ՄԵԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Հա­մայն աշ­խարհ ե­րէկ ա­կա­նա­տես ե­ղաւ մեծ ող­բեր­գու­թեան մը։ Ռու­սա­կան օ­դա­նաւ մը ան­կում ու­նե­ցաւ Սո­չիի մօ­տա­կայ­քին՝ սու­զուե­լով Սեւ ծո­վու մէջ մին­չեւ 100 մեթր խո­րու­թիւն։ Իննսուներկու հո­գի զոհ գնաց այս ար­կա­ծին, ո­րու հե­տե­ւան­քով այ­սօր Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ հռչա­կուած է ազ­գա­յին սուգ։

Օ­դա­նա­ւը կը փո­խադ­րէր Կար­միր բա­նա­կի երգ­չա­խում­բը, որ ա­մա­նո­րեան հա­մերգ մը տա­լու հա­մար ճամ­բայ ե­լած էր դէ­պի Սու­րիա։ Կար­միր բա­նա­կի երգ­չա­խում­բը Սու­րիոյ ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս պի­տի ու­նե­նար ե­լոյթ մը։ Մոս­կուա­յէն թռիչք առ­նե­լէ վերջ օ­դա­նա­ւը լից­քա­ւոր­ման հա­մար հան­դի­պե­ցաւ Սո­չի։ Սո­չիի օ­դա­կա­յա­նէն թռիչք առ­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ ան ար­դէն ան­կում ու­նե­ցաւ։

Մինչ աշ­խարհ ցա­ւով կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, փրկա­րար աշ­խա­տանք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցի շուրջ 3500 հո­գի։ Սեւ ծո­վու մէջ ո­րոն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին չորս նաւ, չորս ուղ­ղա­թիռ, օ­դա­նաւ մը եւ եր­կու ա­նօ­դա­չու թռչող սարք։ «Tu-154» տի­պի օ­դա­նա­ւի անկ­ման զու­գա­հեռ Ռու­սաս­տա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րը ձեռ­նար­կած են հե­տաքն­նու­թեան։ Կը հա­ղորդուի, որ այս դէպ­քին ա­հա­բեկ­չու­թեան մը հե­տե­ւան­քով պա­տա­հած ըլ­լա­լը չի հա­մարուիր շատ հա­ւա­նա­կան։ Հիմ­նա­կան վար­կա­ծը այն է, որ թեք­նիկ խան­գա­րու­մի մը հե­տե­ւան­քը ե­ղած է դէպ­քը։ Բայց եւ այն­պէս, չեն բա­ցա­ռուիր նաեւ խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Ար-­կա­ծի  զո­հե­րու շար­քին կը գտնուի ռուս յայտ­նի հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Է­լի­զա­պէթ Կլին­քա, որ ամ­բողջ աշ­խար­հին ծա­նօթ էր իր մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, հա­մայն աշ­խար­հէն ցա­ւակ­ցա­կան­ներ կը հաս­նին Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ցա­ւակ­ցա­կան մը ու­ղար­կեց Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին։ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին վշտակ­ցե­ցաւ իր ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016