ԸՆԴԳՐԿԵԼ ԻՐԱՆԸ ԵՒՍ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած եր­կու գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու։ Ա­ռա­ջինն էր՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, իսկ երկ­րոր­դը՝ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի նշա­նակ­ման հար­ցը յե­տաձ­գուե­ցաւ մին­չեւ յա­ջորդ Ապ­րի­լին նա­խա­տե­սուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հարկ է նշել, որ ՀԱՊԿ-ի յա­ջորդ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նէն ու եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կա­րե­լի չ՚ըլ­լար յստա­կեց­նել այդ ա­նու­նը։

Նոյն­պէս պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵՏՄ-ի Տնտե­սա­կան բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դի նիս­տին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ ան կա­րե­ւո­րեց Ի­րա­նի եւս ընդգր­կուի­լը՝ ԵՏՄ-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ։ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ Սերժ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւա­նի եւ Թեհ­րա­նի ջան­քե­րով հա­սուն­ցած այն ծրագ­րին, որ կը նա­խա­տե­սէ մի­ջանցք մը ստեղ­ծել Պար­սից ծո­ցի եւ Սեւ ծո­վու մի­ջեւ։

Սերժ Սարգ­սեան Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ը­սաւ. «Մենք կը պատ­կե­րաց­նենք, որ ԵՏՄ պէտք է յա­ռաջ եր­թայ եր­կու ա­ռանց­քա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Ա­ռա­ջի­նը՝ «չորս ա­զա­տու­թիւն­նե­րու» լիար­ժէք ա­զա­տա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին մնա­ցած խո­չըն­դոտ­նե­րու վե­րա­ցումն է եւ ԵՏՄ-էն ներս հա­մարկ­ման զար­գա­ցու­մը։ Երկ­րոր­դը՝ ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին տնտե­սու­թիւն­նե­րու եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ԵՏՄ-ի ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ ներգ­րա­ւու­մը հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռեւտ­րա­յին հա­մա­կար­գին մէջ։ Այս եր­կու ուղ­ղու­թիւն­նե­րը զի­րար կը փոխլ­րաց­նեն։ Ակն­յայտ է, որ ա­ռանց ԵՏՄ-է ներս ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հաս­տատ­ման, պի­տի բար­դա­նայ մեր հա­մարկ­ման միու­թեան մի­ջազ­գա­յին դիր­քա­ւո­րու­մը»։­

Այս հա­մա­տես­քին մէջ Սերժ Սարգ­սեան մաք­սա­յին օ­րէնսգր­քի ըն­դու­նու­մը հա­մա­րեց ծան­րակ­շիռ քայլ մը ԵՏՄ-ի հե­տա­գայ հա­մարկ­ման ճա­նա­պար­հին։ Ար­դա­րեւ, սա կ՚ու­րուագ­ծէ ան­ցու­մը դէ­պի միաս­նա­կան մաք­սա­յին կար­գա­ւո­րում ԵՏՄ-ի ամ­բողջ տա­րած­քէն ներս։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Հայ­կա­կան կող­մին հա­մար ար­դիա­կան է նաեւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ա­ռեւ­տու­րի հա­տուած­նե­րու ա­զա­տա­կա­նաց­ման հար­ցը։ Մենք հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քեր կը գոր­ծադ­րենք պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս «մէկ պա­տու­հան»ի սկզբուն­քը կի­րա­ռե­լու ուղ­ղու­թեամբ, լուրջ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում ու­նինք այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս պե­տա­կա­նի եւ մաս­նա­ւո­րի շի­նիչ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­պա­հով­ման մա­սով։ Պատ­րաստ ենք պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս միաս­նա­կան ե­լեկտ­րո­նիկ հար­թակ հաս­տա­տե­լու»։  Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով, 2017 թուա­կա­նին ա­ռա­ւել կա­րե­ւոր կրնան դառ­նալ փո­խադ­րու­թեան-լո­ժիս­թիք հա­մա­կար­գը, ու­ժա­նիւ­թի, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը, միք­րօէ­լէկտ­րո­նիք նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Հա­յաս­տան պատ­րաստ է աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ այս ուղ­ղու­թեամբ։

Իր ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան ա­ռանձ­նա­պէս ընդգ­ծեց հա­մա­կար­գուած փո­խադ­րու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան ը­սաւ.

«Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ սուր ձե­ւով կանգ­նած է ԵՏՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու հետ ան­խա­փան կա­պի ա­պա­հով­ման հար­ցը։ ԵՏՄ-ի եր­կիր­նե­րու հետ ընդ­հա­նուր սահ­մա­նի բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ մեր ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Վրաս­տա­նի տա­րած­քով՝ Վե­րին Լար­սի ան­ցա­կէ­տով։ Բայց, դժբախ­տա­բար, շարք մը հան­գա­մանք­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած՝ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­ներ, դի­ւա­նա­կա­լա­կան գոր­ծըն­թաց­ներ, տուեալ ան­ցա­կէ­տի աշ­խա­տան­քը պար­բե­րա­բար կը խախ­տուի, ինչ որ վնաս կը հասց­նէ մե­զի։ Այս ա­ռու­մով, կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կու տանք ԵՏՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն պատ­կա­նող փո­խադ­րու­թեան մի­ջոց­նե­րու հա­մար ա­ռան­ձին ան­ցու­ղիի ստեղծ­ման, ինչ որ նշա­նա­կա­լիօ­րէն պի­տի թե­թեւց­նէ բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Սա մեր եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­րար հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն պի­տի տայ ԵՏՄ-ի գոր­ծառ­նու­թեան օգ­տա­կա­րու­թեան իս­կա­կան զգա­ցում։ Հա­մա­կար­գուած փո­խադ­րու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով կը փա­փա­քիմ նշել, որ ինչ­պէս ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող, այն­պէս ալ նոր ստեղ­ծուող փո­խադ­րու­թեան մի­ջանցք­նե­րու եւ եր­թու­ղի­նե­րու ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը նախ եւ ա­ռաջ պէտք է տրուի ա­նոնց, ո­րոնք կ՚անց­նին ԵՏՄ-ի եր­կիր­նե­րով, իսկ ա­նոնց ցան­կը պէտք է ձե­ւա­ւո­րուի պե­տու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հի­ման վրայ։ Եր­թու­ղի­նե­րը պէտք է նպաս­տեն ԵՏՄ-ի եր­կիր­նե­րու ա­ռա­ւել ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան տա­րածքաշրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին մի­ջանցք­նե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րուն»։­

Ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, սա ան­կաս­կած պի­տի ընդ­լայ­նէ մի­ջազ­գա­յին ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու պի­տի բարձ­րաց­նէ ԵՏՄ-ի դե­րը մի­ջազ­գա­յին հար­թա­կի վրայ։

Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ա­ռան­ձին անդ­րա­դար­ձաւ Ի­րա­նի եւ ԵՏՄ-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցին։ Ան ը­սաւ. «Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Ռու­հա­նիի՝ վեր­ջերս Հա­յաս­տան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցի ըն­թաց­քին մենք հան­գա­մա­նօ­րէն քննար­կե­ցինք ԵՏՄ-ի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման հե­ռանկար­նե­րը, նե­րա­ռեալ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի գօ­տիի ստեղծ­ման հար­ցը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ներ­կա­յա­ցուե­ցան փոխ­շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այն լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը բա­ցուին մեր եր­կիր­նե­րուն եւ Ի­րա­նի առ­ջեւ։ Ի­րա­նի նա­խա­գա­հը հե­տաքրք­րու­թիւն յայտ­նեց ԵՏՄ-ի հետ ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­մա­ձայ­նագ­րի կնքման վե­րա­բե­րեալ, ինչ որ պի­տի ա­պա­հո­վէ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի գօ­տիի ձե­ւա­ւո­րու­մը։ Հա­յաս­տան աշ­խու­ժօ­րէն կ՚ա­ջակ­ցի ԵՏՄ-ի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ հաս­նիլ տուեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման։ Միա­ժա­մա­նակ մենք քննար­կե­ցինք Պար­սից ծոց-Սեւ ծով մի­ջազ­գա­յին փո­խադ­րու­թեան եւ տա­րան­ցիկ մի­ջանց­քի ստեղծ­ման ծրագ­րե­րը։ Հա­յաս­տան ԵՏՄ-ի այն միակ ան­դամն է, որ ցա­մա­քա­յին սահ­ման ու­նի Ի­րա­նի հետ։ Ուս­տի, Հա­յաս­տան կը շեշ­տադ­րէ փո­խադ­րու­թեան եւ լո­ժիս­թիք են­թա­կա­ռուց-ւածք­նե­րու զար­գա­ցու­մը, նե­րա­ռեալ ներ­կա­յիս ի­րա­կա­նա­ցուող Հիւ­սիս-հա­րաւ մի­ջանց­քի կա­ռու­ցու­մը։ Այս բո­լո­րին շնոր­հիւ ԵՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հա­մար յար­մա­րա­ւէտ եւ անվտանգ հարթակ մը պի­տի ստեղ­ծուի դէ­պի Պար­սից ծոց, այ­նու­հե­տեւ ելք պի­տի ու­նենանք դէ­պի Հնդկա­կան ով­կիա­նոս»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016