ԾԱՆՐԱԾԱՆՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը սաստիկ կորուստներ կը պատճառէ ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք վերջին օրերուն տեղեկացուցած է, որ Էլ Պապի մէջ չէզոքացուած ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներու թիւը գերազանցած է հազարի սահմանը։ Մինչդեռ, ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, ձերբակալեալ ահաբեկիչներու խոստովանութիւնները եւ ԻՇԻՊ-ի անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած անթել խօսակցութիւններու լսումները բոլորովին այլ պատկեր մը կը պարզեն։ Իրականութեան մէջ, բանակը շատ աւելի մեծ կորուստներ պատճառած է ահաբեկչական կազմակերպութեան։
Մինչ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի արդիւնաւէտութեամբ, Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին նոր կուտակումներ կատարեցին Սուրիոյ սահմանին վրայ։ Թէ՛ զինուորներ եւ թէ զինուորական ծանր ինքնաշարժներ առաքուեցան դէպի սահման։ Այս շարքին մէջ կային նաեւ թնդանօթներ։
«Եփրատի վահան» գործողութիւնը ընթացքի մէջ է արդէն 125 օրէ ի վեր։ Ըստ զինուորական աղբիւրներու հաղորդումներուն, անբարենպաստ եղանակին հետեւանքով երէկ ընդհատուեցան օդային ռմբակոծումները։ Բայց եւ այնպէս, թնդանօթներու եւ համազարկային հրթիռներու միջոցաւ հարուածները շարունակուեցան ԻՇԻՊ-ի դիրքերուն դէմ։ Վերջին օրերուն 140 թիրախներ ոչնչացուած են։
Թուրք զինեալ ուժերը ներկայիս գործողութիւնները կը կեդրոնացնեն Էլ Պապ քաղաքին վրայ՝ որպէսզի այդ մէկը ամբողջութեամբ մաքրագործուի ԻՇԻՊ-էն։ Գործողութիւնները յառաջ կը տարուին ազատ Սուրիոյ բանակի միաւորումներուն հետ։