ԿԱԹ ՈՒ ԹԱՆ
Ընկերոջ մը հետ խօսակցութեան պահուն, ուրիշ ընկեր մը մօտենալով խօսակիցիս ըսաւ. «Մի՛ խօսիր ասոր հետ, մի՛ խօսիր, ի՛նք յոռետես է, քեզ ալ կը վարակէ»: Երբեմն վիճակը կամ գալիք դրութինը անորոշ կ՚ըլլայ ու անոր ժխտական կողմին եթէ նայիս, յոռետես կ՚ըլլաս. Իսկ դրական կողմին՝ լաւատես. կայ, սակայն, ամբողջութիւնը ընկալելու տեսանկիւն: Ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ ո՞րն է ճիշդը եւ ի՞նչ պէտք է անուանել զայն՝ յոռետե՞ս, թէ լաւատես: Ամենայնդէպս, «տես»ը իր ենթահողը կ՚ունենայ անցեալին պատահած դէպքին համեմատ ու անոր ազդեցութեան տակ կը կազմուի անձին տեսանկիւնը:
Առաջին համբոյրը չի մոռցուիր կ՚ըսեն… բայց ես մոռցած եմ. ուրեմն՝ պիտի ըսեմ, թէ ի՞նչ որ «դրոշմուած» է, չի մոռցուիր:
Տարելիցն է Լենինականի ահաւոր երկրաշարժին:
Քսանութ տարիներ անցեր են այն օրէն, երբ ո՛չ միայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այլ՝ պետութիւններ «մարդասիրական» (կը չակերտեմ քանի որ մարդասիրականին հետ կային այլ նպատակներ) օգնութեան ձեռք երկարեցին՝ մեղմելու համար եղածին պատճառած աւերը: Ո՞վ չէ լսած Ազնաւուրի «Քեզ համար Հայաստան» երգը, որ վաճառուող սկաւառակներու ցանկը կը գլխաւորէր, շահոյթի սիրոյն, եւ այլ օգնութիւններ, զանազան միջոցներով:
Գանք մեր «բոյնին»:
Լիբանա՜ն… «սփիւռքահայութեան ողնայարը» անցաւ գործի, չէր կրնար մնալ ձեռնածալ։ Վերջապէս հոս հայութեան սիրտն է, որ կը բաբախէր ու… ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ, միասնաբար, կուսակցութիւններ, միութիւններ, դպրոցեր եւ այլն, եւ այլն… ի միջի այլոց, տեղացի ընկերվարականներ եւս իրենց բաժինը ունեցան դրամահաւաքի, օգնութեան փութալու Հայաստանին, որ այդ շրջանին Սովետական ընկերվարական վարչակարգով կը ղեկավարուէր:
Անշուշտ, ամէն ոք, ըստ իր մտածողութեան, դիրքորոշումին եւ կարելիութեան մասնակցեցաւ. գուցէ եւ՝ ո՛չ: Թէ ի՞նչ չափով… այդ ամէն մէկու խնդիրն է, բայց ըստ մեր պատկանած կրօնին, գէթ տասանորդի դրութեամբ շարժելու էինք, իսկ քրիստոնէաբար՝ «կիսուիլ ունեցուածքով», սակայն այս տեսակ նիւթեր շա՜տ «սակայն»ներու պէտք կ՚ունենան:
Ուրեմն՝ անցնինք:
Տարիները գումարուելով դարձան տասը… եւ ա՛յդ տարուան մէջ, այսինքն՝ տաս տարիներ ետք, լիբանանահայութենէն գանձուած գումարը փոխանցուեցաւ հայրենիք՝ այդ ժամանակուան պետութեան, Տ.Տ. Արամ Վեհափառի ձեռամբ ( եւ ի՜նչ ցնցոտիացած, գուցէ եւ ցեցերէ նօսրացած գումար):
Եւ դեռ այսօր կարդալ՝ «28 ՏԱՐԻ ԱՆՕԹԵՒԱՆ»:
Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խոստացած է երկրաշարժէն իրենց բնակարանները կորսնցուցած եւ երկար տարիներ անօթեւան մնացած քաղաքացիներուն տուներ ապահովել մինչեւ 2017 թուական՝ ողբերգութենէն 29 տարի ետք:
Մայրս պիտի ըսէր «նոր բարի լոյս»:
«Այս տարի եւս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ երկրաշարժէն զոհուածներուն»: (Զոհուածները ի՞նչ զգացին արդեօք): Բայց կան տակաւին կենդանի «զոհուածներ», որոնք «Անտունի»ն կ՚ապրին, երբ հայրենի թէ Սփիւռքի «վերին» խաւեր առանձնատուներով եւ շքեղ ինքնաշարժներով իրարու հետ կը մրցին:
«Յոռետես» եմ, ինչո՞ւ չէ, երբ առածը կ՚ըսէ. «կաթէն բերանը այրողը թանը փչելով կը խմէ»:
Երբ հաւատացի, սուտ ելար աշխարհ,
Բայց զիս աշակերտ ըրիր դպրոցիդ
Ու սորվեցուցիր բազմաթիւ դասեր,
Ու դեռ կ՚ուսանիմ.
Զիս պահէ խոնարհ:
(Ս. Արմէն)
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան