ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները երէկ հիւրընկալուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ինչպէս ամէն տարեմուտին, այս տարի եւս նախագահական ապարանքին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ մամլոյ սպասաւորներու։ Աւանդական, անմիջական ձեւաչափով հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան մասնակիցներու անձին մէջ շնորհաւորեց երկրի բոլոր լրագրողները, զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատակիցներն ու անոնց ընտանիքները։ Ան յիշեցուց, թէ իր աւարտին կը հասնի խորհրդանշական տարի մը, որովհետեւ 2016-ին նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանը։
Իր խօսքին մէջ Սարգսեան ընդգծեց, որ անցեալ տարուան իրադարձութիւններու շարքին կ՚առանձնանան երկու հատը։ Առաջնիը՝ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմն էր։ Երկրորդը Յուլիսի դէմքերն էին՝ երբ զինեալներ յարձակեցան ոստիկանական կեդրոնի մը վրայ ու առին պատանդներ։
Սարգսեանի խօսքերով, Հայաստանի մէջ կայ ազգային համաձայնութիւն, թէ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները անընդունելի են։