ՆԱՐԵԿ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆԻ ՄԸ
Տաղանդաւոր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան կը շարունակէ արձանագրել նորանոր նուաճումներ եւ ամրապնդել իր համբաւը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան վերջերս հնարաւորութիւն ունեցաւ նուագելու շատ խորհրդանշական նուագարանով մը։ Այսպէս, Նարեկ Հախնազարեան նուագեց այն թաւջութակով, որ 1707 թուականին արտադրուած էր նուագարաններու աշխարհահռչակ վարպետ Ճիւզեփփէ Կվարներիի կողմէ։ Այդ թաւջութակով ցայսօր նուագած են բազմաթիւ անուանի երաժիշտներ։
Նարեկ Հախնազարեան մեծ պատիւ համարեց այդ նուագարանով նուագելը։ «Իսկապէս շատ մեծ իրադարձութիւն մըն էր իմ արհեստավարժ կեանքէն ներս։ Այդպիսի նուագարան մը ստանալը երազ է իւրաքանչիւր երաժիշտի համար։ Վերջին տարիներուն անդադար կ՚որոնէի հովանաւոր կամ հիմնարկ մը, որպէսզի տրամադրէր լաւ նուագարան մը, որ պիտի համապատասխանէր իմ գեղարուեստական եւ երաժշտական չափանիշներուն», ըսաւ ան։
Վերջապէս, Գանատայէն հովանաւորի մը շնորհիւ երիտասարդ թաւջութակահարը հնարաւորութիւն ստացած է ապահովելու այդ նուագարանը։ «Սա ինծի տուաւ անձ մը՝ ոչ-հայ, չինացի։ Գանատացի չինացի մարդ մը։ Հետաքրքրական պատմութիւն մըն է՝ ինք գտաւ զիս։ Թէեւ ես անընդհատ կը փնտռէի, բայց այնպէս պատահեցաւ, որ ես կը փնտռէի ու չգտայ, ինք զիս գտաւ», նշեց ան։
Նարեկ Հախնազարեան յայտնեց, որ ներկայ տարուան ընթացքին բազմաթիւ նոր երկիրներու եւ դահլիճներու մէջ ունեցած է համերգներ։ Ամենայատկանշականներու շարքին էր Պաքինկըմի պալատին մէջ տեղի ունեցած համերգը, որուն ներկայ գտնուեցան արքայազն Չարլզն ու արքունիքի բազմաթիւ անդամներ։ «Առաջին անգամ Աւստրալիա գացի։ Նուագեցի Սիտնիի առասպելական օփերայի թատրոնին վրայ, Մելպուռնի մէջ եւ այլն։ Շատ հետաքրքիր պահեր ապրեցայ 2016-ի Յուլիսին Սերպիա այցելութեան ժամանակ՝ առասպելական բեմադրիչ Էմիր Քուսթուրիքայի անձնական հրաւէրով՝ իր ռուսական երաժշտութեան փառատօնին», ըսաւ Նարեկ Հախնազարեան եւ աւելցուց, որ տարեմուտի տօներէն անմիջապէս վերջ կը պատրաստուի համերգներով հանդէս գալ Ամսթերտամի եւ Պերլինի մէջ։
Նարեկ Հախնազարեան վերջին տարիներուն կը բնակէր Մոսկուայի մէջ, իսկ ներկայիս տեղափոխուած է Վիեննա եւ հանդէս կու գայ աշխարհի ամենահեղինակաւոր բեմերուն վրայ։ Ան կը համարուի հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հեղինակութիւններէն մին։