ՓՈՒԹԻՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Ե­րէկ, Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի տա­րե­կան մամ­լոյ ա­սու­լի­սը, որ տե­ւեց շուրջ չորս ժամ։ Այս առ­թիւ ան մեկ­նա­բա­նեց բազ­մա­թիւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք հրա­տապ կը հա­մա­րուին մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ընտ­րեալ նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ ա­ռա­ջին իսկ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Խօ­սե­լով իր երկ­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ Եւ­րո­միու­թեան հետ՝ ան յայտ­նեց, որ Մոս­կուա կը զգայ ան­կախ եւ ու­ժեղ Եւ­րո­պա­յի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ռուս ղե­կա­վա­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Իր հա­մոզ­մամբ, Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լո­վի սպա­նու­թեան ե­տին կան այն ու­ժե­րը, ո­րոնք կը ձգտին խան­գա­րել կող­մե­րու մեր­ձե­ցու­մը։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Վլա­տի­միր Փու­թին պա­տաս­խա­նեց 62 հարց­մա­ն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016