ԽՏԱՑԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը միշտ կ՚ա­ռանձ­նա­նան ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թեամբ։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ կը զբա­ղեց­նէ Հա­լէ­պի մէջ հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տուի­լը։ Ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րուն ջան­քե­րը բա­ւա­րար չեն ըլ­լար՝ վերջ­նա­կան հրա­դա­դա­րի մը հաս­նե­լու հա­մար այն­տեղ։ Յա­մե­նայն­դէպս, Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան-Ի­րան ա­ռանց­քին վրայ այս ուղ­ղու­թեամբ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի ա­նան­տե­սե­լի ե­րաշ­խիք մը։

Ան­գա­րա դի­ւա­նա­գի­տա­կան գետ­նի վրայ բազ­մա­կող­մա­նի ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Հա­լէ­պի մէջ հրա­դա­դար մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի հետ։ Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ նա­խա­րար­նե­րը ու­նե­ցան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։ Ե­րէկ օրուան տե­ւո­ղու­թեան Մոս­կուա­յէն դրա­կան պատ­գամ­ներ հա­սան՝ Ան­գա­րա­յի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զարկ տա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Հա­լէ­պի ա­զա­տա­կա­նա­ցու­մը, ան­տա­րա­կոյս, կա­րե­ւոր հանգ­րուան մըն է Սու­րիան ա­հա­բե­կիչ­նե­րէ մաք­րա­գոր­ծե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Այս զար­գա­ցու­մը ոչ միայն զի­նուո­րա­կան, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ», ը­սաւ Լաւ­րով եւ ա­ւել­ցուց, որ ի­րենք պատ­րաստ են հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ այն բո­լոր կող­մե­րուն հետ, ո­րոնք ան­տար­բեր չեն Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ։

Յի­շեալ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն հա­սած դրա­կան պատ­գամ­նե­րէն վերջ այս ա­ռա­ւօտ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է՝ Սու­րիա­յէ ներս հրա­դա­դար հաս­տա­տե­լու ծրագ­րի մը շուրջ։ Թրքա­կան եւ ռու­սա­կան կող­մե­րը ներ­կա­յիս ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն՝ որ­պէս­զի այ­սօր կէս գի­շե­րին սկսի այդ հրա­դա­դա­րը։

Մինչ այդ, թէ՛ Թուր­քիա­յէն եւ թէ Ռու­սաս­տա­նէն ե­րէկ ծանր քննա­դա­տու­թիւն­ներ հնչե­ցին՝ հաս­ցէագ­րուած Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն։ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը խստա­գոյնս քննա­դա­տեց Ո­ւա­շինկ­թը­նի ո­րո­շու­մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի ԱՄՆ-ի կող­մէ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն հա­մար զի­նա­մ­­թեր­քի ա­ռա­քում­նե­րու դիւ­րա­ցու­մը։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա  Զա­խա­րո­վա այս մէ­կը ո­րա­կեց թշնա­մա­կան քայլ մը։ Ան նաեւ յայտ­նեց, որ Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա կը փոր­ձէ ա­կան­ներ զե­տե­ղել իր յա­ջոր­դի՝ Տա­նըլտ Թրամ­փի վար­չա­խում­բի ճա­նա­պար­հին վրայ։

Գա­լով Ան­գա­րա­յի հա­կազ­դե­ցու­թեան, որ հնչեց ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի շրթնե­րէն։ Ըստ ի­րեն, Սու­րիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րը կը խրա­խու­սեն Ի­ՇԻՊ-ը («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Է­րտո­ղան յի­շե­ցուց, որ Էլ Պապ քա­ղա­քը ներ­կա­յիս պա­շա­րուած է բո­լոր կող­մե­րէն, սա­կայն մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւ­նը չի յար­գեր իր խոս­տում­նե­րը։

Ըստ Էր­տո­ղա­նի, ինչ որ ալ ըլ­լայ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան դիր­քը, Թուր­քիա անշր­ջա­դար­ձե­լի պայ­քա­րի մը մէջ մտած է։ Ան յի­շե­ցուց նաեւ, որ Ժը­նե­ւի ի­րե­րա­յա­ջորդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը մնա­ցած էին ա­պար­դիւն։

Միւս կող­մէ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն ար­ձա­գան­գեց Րէճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղա­նի խօս­­քե­րուն, զանոնք որակելով ծի­ծա­­ղե­լի։

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016