ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՏԱԳՈՎ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ մէկ­տե­ղուե­ցաւ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու հետ։ Այս­պէս Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած օ­տա­րերկ­րեայ դես­պան­ներ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մը, ինչ­պէս նաեւ որ­պէս տան­տէր՝ նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Սերժ Սարգ­սեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին՝ շնոր­հա­ւո­րեց եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի բո­լոր դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած օ­տար դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն։ Իր շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քին մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի ան­ցեալ տա­րուան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­րե­ւոր ձեռքբե­րում­նե­րուն, տա­կա­ւին առ­կայ խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ ներգ­րաւուա­ծու­թեան ար­դիւն­քով ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ջան­քե­րուն։ Իր խօս­քին մէջ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ.

«Ան­ցեալ տա­րի մե­զի հա­մար խորհր­դան­շա­կան էր։ Հա­յաս­տան տօ­նեց իր ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը։ 25 տա­րի ա­ռաջ, ինչ­պէս մեր ամ­բողջ նո­րան­կախ եր­կի­րը, այն­պէս ալ մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կ՚առ­նէր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը։ Այ­սօր Հա­յաս­տան աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նայ ու­րոյն ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ՝ շի­նիչ, հա­ւա­սա­րակշ­ռուած, սկզբուն­քա­յին եւ վստա­հե­լի դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ։

«Այն, որ ծա­նօթ է դի­ւա­նա­գի­տու­թեան մեր ձե­ռագ­րին՝ գի­տէ, որ Հա­յաս­տան կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի ոչ թէ «ընդ­դէմ», այլ «յա­նուն» սկզբուն­քով։ Հա­յաս­տան կը ձգտի ու­նե­նալ իր ներդ­րու­մը անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ամ­րապընդ-ման, մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ դրա­կան օ­րա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­ման, փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ու մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան կա­մուրջ­ներ հաս­տա­տե­լու գոր­ծին մէջ։ Այս բա­նին վկա­յու­թիւնն են Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ ընդգր­կուա­ծու­թիւ­նը հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու մէջ, մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն, աշ­խոյժ ներդ­րու­մը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ։ Այս ա­ռու­մով, կը փա­փա­քիմ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշել խո­շո­րա­գոյն մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը հիւ­րըն­կա­լե­լու պա­տի­ւը։ Հա­յաս­տան այդ պա­տուին ար­ժա­նա­ցաւ մեր նա­խա­ձեռ­նող, աշ­խոյժ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ար­դիւն­քին։ Սա մեր նկատ­մամբ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու վստա­հու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան դրսե­ւո­րումն էր։

«Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շում­ներն ու տե­սա­կէտ­նե­րը ըն­կա­լե­լի եւ ըմբռ­նե­լի են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ՝ շնոր­հիւ մեր հե­տե­ւո­ղա­կան եւ սկզբուն­քա­յին ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, շնոր­հիւ ձե­զի՝ ներ­կա­նե­րուդ սկզբուն­քա­յին ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

«Ատր­պէյ­ճա­նի Ապ­րի­լի բռնու­թե­նէն յե­տոյ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կա­յա­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը կը վկա­յեն այս իսկ մա­սին։ Տա­րե­վեր­ջին Համ­պուր­կի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ակ­նա­ռու կեր­պով ի ցոյց դրաւ, թէ որ­քան հե­ռու են ի­րա­կա­նու­թե­նէն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի վե­րա­բե­րեալ Ատր­պէյ­ճա­նի ճա­մար­տա­կու­թիւն­նե­րը։ Այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը միա­ժա­մա­նակ յստակ ցոյց կու տայ, թէ որ­քան հա­մա­հունչ են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը մեր տե­սա­կէտ­նե­րուն հետ։ Ան­շուշտ, սա ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րու ար­դիւն­քով։

«Այս­տեղ տե­ղին է նշել, որ փոր­ձա­գէտ­նե­րու, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու կամ ինք­զինք­նին այդ­պէս հա­մա­րող­նե­րու կող­մէ պար­բե­րա­բար հրա­պա­րակ կը նե­տուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ, այս­պէս կո­չուած, տար­բե­րակ­ներ, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­նոնք տար­բե­րակ­ներ չեն, այլ՝ վար­կած­ներ։ Ես շատ յստակ կը յայ­տա­րա­րեմ, որ մին­չեւ հի­մա ոե­ւէ մէ­կը հրա­պա­րա­կաւ չէ կրցած ճշգրտօ­րէն ներ­կա­յաց­նել այն տար­բե­րա­կը, ո­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը մենք եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը քննար­կենք եւ սա շատ հասկ­նա­լի ու ըն­կա­լե­լի է, բայց ա­նոնք կը փոր­ձեն մտնել ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ, ա­պա միան­գա­մայն կը սայ­թա­քին եւ կը սկսին խօ­սիլ ցան­կու­թիւն­նե­րու մա­սին։ Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ցան­կու­թիւն չէ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ցան­կու­թիւն­նե­րու կա­տա­րում չեն։ Բա­նակ­ցու­թիւ­նը, ես փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէտ չեմ, բայց ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, փոխ­զի­ջում գտնե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւնն է։ Եւ կ՚ու­զեմ ան­գամ մը եւս ձեր ներ­կա­յու­թեամբ ընդգ­ծել, ո­րով­հե­տեւ ձեզ­մէ ա­ւե­լի ստոյգ ոե­ւէ մէ­կը չի գի­տեր, որ սկսեալ 2007 թուա­կա­նէն ո­րե­ւէ այլ տար­բե­րակ, քան Մատ­րի­տեան սկզբունք­ներն են, ո­րե­ւէ տեղ չէ քննար­կուած։ Ին­չո՞ւ մենք, ի­մա­նա­լով բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ մենք ենք բա­նակ­ցող­նե­րը, մեր հան­րու­թիւ­նը տե­ղեակ չենք պա­հեր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին։ Առ­նուազն եր­կու պատ­ճա­ռով։ Դուք, ըլ­լա­լով փոր­ձա­ռու բա­նակ­ցող­ներ, շատ լաւ գի­տէք, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու եր­թա­լու ժա­մա­նակ չես կրնար քու ամ­բողջ գոր­ծի­քա­կազմն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կամ քու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը, կամ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տել, ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի մէջ այն­պէս է՝ որ ե­թէ մենք Ե­րե­ւա­նի մէջ եր­կու բառ կը խօ­սինք, այդ եր­կու բա­ռը կայ­ծա­կի ա­րա­գու­թեամբ ար­դէն թէ՛ Պա­քուի, թէ՛ Ո­ւա­շինկ­թը­նի, թէ՛ Մոս­կուա­յի եւ թէ Փա­րի­զի մէջ միան­գա­մայն կը դառ­նայ հան­րա­յին սե­փա­կա­նու­թիւն։ Սա՝ մէկ։ Եւ երկ­րորդ՝ բո­լո­րին յայտ­նի է, որ սկզբուն­քա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ կը գոր­ծէ հե­տե­ւեալ սկզբուն­քը՝ ո­չինչ հա­մա­ձայ­նե­ցուած է, ե­թէ ա­մէն ինչ հա­մա­ձայ­նեցուած չէ։ Եւ ե­թէ մենք հի­մա ա­մէն ան­գամ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վե­րա­դառ­նա­լէ վերջ մեր ժո­ղո­վուր­դին ը­սենք՝ այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, այս միտ­քը այս­պէս ձե­ւա­կեր­պուե­ցաւ, ա­պա եր­կու շա­բաթ յե­տոյ, երբ բան մը փո­խուի, դար­ձեալ պի­տի սկսինք բա­ցատ­րել, թէ ին­չու փո­խուած է, եւ այլն։ Բայց սա էա­կան չէ։ Էա­կա­նը հե­տե­ւեալն է. մենք 2007 թուա­կա­նէն սկսեալ, այ­սինքն՝ Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րը ըն­դու­նե­լով որ­պէս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հիմք, ըն­դա­մէ­նը մէկ նպա­տակ կը հե­տապն­դենք՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վերջ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի ո­րո­շու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան կող­մէ եւ այս սկզբուն­քէն մենք պի­տի չհրա­ժա­րին­ք։

«Մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի Ապ­րի­լի բռնու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի կոպ­տա­գոյն խախ­տում­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն հետ միա­սին կը շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Հա­յաս­տան խա­ղա­ղու­թեան ջա­տա­գովն է։ Մենք շատ լաւ կը գի­տակ­ցինք, թէ որ­քան թանկ է խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ այ­սօր մեր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­սիւ­ներն են հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը, ու­ժի չկի­րա­ռու­մը, մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գե­լու­մը»։

Իր խօս­քին տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան բա­ցատ­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն պայ­մա­նա­ւո­րուած է երկ­րի կա­ռա­վար­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ 2017  թուա­կա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր հանգը­ր-ւան մը պի­տի դառ­նան Հա­յաս­տա­նի ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման տես­լա­կա­նը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար։ Նա­խա­գա­հը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ ան­ցեալ տա­րի երկ­րէն ներս ստեղ­ծուե­ցաւ քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան օ­րի­նակ, երբ խորհր­դա­րա­նէն ներս ներ­կա­յա­ցուած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը շի­նիչ միա­կար­ծու­թիւն, քոն­սեն­սիւս ձե­ւա­ւո­րե­ցին ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու օ­րի­նա­կա­նու­թեան վե­րահսկ­ման դրու­թիւն­նե­րու սահ­ման­ման շուրջ։ «Այս ա­ռու­մով, կը փա­փա­քիմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել մի­ջազ­գա­յին վար­կա­տու­նե­րու ցու­ցա­բե­րած ելմ­տա­կան եւ խորհր­դա­տուա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վճռա­կան են ի­րա­կա­նաց­նել օ­րէնսդ­րու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ընտ­րու­թիւն­ներ՝ յոյս ու­նե­նա­լով, որ ա­նոնք կը դառ­նան մեր 25 տա­րուան ան­կա­խու­թեան ըն­թաց­քին լա­ւա­գոյն ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ մենք սեր­տօ­րէն պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցինք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հետ՝ ակն­կա­լե­լով ա­նոր շի­նիչ, պա­տաս­խա­նա­տու, ան­կողմ­նա­կալ ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Իր ե­լոյ­թին վեր­ջին բաժ­նին մէջ Սերժ Սարգ­սեան Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ամ­բողջ անձ­նա­կազ­մին։ «Այս պա­հուն պէտք է յա­տուկ ա­ռանձ­նաց­նեմ այն դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք մեր ազ­գա­յին շա­հե­րը խի­զա­խօ­րէն կը պաշտ­պա­նեն Դա­մաս­կո­սի, Հա­լէ­պի եւ Պաղ­տա­տի մէջ։ Այն­տեղ ծա­ռա­յող մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը ան­գամ մը եւս կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, որ հայ դի­ւա­նա­գէ­տի ծա­ռա­յու­թիւ­նը կրնայ ըն­թա­նալ ոչ միայն բարձ­րաշ­խար­հիկ ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու, այ­լեւ սո­վո­րա­կան պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղե­լով օ­տար դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն՝ Սերժ Սարգ­սեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ա­նոնք կը փա­փա­քին, որ­պէս­զի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ըլ­լայ կա­յու­նու­թիւն, խա­ղա­ղու­թիւն ու կը փա­փա­քին գործ ու­նե­նալ պա­տաս­խա­նա­տու եւ վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ։ Ան մաղ­թեց, որ ար­գա­սա­բեր ըլ­լան հայ­կա­կան կող­մի եւ ա­նոնց հա­մա­տեղ ջան­քե­րը՝ ուղ­ղուած խա­ղա­ղու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016