Նոր Տա­րին Ու Ս. Ծնուն­դը՝ Ու­րա­խու­թեան Եւ Դրա­կան Մթնո­լոր­տի Աղ­բիւր

Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր տա­րուան տօ­նե­րուն ա­ռիթ­նե­րով տե­ղի կ՚ու­նե­նան զա­նա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը դրսե­ւո­րուին ա­րուես­տի զա­նա­զան ձե­ւե­րով: Այս է­ջով  ա­խոր­ժա­բեր­նե­րու նման պա­տա­ռիկ­ներ կը հրամց­նենք ձե­զի՝ տօ­նե­րուն առըն­չուած ա­րուես­տի ո­ճով ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն:

ՏՕ­ՆԵ­ՐԸ՝ ԺԱ­ՊԱ­ՒԷՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԸՆԴ­ՄԷ­ՋԷՆ

Ըստ «Ռո­թըն Թո­մէյ­թոզ» ա­նու­նով ժա­պա­ւէն­նե­րու կայ­քին, մին­չեւ օրս Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ ցու­ցադ­րուած մի­ջազ­գա­յին դա­սա­կան լա­ւա­գոյն հինգ ժա­պա­ւէն­ներն են.

5- Սթա­լակ 17 (Stalag 17) - 1953

Այս ժա­պա­ւէ­նը, կայ­քին գնա­հա­տան­քի չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­ձայն, ստա­ցած է 101.5 կէտ:  Նիւ­թը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 1944 թուա­կա­նին Կա­ղան­դի գի­շե­րը եւ կը վե­րա­բե­րի Սթա­լակ 17-ի ա­մե­րի­կա­ցի գե­րի­նե­րուն, ո­րոնք կա­լա­նա­ւո­րուած են գեր­մա­նա­ցի­նե­րու կող­մէ, եւ ո­րոնք ի զուր կը փոր­ձեն փա­խուստ տալ կա­լան­քէն: Այս ըն­թաց­քին խում­բին մէջ կը սկսի կաս­կա­ծամ­տու­թիւն մը ծնիլ այն մա­սին, թէ լրտես մը կայ ի­րենց մէջ: Նիւ­թը կը զար­գա­նայ լրտե­սը գտնե­լու ըն­թաց­քով:

4- Ան­կիւ­նի խա­նու­թը (The Shop around the Corner) - 1940

Այս ժա­պա­ւէ­նը ստա­ցած է 103.2 կէտ: Ժա­պա­ւէ­նին մէջ հե­տաքրք­րա­կան շրջա­դարձ մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, երբ խա­ղա­լի­քի խա­նու­թի եր­կու գոր­ծա­ւոր­ներ՝ Ալֆ­րետ Քրա­լիք (Ճէյմզ Սթիուըրտ) եւ Քլա­րա Նո­վաք (Մար­կա­րէթ Սու­լը­վըն), ո­րոնք զի­րար չեն հան­դուր­ժեր, եւ ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր սի­րա­հա­րը, ո­րուն հետ միայն նա­մա­կով կը խօ­սի, կ՚ի­մա­նան, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ի­րա­րու հետ կը նա­մակ­ցին:

3- Ար­ձա­կուր­դի պան­դոկ (Holiday Inn) - 1942

Այս ժա­պա­ւէ­նը  ստա­ցած է 103.3 կէտ: Սի­րոյ պատ­մու­թիւն մըն է այս ե­րաժշ­տա­կան ժա­պա­ւէ­նը: Նիւ­թը կը վե­րա­բե­րի եր­գիչ ե­ռեա­կի մը, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը՝ Ճիմ (Պինկ Կրոզ­պի) եւ Լի­լա (Վըր­ժի­նիա Տէյլ), կ՚ո­րո­շեն հրա­ժա­րիլ խում­բէն եւ սկսիլ պան­դո­կի ծրա­գի­րի մը: Լի­լա­յին՝ այլ ե­րի­տա­սար­դի մը սի­րա­հա­րու­թեան խոս­տո­վա­նու­թե­նէն ետք, ա­նոնք կը բաժ­նուին: Տխուր Ճի­մը պան­դո­կը կը վե­րա­ծէ միայն ար­ձա­կուր­դի ա­ռիթ­նե­րով աշ­խա­տող պան­դո­կի մը, ան­կէ ետք կը սկսին սի­րոյ ա­րա­կա­ծախնդ­րա­կան բարդ պատ­մու­թիւն­նե­րը:

2- Հրաշք մը 34-րդ փո­ղո­ցին վրայ (Miracle on 34th Street) - 1947

Այս ժա­պա­ւէ­նը կայ­քին չա­փա­նիշ­նե­րով ստա­ցած է 103.7 կէտ: Քրիս Քրին­կըլ (Էտ­մոնտ Կուէն) իս­կա­պէս Կա­ղանդ պա­պու­կի կը նմա­նի: Երբ ան կը փո­խա­րի­նէ «Մէյ­սի» խա­նու­թին տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հա­մար գոր­ծի կան­չուած Կա­ղանդ պա­պու­կը, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը սկսին այլ ձեւ ստա­նալ, շնոր­հիւ Քրին­կը­լին այն հա­մո­զու­մին, թէ ինք իս­կա­կան Կա­ղանդ պա­պուկն է: Ժա­պա­ւէ­նին մէջ կ՚ար­ծար­ծուին նաեւ հո­գե­բա­նա­կան եւ ըն­կե­րա­յին այլ հար­ցեր:

1- Հրա­շա­լի կեանք մըն է (It’s a Wonderful Life) - 1946

Այս ժա­պա­ւէ­նը ստա­ցած է 104.5 կէտ: Ժա­պա­ւէ­նը կը խօ­սի Ս. Ծննդեան գի­շե­րը նիւ­թա­կան եւ հո­գե­կան ճնշում­նե­րու տակ մնա­ցած Ճորճ Պէյ­լիին (Ճէյմզ Սթիուըրտ) յու­սա­հա­տու­թեան մա­սին: Ժա­պա­ւէ­նին մէջ Պէյ­լիին օգ­նու­թեան կը հաս­նի պա­հա­պան հրեշ­տակ մը, որ­պէս­զի հա­մո­զէ զինք՝ հրա­ժա­րե­լու անձ­նաս­պան ըլ­լա­լէ: Այս ըն­թաց­քին, հրեշ­տա­կը հե­րո­սին ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէ՛ս կրնար ըլ­լալ կեան­քը ա­ռանց Պէյ­լիին գո­յու­թեան: Այս փոր­ձա­ռու­թեան ըն­թաց­քին Պէյ­լին կը հասկ­նայ, թէ կեան­քը հրա­շա­լի է:

ՏՕ­ՆԵ­ՐԸ ԵՐ­ԳԵ­ՐՈՒ ԸՆԴ­ՄԷ­ՋԷՆ

Ըստ «Թէ­լէկ­րաֆ» կայ­քին, մին­չեւ օրս Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան լա­ւա­գոյն հինգ եր­գե­րը կը հան­դի­սա­նան.

5- Սթի­վի Ո­ւոն­տը­րի (Stevie Wonder)

«Ինչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Ս. Ծնուն­դը ին­ծի հա­մար» եր­գը (What Christmas Means to Me):

17 տա­րե­կան հա­սա­կին ան ձայ­նագ­րած է այս եր­գը,  որ ու­նի եր­գի­չին մշա­կու­թա­յին եւ ա­րուես­տի մատ­նա­հետ­քե­րը:

4- Սէ­վը­նըգ­լոք Նիու­զի (7 O’clock News) «Լուռ գի­շեր»ը (Silent Night)

Քա­ղա­քա­կա­նա­ցած Ս. Ծննդեան երգ մըն է: Եր­գը թէեւ լուռ գի­շե­րի մա­սին կը խօ­սի, սա­կայն ձայ­նագ­րու­թեան մէջ ցած ձայ­նով կը լսուի ձայն մը, ուր կը կար­դա­ցուին ձայ­նագ­րու­թեան օ­րուան լու­րե­րը, ինչ­պէս՝ Վիեթ­նա­մի պա­տե­րազ­մին դէմ տե­ղի ու­նե­ցած բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն մա­սին, հա­սա­րա­կաց ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մար տե­ղի ու­նե­ցած ար­շաւ­նե­րու լու­րը եւ այլն:

3- Տը Քրիս­թըլ­զի (The Crystals)

«Կա­ղանդ պա­պու­կը շրջան կը ժա­մա­նէ» (Santa Clau­se is Coming to Town) եր­գը:

Հե­տաքրք­րա­կան են այս եր­գին մէջ ե­ղող  ծնո­ղա­կան ցուց­մունք­նե­րը, ինչ­պէս, երբ բա­ռե­րը կ՚ը­սեն, թէ Կա­ղանդ պա­պու­կը գի­տէ երբ բա­րի ես (փոք­րի­կին ուղ­ղուած խօսք) եւ երբ չա­րու­թիւն ը­րած ես:

2- Է­մի Տը Կրէյթ եւ Թիմ Ո­ւի­լը­րի (Emmy the Great and Tim Wheeler) «Ս. Ծննդեան օր» (Christmas Day):

Այս ձայ­նագ­րու­թիւ­նը Է­մի Տը Կրէյ­թի եւ իր ըն­կե­րոջ՝ Թիմ Ո­ւի­լը­րի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնք է:

1- Ի­րէյժ­րի (Erasure) «Սի­րոյ զան­գակ­ներ»ը (Bells of Love)

Եր­գը կը խօ­սի սի­րոյ անկ­րօն ըլ­լա­լուն մա­սին եւ կը հա­մա­րուի Ս. Ծնուն­դին աշ­խար­հա­կան դի­տան­կիւ­նէն նա­յող երգ մը:

ՏՕ­ՆԵ­ՐԸ ԵՒ ՆՈՒԷՐ­ՆԵ­ՐԸ ԾՐԱ­ՐԵ­ԼՈՒ Ա­ՐՈՒԵՍ­ՏԸ

Ան­կա­րե­լի է, որ Ս. Ծննդեան եւ Կա­ղան­դին տօ­նե­րը նշենք ա­ռանց նուէր­ներ փո­խա­նա­կե­լու: Նուէր­նե­րուն պա­րու­նա­կու­թեան չափ ալ բծախնդ­րու­թեամբ պէտք է նա­յիլ ա­նոնց ծրա­րու­մին: Կը ներ­կա­յաց­նենք ծրար­ման հինգ օ­րի­նակ­ներ, զորս կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել գե­ղեց­կաց­նե­լու հա­մար մեր նուէր­նե­րը: Բայց այս ծրար­ման ա­մենէն կա­րե­ւոր կէ­տը այն է, որ բո­լոր ծրա­րում­նե­րը կը կա­տա­րուին կեն­սո­լոր­տին բա­րե­կամ ձե­ւով (է­քօ ֆրենտ­լի):

- Փոքր չա­փի նուէր­նե­րը ծրա­րե­լու հա­մար կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել ան­գոր­ծա­ծե­լի գիր­քէ մը է­ջեր, իսկ մեծ չա­փի նուէր­նե­րը կա­րե­լի է ծրա­րել թեր­թե­րու թուղ­թե­րով: Ծրա­րը կա­րե­լի է ժա­պա­ւէ­նով մըն ալ ամ­րաց­նել:

- Երբ միա­գոյն է մեր նուէ­րին ծրա­րը, պի­տա­կի փո­խա­րէն կա­րե­լի է թեր­թե­րով գրել նուէ­րին տի­րոջ ա­նու­նը եւ փակց­նել ծրա­րին վրայ:

- Նուէ­րը կա­րե­լի է դնել գոր­ծա­ծուած թուղ­թէ տոպ­րա­կի մը մէջ, ա­պա ար­տաք­նո­ցի թաշ­կի­նա­կի խա­ւա­քար­տով, հին պար­բե­րա­թեր­թի է­ջե­րով, ժա­պա­ւէ­նով զար­դա­րել ծրա­րը:

- Վե­րոն­շեալ ծրար­նե­րը կա­րե­լի է զար­դա­րել նաեւ գծագ­րուած այլ թուղ­թե­րով, դար­ձեալ ա­նոնց տա­լով գե­ղե­ցիկ տես­քեր:

- Զար­դա­րան­քի այլ ձեւ մըն ալ բնու­թեան տուած բար­քե­րը օգ­տա­գոր­ծելն է, օ­րի­նակ շո­ճիի պտու­ղը, ոս­տը, շիւ­ղե­րը, չոր ծա­ղիկ­ներ եւ այլն:

ՏՕ­ՆԵ­ՐԸ ԵՒ ՔԱ­ՂԱ­ՔԻՆ ԶԱՐ­ԴԱ­ՐԱՆՔ­ՆԵ­ՐԸ

Բնա­կա­նա­բար քա­ղաք­նե­րուն զար­դա­րանք­ներն ալ մաս կը կազ­մեն Ս. Ծննդեան եւ Կա­ղան­դին տօ­նե­րուն: Պտոյտ մը ը­նենք Լի­բա­նա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րը եւ տես­նենք ա­նոնց զար­դա­րանք­նե­րը:

ՏՕ­ՆԵ­ՐԸ ԵՒ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­ՔԸ

Հայ­րե­նի­քին մէջ Կա­ղանդն ու Ս. Ծնուն­դը տար­բեր փոր­ձա­ռու­թիւն մը կը ձգեն մեր վրայ: Բա­ցի ան­կէ, որ հայ­րե­նի­քը ար­դէն իսկ ու­նի իր բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը, զա­նա­զան քա­ղաք­ներ ձմրան ցուր­տին մէ­ջէն կը շո­ղան ի­րենց զար­դա­րանք­նե­րով: Ե­կէք պտոյտ մըն ալ կա­տա­րենք Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Ե­րե­ւա­նի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ տօ­նա­վա­ճառ: Սա­ռէ կա­ռոյց­ներ եւ սա­հա­դաշ­տեր կը գտնուին զա­նա­զան այ­գի­նե­րու մէջ: Սա­հա­դաշ­տեր կը գտնուին «Կա­րա­պի լիճ», «Ռոդ­նի­նա», «Կարէն Տե­միր­ճեան» մար­զա­հա­մա­լի­րին մէջ: Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին մէջ «կը կա­ռու­ցուի» ա­մա­նո­րի հե­քիա­թա­յին քա­ղաք, ուր կը գտնուի Կա­ղանդ պա­պու­կին տնա­կը: Զուար­ճա­լի տօ­նա­կան ծրա­գիր­ներ կը կա-­տա­րուին քա­ղա­քին զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րը, ինչ­պէս՝ Դեկ­տեմ­բեր 23-ին, Պետ­րո­սեան-Փի­րու­մեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին, Դա­ւիթ Ան­յաղթ պու­րա­կին, Անդ­րէա­սեան ա­նուան ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցին մէջ: Դեկ­տեմ­բեր 25-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ կը կա­տար-ուի Կա­ղանդ պա­պու­կի մա­րա­թոն վազք: Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան նաեւ հա­մերգ­ներ:

Պատ­րաս­տեց՝

Ա­ՐԱԶ ԳՈ­ՃԱ­ՅԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016