ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՊԱՏԱՀԵՑԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծի երկայնքով լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին, ինչ որ պատճառ կը դառնայ բախումներու։ Այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահեցան դէպքեր։ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղի հարաւ-արեւելքին այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին ներթափանցման փորձ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ հայկական զինեալ ուժերը մարտի բռնուած են հակառակորդին հետ։ Դիպուկահարներ եւ նռնականետեր կիրառուած են բախումներու ընթացքին։ Հայկական զօրքերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը՝ կանխելով ազէրի զօրքերուն ոտնձգութիւնները։
Միւս կողմէ, բախման լուրեր կը հասնին նաեւ Ատրպէյճան-Արցախ շփման գիծէն։