ԷԼ ՊԱՊ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը հա­սաւ բախ­տո­րոշ փու­լի մը։ Ըստ վեր­ջին տուեալ­նե­րուն, ամ­բող­ջու­թեամբ պա­շա­րուե­ցաւ Էլ Պապ քա­ղա­քը, ո­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը չա­փա­զանց մեծ է Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) տե­սան­կիւ­նէն։

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հեր­թա­կան լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ։ Փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն կցուած էին նաեւ տե­սա­նիւ­թեր։ Այս­պէս, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը սաս­տիկ ծանր հա­րուած­ներ կը հասց­նեն Ի­ՇԻՊ-ին։ Թէ՛ ցա­մա­քէն եւ թէ օ­դէն կը կա­տա­րուին սաս­տիկ ռմբա­կո­ծում­ներ։ Ե­րէկ Ի­ՇԻՊ-ի հրա­մա­նա­տա­րա­կան շէն­քը ոչնչա­ցուե­ցաւ բա­նա­կին կող­մէ։ 18 ա­հա­բե­կիչ չէ­զո­քա­ցուե­ցաւ եւ ա­նոնց շար­քին կը գտնուին Ի­ՇԻՊ-ի բարձ­րաս­տի­ճան պա­րագ­լուխ­ներ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ ե­րէկ հաս­տա­տեց, որ Էլ Պապ քա­ղա­քը պա­շա­րուած է ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ան յի­շե­ցուց, որ Թուր­քիա մէ­կէ ա­ւե­լի ճա­կատ­նե­րու վրայ պայ­քար կը մղէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան նաեւ Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լո­վի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի հե­տաքն­նու­թեան ըն­թաց­քին։

Իր կար­գին, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըքն ալ ե­րէկ դար­ձեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շուր­ջ։

Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յիս ե­րեք թուրք զի­նուոր կը գտնուի Ի­ՇԻՊ-ի ձեռ­քը։ Նա­խա­րա­րը հա­մո­զուած է, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ներ­կա­յիս հա­ւա­սա­րակըշ-ռու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուին ու բո­լո­րը ա­ռա­ւել պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ պէտք է գոր­ծեն՝ որ­պէս­զի Թուր­քիա չիյ­նայ ծու­ղակ­նե­րու մէջ։

Ֆիք­րի Ը­շըք յայտ­նեց նաեւ, որ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը հե­տապն­դէ ե­րեք հիմ­նա­կան նպա­տակ։ Ա­ռա­ջին՝ Ի­ՇԻՊ-ը հե­ռաց­նել Թուր­քիոյ սահ­մա­նի եր­կայն­քէն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նը ընդ­հան­րա­պէս մաք­րա­գոր­ծել ան­կէ։ Երկ­րորդ՝ Սու­րիա­յէն ե­կած ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն հա­մար անվ­տանգ գօ­տի մը ստեղ­ծել ի­րենց երկ­րէն ներս։ Եր­րորդ՝ վերջ տալ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան շա­ռա­ւիղ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ե­րազ­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, այս օ­րե­րուն բո­վան­դակ Թուր­քիա ցաւ ի սիրտ հրա­ժեշտ կու տայ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լով Սու­րիոյ մէջ նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րու­ն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016