ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, որ սկսաւ յա­պա­ղու­մով ու տե­ւեց 40 վայր­կեան։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը քննար­կե­ցին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սա ա­նոնց եր­րորդ տե­սակ­ցու­թիւնն էր, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն չկա­տա­րուե­ցաւ։

Ծա­նօթ է, որ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն հաս­տա­տել երկ­րէն ներս նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն։ Այս կար­գադ­րու­թեան մէջ նա­խա­-տեսուած են այլ կարգ մը նիւ­թեր. օ­րի­նակ՝ պա­հես­տի ե­րես­փո­խան եւ այլ խնդիր­ներ, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձած էին ե­րես­փո­խան­նե­րու քննա­դա­տու­թեան։ Վար­չա­պետ Եըլ­տը­րըմ յայտ­նած է, որ ա­նի­մաստ է պնդել ան­պա­տեհ նկա­տուած հար­ցե­րու վրայ։ Ուս­տի ան յայտ­նած էր, թէ ՄՀՓ­-ի հետ խորհր­դակ­ցա­բար կա­րե­լի է փո­փո­խու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նել։

Սոյն խնդիր­նե­րը այ­սօր օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս, Սահ­մա­նադ­րու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին ըն­թաց­քին։ Ե­րես­փո­խան­նե­րը պի­տի քննար­կեն վի­ճա­յա­րոյց կէ­տե­րը, ուս­տի Եըլ­տը­րըմ եւ Պահ­չե­լի ե­րէկ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցած են այդ հար­ցե­րուն շուրջ։

Երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակե­ցին նաեւ ահաբեկչու­թեան դէմ պայքարի հար­­ցին շուրջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016