկարն էր: Մօտ երեք ամիս փոքրիկները աշխատած են այս խաղերուն վրայ», մասնաւորապէս նշած է Կորիւն Խաչատուրեան:
Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի աշխատակից եւ խաղերու յատուկ նախագիծի ղեկավար Հայկ Յակոբեանի խօսքով՝ խաղերու ստեղծման գործընթացը տեւած է երկու ամիս, իսկ երրորդ ամսուն ուղղումներ մտցուած են արդէն պատրաստ խաղերուն մէջ։ «Նախ ձեւաւորած ենք խումբեր, կատարած խաղերու ընտրութիւն: Ստեղծման գործընթացը կ՚ընդգրկէր ծրագրաւորումը եւ տարբեր ֆայլերու օգտագործումը: Արդիւնքները շատ գոհացուցիչ են:
«Ամէն երեխայ մեծ պատասխանատուութեամբ մօտեցած է գործին եւ իբրեւ արդիւնք՝ ստեղծուած են հետաքրքրական խաղեր. անոնք արդէն հասանելի են Android համակարգով աշխատող սարքերուն համար: Մենք ուզած ենք ապացուցել, որ աշխարհի մէջ զարգացող տեղեկատուական ճարտարագիտութիւնները հասանելի ըլլան նաեւ Արցախի մէջ։ Ասիկա դեռ աշխատանքի սկիզբն է. յոյսով եմ՝ մեր աշխատանքները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ», ըսած է Հայկ Յակոբեան։
«Անվերջ վազող» խաղի ստեղծողներէն մէկը՝ 13-ամեայ Նարեկ Շահջահանեան, ըսած է. «Ես իմ խումբի անդամներուն՝ Մելինէի, Արմինէի ու Արմէնի հետ ստեղծած եմ այս խաղը: Նմանատիպ խաղերու ստեղծման համար սովորաբար շատ ժամանակ կը պահանջուի, բայց մենք ատիկա ըրինք երեք ամսուան մէջ: Խաղի իմաստը այն է, որ ատամնաբոյժէն վախցող աղջիկ մը կը փախչի բժիշկէն: Փախուստը կը ջղայնացնէ բժիշկը: Աղջիկը կը շարունակէ փախչիլ եւ կը հանդիպի բազում խոչընդոտներու»: