ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐ

Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կեն խտա­ցեալ ջան­քեր գոր­ծադ­րել Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի մը ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քե­րը ա­պա­հո­ված են Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի մը հաս­տատ­ման մեծ յոյ­սը։ Այս ի­րա­վի­ճա­կը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յա­րա­բե­րա­կան լա­ւա­տե­սու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րը ա­մէն պահ կրնայ գոր­ծադ­րուիլ։ Ըստ ի­րեն, ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը դուրս մնա­ցած են այդ հրա­դա­դա­րէն։ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի կող­մէ փո­-խանցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն մէջ գործ­նա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով հա­րիւր տո­կոս զու­գա­հե­ռա­կան մը չի նկա­տուիր։ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը ա­ւե­լի վե­րա­պահ կ՚ար­տա­յայ­տուին։ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով խու­սա­փե­ցաւ յստակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ ու շեշ­տեց, որ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կը շա­րու­նակուին շփում­նե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին մե­տիան ալ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ան­գա­րա­յի մէջ ստեղ­ծուած է լա­ւա­տես մթնո­լորտ մը, ո­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Չա­վու­շօղ­լու ընդգ­ծեց, որ աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հա­մար կը նա­խա­տե­սուին վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման մի­ջոց­ներ՝ մին­չեւ Աս­տա­նա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հա­ղոր­դեց, որ Թուր­քիա, Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են, որ­պէս­զի Պե­շար Է­սատ իշ­խա­նու­թեան գլուխ մնայ Սու­րիոյ մէջ՝ մին­չեւ 2017 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած ընտ­րու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016