ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու համար Ս. Ծննդեան խրախճանք մը։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս աւանդական մէկտեղումը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Արեւմտեան Թեմը իր սկսած գեղեցիկ աւանդութիւնը շարունակելով, Դեկտեմբերի 9-ին, Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներուն Ս. Ծննդեան խրախճանքը։ Այս ձեռնարկին Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով ներկայ գտնուեցան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մանուկեան-Տեմիրճեան, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան, Մերտինեան եւ «Փոքրիկ հրեշտակներ» դպրոցներուն աշակերտութիւնը, տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը՝ թիւով աւելի քան չորս հարիւր հոգի:
Օրուան յայտագիրը սքանչելի կերպով ներկայացուցին ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսանողները, որոնք արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու եւ բարձր գնահատութեան: Հանդիսութեան նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան, Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան եւ Տ. Երեմիա Աբեղայ Աբգարեան:
Սրբազան Հայրը այս ուրախ առիթով աշակերտներուն փոխանցեց իր ոգեւորիչ պատգամն ու խրատները՝ դառնալու համար տիպար եւ պարտաճանաչ ուսանողներ: Գնահատեց տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն ազգանուէր, կրթական-դաստիարակչական ծառայութիւնները եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց: Մեծապէս գնահատեց Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսանողներուն ներկայացուցած վայելուչ եւ հիանալի յայտագիրը: Իսկ Կաղանդ պապուկը իր պարերով եւ խօսքերով զուարճացուց բոլորը:
«Արդարեւ, Քրիստոսի սէրը՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը, պարզ բացատրութեամբ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդով մեր առջեւ բացուած լոյսի ճանապարհն է: Երբ Կը տօնախմբենք Փրկչին Ս. Ծնունդը, ապա այդ կը դառնայ արտայայտութիւնը երախտագէտ սրտի մեր զգացումներուն: Պայման է սակայն, որ ան արդիւնաւորուի Քրիստոսի Ս. Ծնունդով՝ իր նոր ծնունդը ապրող մեր կեանքին: Որովհետեւ Յիսուսի Ծնունդը Աստուծոյ այցն է մարդկութեան, որպէս արտացոլումը իր աստուածային անսահման սիրոյն, մարդը առաջնորդելու համար դէպի երկնայինը», ըսաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Յայտագրի աւարտին հանդիսականները միասնաբար նախաճաշեցին, որուն հովանաւորութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնած էր Տէր եւ Տիկին Վահէ Կարապետեան ամոլը: Ապա գոհունակ սրտով բաժնուեցան Առաջնորդարանէն: