ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդին առթիւ շաբաթավերջին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Անարատ Յղութիւն մատրան մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Աւանդական արարողութիւնները այս տարի եւս հաւատացեալներուն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին արարողութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Պարէտ Կսսրկ. Պալըքճըօղլու։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ քարոզեց արարողութեան ընթացքին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մխիթար երգչախումբին կողմէ՝ Լեռնա Պալօղլուի ղեկավարութեամբ։
Արարողութենէն վերջ փոքրիկներ ներկայացուցին Քրիստոսի Ս. Ծնունդը։ Բաց աստի, Լեռնա Պալօղլուի գլխաւորութեամբ անոնք երգեցին տօնին բնորոշ երգեր։ Մանուկներու խորհրդաւոր կատարումները եկան ամբողջացնել հոգեւոր ապրումները, մինչ անոնք ջերմօրէն գնահատուեցան նաեւ եկեղեցական հայրերուն կողմէ։
Մխիթարեանցի ծնողները պարտէզին մէջ պատրաստած էին նաեւ տաղաւարներ, ուր ամանորեան շրջանի բնորոշ իրեղէններ դրուած էին հաւատացեալներու տրամադրութեան տակ։ Այցելուներու շարքին էին Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ Պատուասիրութեան մթնոլորտին մէջ ներկաները զիրար շնորհաւորեցին եւ այսպէսով արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին։