Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ Ամանորի առթիւ հիւրընկալեց երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները։ Կառավարութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Կարէն Կարապետեան այս առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը ու մաղթեց, որ տօնական շրջանէն վերջ լրագրողները աշխատանքի վերադառնան ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեամբ։
Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը մշտապէս ուշադրութեան առարկայ դարձնելով լաւագոյնս լուսաբանելու բերումով շարք մը լրագրողեր պարգեւատրուեցան Կարէն Կարապետեանի կողմէ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016