ՎԱԽԸ՝ ՄԱՐԴՈՒՍ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«Վախ»ը այն զգա­ցումն է՝ որ ահ ու սար­սափ, զար­հու­րանք կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս, եւ այս կեր­պով կը վատ­թա­րաց­նէ մար­դուս ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւ­նը, ազ­դե­լով հո­գիին վրայ՝ կը փո­խէ կեան­քին ըն­թաց­քը։ Վա­խը ան­խու­սա­փե­լի է մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, այ­լա­պէս ա­նի­կա, կեր­պով մը ազ­դան­շան մըն է՝ որ են­թա­կան կը զգու­շաց­նէ հա­ւա­նա­կան վտանգ եւ վնաս­նե­րու դէմ։ Այս ի­մաս­տով չա­փա­ւոր վա­խը բնա­կան «ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն» մըն է, որ մարդս կ՚ազ­դա­րա­րէ ա­պա­գայ վտանգ­նե­րու նկատ­մամբ։

Բայց ե­թէ վա­խը չա­փա­զան­ցու­թեան եւ կամ ծայ­րա­յե­ղու­թեան աս­տի­ճա­նին հաս­նի՝ ո՛չ թէ օ­գուտ, այլ վնաս կը պատ­ճա­ռէ են­թա­կա­յին։

Հի­ւան­դու­թեան մը պա­րա­գա­յին օգ­տա­գոր­ծուած դե­ղերն ալ այդ­պէս չե՞ն սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ. երբ դե­ղը որ­պէս ա­ռող­ջա­նա­լու դար­ման՝ չա­փա­ւոր կեր­պով օգ­տա­գոր-ծըւի, օգ­տա­կար կ՚ըլ­լայ, ա­պա թէ ոչ՝ ա­նոնց չա­փա­զանց գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս վնա­սա­կար կ՚ըլ­լայ մար­դուս հա­մար։ Վա­խը կամ եր­կիւղն ալ նո՛յնն է՝ չա­փա­ւո­րը օ­գուտ, չա­փա­զան­ցը վնաս կը պատ­ճա­ռէ։

Սմբատ Սար­կա­ւագ Խան­վել­յան, վա­խի մա­սին կը պատ­մէ հե­տաքրք­րա­կան ա­ռակ մը, ուր կը պատ­կե­րա­ցուի վա­խին էու­թիւ­նը եւ ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը մար­դուս կեան­քէն ներս։

«Մար­դու մը, գի­շեր ա­տեն կը յայտ­նուի հրեշ­տակ մը, որ կ՚ը­սէ.- Ո՛վ մարդ, քե­զի կը սպա­սեն մեծ եւ կա­րե­ւոր գոր­ծեր ա­պա­գա­յին, ո­րոնց մի­ջո­ցով կա­րե­լիու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նաս տի­րա­նա­լու մեծ հարս­տու­թեան, ո­րով ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նաս վա­յե­լե­լու հա­սա­րա­կու­թեան յար­գան­քը, եւ բարձր դիր­քե­րու պի­տի հաս­նիս եւ պի­տի ա­մուս­նա­նաս շատ գե­ղե­ցիկ կնոջ մը հետ։

«Այդ մար­դը իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին սպա­սեց ի­րեն խոս­տա­ցուած հրաշք­նե­րուն, բայց ո՛­չինչ պա­տա­հե­ցաւ։ Ա­նոնց­մէ ո՛չ մէ­կը ի­րա­կա­նա­ցաւ։

«Վերջ ի վեր­ջոյ ան մա­հա­ցաւ մի­նա­կու­թեան եւ չքա­ւո­րու­թեան մէջ՝ աղ­քատ ու դժբա՛խտ։

«Մար­դը երբ հա­սաւ դրախ­տի դար­պա­սին՝ կեդ­րո­նա­կան դու­ռին, հոն հան­դի­պե­ցաւ այն հրեշ­տա­կին, որ խոս­տա­ցած էր ի­րեն եր­ջա­նիկ կեանք մը։ Եւ ան հրեշ­տա­կին ը­սաւ.- Դուն ին­ծի խոս­տա­ցար մեծ հարս­տու­թիւն եւ յար­գանք հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ, գե­ղե­ցիկ կին՝ ա­մուս­նա­նա­լու հա­մար եւ եր­ջան­կու­թիւն։ Իմ ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թաց­քին սպա­սե­ցի, որ պա­տա­հին եւ ի­րա­կա­նա­նան խոս­տում­ներդ, բայց ո՛­չինչ ի­րա­կա­նա­ցաւ, ոչ մէկ բան պա­տա­հե­ցաւ։

«Հրեշ­տա­կը պա­տաս­խա­նեց մար­դուն.- Ես չէի խոս­տա­ցած այն ի՛նչ որ սպա­սեր ես։ Հա­պա ես քե­զի խոս­տա­ցած էի այդ ա­մէն բա­նի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, բայց դուն ա­նոնք նկա­տի չա­ռիր, այլ ա­նոնք բաց թո­ղու­ցիր։

«Մար­դը, զար­մա­ցած պա­տաս­խա­նեց.- Ես չեմ հասկ­նար՝ թէ ին­չի՞ մա­սին կը խօ­սիս դուն։

«Ա­պա հրեշ­տա­կը սկսաւ բա­ցատ­րել.- Կը յի­շե՞ս, ան­գամ մը դուն կ՚ու­զէիր պա­տա­հա­կա­նու­թեան դի­մել եւ յանձն առ­նել «վնա­ս»ը՝ «risque»ը եւ գոր­ծու­նէու­թեան սկսիլ, բայց դուն վախ­ցար որ ան­յա­ջո­ղու­թեան մը պի­տի հան­դի­պիս եւ ձա­խո­ղիս, վախ­ցար որ նպա­տա­կիդ պի­տի չհաս­նիս եւ ետ կե­ցար, հրա­ժա­րե­ցար ո­րո­շու­մէդ։ Եւ հրեշ­տա­կը այս հար­ցու­մը ուղ­ղե­լէ ետք մար­դուն, շա­րու­նա­կեց.- Եւ քա­նի որ դուն հրա­ժա­րե­ցար այդ մտա­ծու­մէն, այդ պատ­ճա­ռով ալ այդ ա­ռիթը տրուե­ցաւ ու­րիշ մէ­կու մը՝ որ թոյլ չտուա­ւ որ վա­խը կա­սեց­նէ եւ խա­փա­նէ զինք գոր­ծադ­րե­լու իր մտադ­րած ո­րո­շու­մը։ Եւ ե­թէ կը յի­շես, այդ մար­դը դար­ձաւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ մար­դոց­մէ մէ­կը։

«Մար­դը տա­րու­բե­րեց գլու­խը…։

«Մինչ հրեշ­տա­կը կը շա­րու­նա­կէր.- Եւ նաեւ կը յի­շես, պէտք է յի­շես երբ ան­գամ մը երկ­րա­շարժ պա­տա­հե­ցաւ, եւ դուն կարե­լիու­թիւ­նը ու­նէիր օգ­նե­լու ա­ղէտ­եալ­նե­րուն, երկ­րա­շար­ժէ վնա­սուած­նե­րուն, փրկե­լու զանոնք որ ողջ մնա­ցած էին, ե­թէ օգ­նէիր անոնց, այդ­պի­սով դուն կ՚ար­ժա­նա­նա­յիր մար­դոց յար­գան­քին հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, բայց դուն վախ­ցար, որ քու բա­ցա­կա­յութեանդ մի­ջո­ցին կը մտնեն քու տունդ եւ մնա­ցիր քու տանդ մէջ, ա­նօ­գուտ թող­լով երկ­րա­շար­ժէ վնա­սուած եւ վի­րա­ւո­րուած­ները…։

«Մար­դը լսե­լով եւ յի­շե­լով այս բո­լո­րը, դար­ձեալ տա­րու­բե­րեց գլու­խը եւ ա­նոր աչ­քե­րուն ար­ցունք­ներ ե­րե­ւիլ սկսան։ Մինչ հրեշ­տա­կը կը շա­րու­նա­կէր.- Դուն վախ­ցար որ երբ տու­նէդ հե­ռա­նաս ա­նոնց օգ­նե­լու հա­մար, պի­տի գան եւ պի­տի թա­լա­նեն, պի­տի կո­ղոպ­տեն քու ամ­բողջ ստա­ցուածքդ, եւ ան­տար­բեր մնա­ցիր օգ­նու­թեան կա­րօ­տող­նե­րուն նկատ­մամբ։ Եւ դուն, այս­պէս ալ չար­ձա­գան­քե­ցիր, չպա­տաս­խա­նե­ցիր փըր-կու­թեան եւ օգ­նու­թեան կան­չե­րուն, եւ մնա­ցիր անդր­դուե­լի՛։

«Մինչ մար­դը կը շա­րու­նա­կէր տա­րու­բե­րել իր գլու­խը՝ յի­շե­լով իր այդ վատ ու նուաստ ա­րար­քին մա­սին։ Ան հասկ­ցաւ իր ա­նազ­նիւ եւ տմար­դի վար­մուն­քը՝ չօգ­նե­լով նե­ղու­թեան մէջ գտնուող­նե­րուն։

«Հրեշ­տա­կը շա­րու­նա­կեց ը­սե­լով.- Եւ դո՛ւն պէտք է յի­շես այն գե­ղե­ցիկ կի­նը, որ քե­զ հաւ­նած, հա­ճե­լի գտած էր։ Ան նման չէր քու գիտ­ցած, հասկ­ցած ո՛չ մէկ կնոջ, բայց դուն մտա­ծե­ցիր, որ ան չի հա­մա­ձայ­նիր դառ­նալ այն­պի­սի մար­դու կին, որ դո՛ւն ես, եւ վախ­նա­լով որ կը մեր­ժուիս, դուն մեր­ժե­ցիր զայն։

«Խեղճ մար­դը նո­րէն տա­րու­բե­րեց գլու­խը եւ սկսաւ լալ…։

«Հրեշ­տա­կը կը շա­րու­նա­կէր իր խօս­քը.- Ա­յո՛, իմ սի­րե­լի ըն­կեր, այդ գե­ղե­ցիկ կի­նը կրնար դառ­նալ քու կինդ, եւ դուք կ՚ապ­րէիք եր­ջա­նիկ, եր­կա՜ր տա­րի­ներ միա­սին։

«Մեզ բո­լորս, ա­մէն օր, ա­մէն պահ կը շըր-ջա­պա­տեն ա­սոր նման բազ­մա­թիւ հնա­րաւո­րու­թիւն­ներ, այդ կը պա­տա­հի եւ սի­րոյ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, եւ սա­կայն, յա­ճախ ինչ­պէս այս մար­դը, մենք նո՛յն­պէս թոյլ կու տանք որ վա՛­խը ար­գելք հան­դի­սա­նայ մե­զի եւ խան­գա­րէ մեր ո­րո­շում­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Մենք շատ ան­գամ չենք խոս­տո­վա­նիր եւ չենք ը­սեր մեր զգա­ցում­նե­րուն մա­սին՝ վախ­նա­լով մեր­ժուած ըլ­լա­լէ, չենք հա­մար­ձա­կիր խօ­սե­լու հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներէ վախ­նա­լով եւ մենք չենք վստա­հիր մեր իսկ ու­ժե­րուն, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ ու­րի­շը կորսնց­նե­լու ցա­ւը զգա­լու վա­խին պատ­ճառով»։­

Իմ շա՜տ սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, կեան­քի մէջ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար պայ­մա՛ն է վնա­սը յանձն առ­նել, ինչ­պէս կ՚ը­սեն ֆրան­սա­ցի­ներ.- Այն որ վնա­սը յանձն կ՚առ­նէ՝ կը շա­հի՛։ Եւ կեան­քի մէջ «բախ­տա­ւոր» ըլ­լա­լու ճամ­բան՝ ներ­կա­յա­ցած ա­ռիթ­նե­րուն անդ­­րա­դառ­նալ, չան­տե­սել զա­նոնք, կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել է ա­մէն պա­տե­հու­թեան։

Սի­րե­լի՜­ներ, շա­տե­րու «բախտ» ը­սա­ծը՝ առիթ­նե­րէն օգ­տուե­լու ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը եւ ի­մաս­տու­թիւ­նը ու­նե­նա՛լն է, եւ քա­ջու­թիւնը՝ ճշմա­րի­տը խօ­սե­լու եւ ուղ­ղա­մի՛տ ըլ­լա­լու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 25, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016