ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) արխիւը վերջին օրերուն հարստացաւ կարգ մը կարեւորագոյն փաստաթուղթերով, որոնք ազգային ու պատմական առումով ունին մեծ նշանակութիւն։
Ինչպէս ծանօթ է, ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններու եզրափակիչ փուլը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այդ տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեան եւ «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնարկի պատուոյ նախագահ ու բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ ու կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեան եւ Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Հայկ Տեմոյեանն ու Գաբրիէլ Չեմպերճեանը, որոնք յանձնեցին պատմական արժէքով երկու փաստաթուղթեր։
Առաջին փաստաթուղթը կը կրէ 22 Մայիս 1906 թուականը եւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի կողմէ ստորագրուած նամակի մը բնագիրն է։ Պօղոս Նուպար փաշային կողմէ բոլոր ազգակիցներուն ուղղեալ այդ բնօրինակ նամակին մէջ կոչ ուղղուած է բոլոր ազգակիցներուն, որպէսզի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղեր հիմնուին իրենց բնակած երկիրներուն մէջ։ Երկրորդ փաստաթուղթն է՝ ՀԲԸՄ-ի յայտնի «Հրաւէր առ համօրէն հայս» վերանգրով պատմական նշանակութեամբ փաստաթուղթի տպագիր օրինակը՝ ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղի կնիքով։ Այս փաստաթուղթը առաջին անգամ հրապարակուած է 1906 թուականի Մայիս 1-ին, երբ հրապարակաւ կը յայտարարուէր նորաստեղծ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան, գործունէութեան ու նպատակներուն մասին։
ՀԲԸՄ-ի տեսակէտէ շատ արժէքաւոր այս փաստաթուղթերը յայտնաբերուած են Հայկ Տեմոյեանի կողմէ, որ Գաբրիէլ Չեմպէրճեանի աջակցութեամբ զանոնք ձեռքբերած է։ Անոնց համատեղ որոշումով փաստաթուղթերը նուիրուած են ՀԲԸՄ-ին։
ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնած են Հայկ Տեմոյեանին եւ Գաբրիէլ Չեմպէրճեանին՝ 110-ամեակի յոբելենական ժամանակաշրջանին յանձնուած այս անգնահատելի նուէրներուն համար։ Նոյն աղբիւրները շեշտած են, որ փաստաթուղթերը խնամքով ի պահ պիտի դրուին ՀԲԸՄ-ի հարուստ արխիւին մէջ։