Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով յիշատակեց Ս. Ստեփանոս նախավկան, որ միեւնոյն ժամանակ սարկաւագներուն ձօնուած տօն մըն է։ Բերկրառատ օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Մայր Տաճարի մէջ պատարագեց Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Հայ Եկեղեցւոյ բարի ու գեղեցիկ աւանդութիւնով սրբազան արարողութեան առթիւ կատարուեցաւ նաեւ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչ սրբազան հօր ձեռամբ 31 սարկաւագներ ձեռնադրուեցան։
Ս. Պատարագի աւարտին նոր սարկաւագները ընդունուեցան նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը ու մաղթեց, որ ներշնչուին Ս. Ստեփանոսի բարի օրինակով։
Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայիս ունի 128 միաբան սարկաւագ, իսկ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ կ՚ուսանին արդէն 46 սարկաւագներ։
Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ ալ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոսի տօնը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը շնորհաւորեց սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները՝ անոնց կարողութիւն մաղթելով իրենց ծառայութեան մէջ։