ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­լէ­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րը նոր օ­րա­կար­գե­րու դուռ պի­տի բա­նան: Հի­մա հիմ­նա­կան նիւ­թը Հա­լէ­պէն հե­ռա­նալ ու­զող­նե­րուն օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լը չէ, այլ հա­լէ­պա­հա­յե­րու «տու­ն» վե­րա­դար­ձը:

Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րար Հրանոյշ Յա­կո­բեան օ­րեր ա­ռաջ ներ­կայ ե­ղաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ հեր­թա­կան ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցող սու­րիա­հա­յե­րու կազ­մա­կեր­պած ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մին:

Հոն էր նաեւ, որ Յա­կո­բեան լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­լով Հա­լէպ վե­րա­դառ­նա­լու նիւ­թին անդ­րա­դար­ձաւ: Ան ը­սաւ, որ սու­րիա­հայ ամ­բողջ հա­մայն­քը ան­համ­բե­րու­թեամբ եւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը սպա­սէ Հա­լէ­պի ա­զա­տագր­ման լու­րին:

Նա­խա­րա­րը կար­ծիք յայտ­նեց նաեւ, որ մեծ թի­ւով սու­րիա­հա­յեր կրնան Սու­րիա վե­րա­դառ­նալ՝ տէր կանգ­նե­լու հա­մար իր ու­նե­ցուած­քին, իսկ ո­մանք ալ հայ­րե­նի­քի մէջ պի­տի մնան եւ կա­մուրջ պի­տի հան­դի­սա­նան Հա­յաս­տա­նի եւ Սու­րիոյ մի­ջեւ: «Մենք կը շա­րու­նա­կենք օգ­նել սու­րիա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն թէ՛ Սու­րիոյ եւ թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ա­նոնք շատ կա­րիք­ներ ու­նին եւ պարզ է, որ ա­նոնք ամ­բող­ջու­թեամբ չեն կրնար բա­ւա­րա­րուի­լ», ը­սաւ նա­խա­րա­րը՝ նշե­լով, որ սու­րիա­հա­յե­րը Սու­րիոյ մէջ կա­յա­ցած մար­դիկ էին, կ՚ապ­րէին բա­ւա­կան լաւ պայ­ման­նե­րու մէջ: «Ա­նոնք այս­տեղ ա­մէն ին­չի կը սկսին զե­րո­յէն: Մէ­կուն չի գո­հաց­ներ իր աշ­խա­տան­քը, մէ­կը չի կրնար յար­մա­րիլ մի­ջա­վայ­րին: Այ­սօր Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ ապ­րող սու­րիա­հա­յը ան­գամ դժգոհ է: Կրնաք պատ­կե­րաց­նե՞լ, ե­թէ ան այ­սօր Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ կը բնա­կի, ե­րէկ Սու­րիոյ մէջ ինչ պայ­ման­ներ ու­նէ­ր», եզ­րա­կա­ցու­ցած էր ան:

Նա­խա­րա­րու­հին ճիշդ էր: Այ­ո՛, Ե­րե­ւան ապ­րող հա­լէ­պա­հա­յե­րու կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սը դժգոհ է Հա­յաս­տա­նի մէջ իր վա­րած կեան­քէն:

Այդ դժգո­հու­թիւ­նը չ՚ա­ռըն­չուիր Հա­յաս­տա­նը սի­րե­լու կամ չսի­րե­լու խնդրին հետ, ո­րո­վհե­տեւ այս­տեղ հարցը տար­բեր նրբու­թիւն­ներ եւ ե­րանգ­ներ ու­նի:

Նախ այն, որ պա­տե­րազ­մի բո­վէն դուրս ե­լած եւ փա­խուս­տի ճա­նա­պար­հով Հա­յաս­տան հա­սած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ի­րենց ա­զատ կամ­քով չէր, որ ընտ­րե­ցին Ե­րե­ւան հաս­տա­տուիլ:

Պա­տե­րազմն էր, որ տակ­նուվ­րայ ը­րաւ ա­մէն բան ու ցայ­սօր ալ Հա­լէ­պէն դուրս գտնուող մեծ թի­ւով սու­րիա­հա­յե­րու աչ­քե­րը ուղ­ղուած են դէ­պի ի­րենց ծննդա­վայ­րը:

Տար­բեր պատ­ճառ­նե­րու կող­քին բնա­կա­նա­բար կայ կա­րե­ւոր կէտ մը, որ կը վե­րա­բե­րի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու Հա­լէ­պի կամ առ­հա­սա­րակ Սու­րիոյ մէջ ու­նե­ցած կա­լուած­նե­րուն, շէն­քե­րուն, տու­նե­րուն, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րուն եւ պատս­պա­րան­նե­րուն: Տա­կա­ւին չեմ խօ­սիր ազ­գա­յին այն կա­ռոյց­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք հա­լէպ­ցի­նե­րուն հա­մար «սրբու­թիւն սրբո­ց» են:

Օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար խօ­սինք Հա­լէ­պի Ս. Գէորգ ե­կե­ղե­ցիին մա­սին, որ անց­նող գրե­թէ հինգ տա­րի­նե­րուն յայտ­նուած էր ա­հա­բե­կիչ զի­նեալ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ:

Օ­րեր ա­ռաջ այդ ե­կե­ղե­ցիի շրջա­նը ան­ցաւ Սու­րիոյ պե­տա­կան բա­նա­կի տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Տաս­նեակ հա­յոր­դի­նե­ր յա­ջո­ղե­ցան բա­ւա­կան վտան­գա­ւոր ճամ­բա­ներ հա­տե­լով հաս­նիլ այդ ե­կե­ղե­ցիի շրջա­նը:

Ս. Գէոր­գը այ­սօր ան­ցեա­լի Ս. Գէոր­գը չէ, ան նաեւ ա­կա­նա­տես ե­ղած է Սու­րիոյ ար­հա­ւիր­քի ա­մե­նէն ծանր օ­րագ­րու­թեան եւ պա­տու­հա­ս­­նե­րուն:

Այդ­պէ­սով է նաեւ, որ Ս. Գէոր­գ, Սըր-բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ նոյ­նիսկ «Շէյխ Մագ­սու­տ» շրջա­նի Հա­լէ­պի ազ­գա­յին գե­րե­զ­մա­նա­տու­նը դար­ձան իս­կա­կան սրբա­տե­ղի­ներ ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար, ո­րուն աչ­քե­րուն առ­ջեւ օ­տար ու­ժեր եւ կաս­կա­ծե­լի ծրա­գիր­նե­րով շար­ժող միա­ւոր­ներ փոր­ձե­ցին բզիկ-բզիկ ը­նել ի­րենց քա­ղաքն ու ար­մա­տա­խիլ ը­նել զի­րենք Սու­րիոյ «փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու դրախ­տ» Հա­լէ­պէն: Վե­րա­դառ­նա­լով Հա­լէպ դար­ձի նիւ­թին՝ պէտք է նշել, որ այս ա­ռու­մով քիչ չեն այն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց խա­ղա­ղու­թեան ա­ռա­ջին նշոյ­լի ե­րեւ­ման պա­րա­գա­յին շատ մը հա­լէ­պա­հա­յեր Սու­րիա պի­տի վե­րա­դառ­նան:

Կար­ծիք­ներ Հա­լէ­պի դե­րին եւ ... վե­րա­դար­ձի մա­սին

Այս մա­սին հե­տաքրք­րա­կան վկա­յու­թիւն մը տուած է հա­լէ­պա­հայ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Ար­թօ Ա­ռա­քե­լեան: Ա­ն, որ խօ­սած է «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջին, ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Հա­յաս­տան գտնուող հա­լէ­պա­հա­յե­րը ո­գե­ւո­րուած են: Ա­նոնց­մէ շա­տե­րը ար­դէն քա­նի մը օ­րուան ըն­թաց­քին կը վե­րա­դառ­նան Հա­լէպ, իւ­րա­քան­չիւ­րը մեկ­նած իր հա­մո­զու­մէ­ն»: Ա­ռա­քե­լեան դի­տել տուած է, թէ ի­րա­վի­ճա­կը բա­րե­լաւ­ման ըն­թաց­քի մէջ է, մա­նա­ւանդ սու­րիա­կան բա­նա­կի կող­մէ կարգ մը շրջան­նե­րու ա­զա­տագ­րու­մէն ետք, ո­րուն հե­տե­ւան­քով դադ­րած է հրթիռ­նե­րու տա­րա­փը հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն վրայ:

Ան յայտ­նած է նաեւ, որ «Պոս­թան Փա­շա»ի մէջ կա­լուած­ներ ու­նե­ցող­նե­րուն յայ­տա­րա­րուած է սե­փա­կա­նու­թեան փաս­տա­թուղ­թեր ներ­կա­յաց­նել։ Հա­կա­ռակ ա­նոր որ, ա­պա­հո­վա­կան ա­ռու­մով, տա­կա­ւին Վար­դա­նանց դպրո­ցէն ան­դին մօ­տե­նա­լը ար­գի­լուած է, մին­-չեւ շրջա­նը ամ­բող­ջո­վին մաք­րուի ռում­բե­րէն, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ բա­նա­կը եւ թէ ժո­ղո­վուր­դը կրնան վտան­գի հան­դի­պիլ:

Ե­րե­ւան հաս­տա­տուած Ա­ռա­քե­լեան լա­ւա­տե­սու­թեամբ նշեց, որ մին­չեւ Նոր տա­րի կա­րե­լի է բա­ւա­կան դրա­կան նո­րու­թիւն­ներ ակն­կա­լել: «Ե­թէ օ­դա­կա­յա­նը բա­ցուի, շա­տեր կը վե­րա­դառ­նան: Թի­ւե­րու մա­սին խօ­սի­լը տա­կա­ւին շատ կա­նուխ է: Ա­նոնք, ո­րոնք տուն ու­նին, կրնան վե­րա­դառ­նալ Հա­լէպ, ուր Հա­յաս­տա­նի ծանր ձմե­ռէն խու­սա­փած կ՚ըլ­լան ձե­ւով մը: Հա­լէպ ա­մէն ինչ ալ կայ՝ վա­ռե­լա­նիւթ, ջուր, իսկ հո­սան­քին հարցն ալ ե­լեկտ­րա­ծին շար­ժիչ­նե­րով ար­դէն լու­ծուած է: Հա­լէպ ներ­կա­յիս հան­դարտ է, սա­կայն չորս-հինգ տա­րի եւս պէտք է, որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ մաք­րուի: Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րէն դուրս ե­կող գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին, ան նշած է. «Պէտք է յստակ գիտ­նալ, թէ ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րէն դուրս ե­կող մար­դիկ ո­րո՞նք են, որ­քա­նո՞վ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ են: Ե­կող կի­նե­րուն ա­մու­սին­նե­րը կըր-նա՞ն ի­րենց միա­նալ կամ զի­նեալ­նե­րուն կող­քին պա­տե­րազ­մող­ներ ե­ն»։ Նման մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց ան,  ա­ւելց­նե­լով, որ բա­ցար­ձա­կա­պէս մեր­ժե­լի է այդ գաղ­թա­կան­նե­րուն, հա­յե­րուն լքուած տու­նե­րուն մէջ ա­պաս­տան տա­լու գա­ղա­փա­րը: «Այդ­պի­սի բան չկայ: Մեր շրջան­նե­րուն ո՛չ մէ­կը կրնայ մօ­տե­նալ, ո՛չ ալ մէ­կուն դու­ռը կոտ­րել եւ տի­րա­նալ տու­նի­ն», ը­սաւ ան ու շեշ­տեց, թէ հայ­կա­կան շրջան­նե­րը ա­ւե­լի ա­պա­հով պի­տի ըլ­լան:

Ա­ռա­քե­լեա­նի կար­ծի­քով, երբ խա­ղա­ղու­թիւ­նը մշտա­կան ըլ­լայ, ո՛չ միայն Ե­րե­ւա­նէն, այ­լեւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն ներս, իբր գաղ­թա­կան­ներ «չըն­դու­նուա­ծ» հա­լէ­պա­հա­յեր, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան անձ­նա­գիր ու­նին, կրնան ի­րենց տու­նե­րը վե­րա­դառ­նալ:

Ա­ռա­քե­լեան իր խօս­քը ուղ­ղե­լով Ե­րե­ւան ապ­րող հա­լէ­պա­հա­յե­րուն՝ յոր­դո­րած է համ­բե­րող ըլ­լալ, Հա­յաս­տա­նը ձգե­լով օ­տար եր­կիր­ներ չեր­թալ, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նը ա­մե­նա­մօտն է Սու­րիոյ եւ ե­թէ դուրս ել­լեն, դժուար պի­տի ըլ­լայ վե­րա­դար­ձը: «Հա­յաս­տա­նի մէջ գո­նէ լե­զուի խնդիր չու­նին: Տա­րեց մար­դիկ ի­րենց մնա­ցած կեան­քը լե­զու սոր­վե­լով պի­տի չան­ցը­նեն: Հա­յաս­տան մնա­լէ ետք, Հա­լէպ վե­րա­դառ­նա­լու ո­րո­շու­մը ի­րենց կը մնա­յ», ը­սած է ան ու եզ­րա­փա­կած. «Գա­նա­տա եւ Եւ­րո­պա դրախտ չեն, շա­տե­ր դժ­գոհ են ու զղջա­ցած, բայց կ՚ամչ­նան ու կը մնան այն­տեղ: Շա­տեր կը մտա­ծեն քա­նի մը տա­րի հոն մնալ, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­նալ, որ­պէս­զի ետ­քը թո­շա­կի տէր դառ­նա­ն»:

Ա­ռա­քե­լեա­նի դի­տար­կում­նե­րը տե­ղին են ու կա­րե­ւոր: Ան ճիշդ կը հա­մա­րէ, որ հա­լէ­պա­հա­յե­րը Ե­րե­ւան հաս­տա­տուին։ Ա­նոնք, ո­րոնք կա­լուած­ներ եւ ան­շարժ գոյք ու­նին Հա­լէ­պի մէջ, ա­նոնց հա­մար շատ հեշտ պի­տի ըլ­լայ ա­րա­գօ­րէն Հա­լէպ եր­թալն ու տեղ­ւոյն վրայ կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լը: Ան կը քննա­դա­տէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն հե­ռա­նա­լու ե­րե­ւոյ­թը։ Այդ մէ­կը եր­կա­կի կո­րուստ հա­մա­րե­լով հա­յու­թեան հա­մար:

Ճիշդ է, որ գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը դէ­պի Գա­նա­տա կամ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ գաղ­թե­լու ե­րե­ւոյ­թը չեն քննա­դա­տեր, հա­շուի առ­նե­լով զա­նա­զան են­թա­կա­յա­կան եւ ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ, սա­կայն յստակ է, որ ա­նոնք կը գի­տակ­ցին, թէ Գա­նա­տա­յի կամ Շուէ­տի ա­փե­րը հաս­նող ի­րենց հայ­րե­նա­կից­նե­րը «Ղով­տի կնո­ջ» պէս չեն ու­զեր ի­րենց ե­տին նա­յիլ:

Հոն է նաեւ, որ ձուլ­ման վտան­գը իր ա­մե­նա­կուլ թե­ւե­րը կը բա­նայ եւ հա­յու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մաս­նի­կը՝ սու­րիա­հա­յե­րը դան­դա­ղօ­րէն անձ­նա­տուր կ՚ըլ­լան հո­սան­քին ու սե­րունդ մը կամ եր­կու սե­րունդ ետք կ՚օ­տա­րա­նան: Հի­մա շա­տեր կրնան ա­ռար­կել:

Ար­դեօք եւ­րո­պա­կան ա­փե­րու կամ ա­մե­րիկ­ա­նե­րու մէջ ապ­րող­նե­րը հա­յեր չե՞ն: Ա­յո հայ են: Ա­նու­նով-մա­կա­նու­նով, ա­րիւ­նով ու ար­մատ­նե­րով հա­յեր են, բայց եւ այն­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին մէջ ե­ղող հա­յու­թե­նէն տար­բեր մաս­նիկ­ներ են: Շատ յա­ճախ ան­զօր, շատ յա­ճախ կրա­ւո­րա­կան ու շատ յա­ճախ գոր­ծօն դառ­նա­լու ազ­դա­կէն հե­ռու մաս­նիկ­ներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

շար. 1

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016