ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ… ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ «Ս. ՓԻԼԻՊՊՈՍ»Ի ՈՒԽՏԱՎԱՅՐԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի եւ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի մի­ջեւ հա­ւա­նա­բար հա­մա­ձայ­նու­թեան այն սա­կաւ կէ­տե­րէն մին է՝ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րած վե­րաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ներ­կայ վար­չա­ձե­ւը կը պատ­րաս­տուի իր «պա­յու­սակ­նե­րը հա­ւա­քել»՝ զգա­լի կը դառ­նար, որ Օ­պա­մա չի պատ­րաս­տուիր Իս­րա­յէ­լի «սիր­տը կոտ­րել»:

Խօս­քը ան­շուշտ կը վե­րա­բե­րի Գա­հի­րէի կող­մէ ՄԱԿ-ի ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցուած ծրագ­րին, ո­րուն շնոր­հիւ Ե­գիպ­տոս բա­ւա­կան ի­րա­տե­սա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով պի­տի ա­ռա­ջար­կէր քուէար­կել ո­րո­շու­մի մը, ո­րուն հիմ­քով Իս­րա­յէլ պէտք է հրա­ժա­րէր վե­րաբ­նա­կեց­ման ո­րե­ւէ նոր ծրագ­րի որ­դեգ­րու­մէ:

Մինչ պա­ղես­տի­նեան կող­մը կը սպա­սէր, որ Եգիպ­տո­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պատ­րաս­տուած եւ վերբ­նա­կե­ցու­մը «կան­խար­գի­լող» նա­խա­գի­ծը Հինգ­շաբ­թի օր քուէար­կու­թեան դրուէր, ար­դէն Ուր­բաթ ա­ռա­ւօտ լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ կը փո­խան­ցէին օ­րա­կար­գի քննարկ­ման յե­տաձգ­ման մա­սին պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւ­նը:

Այս մա­սին կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն կը փո­խան­ցէր «Ալ Քուտս» պար­բե­րա­կա­նը, թէ Միացեալ Նահանգներու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած է նա­խա­գահ Սի­սիին հետ եւ վեր­ջի­նիս յոր­դո­րած՝ ներ­կայ պա­հուն հրա­ժա­րիլ նման ծրագ­րով հան­դէս գա­լէ:

Ու­շագ­րաւ է Ֆրան­սա­յի կեցուած­քը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով եւ բա­ւա­կան շեշ­տա­կի մօ­տե­ցու­մով մը յայ­տա­րարած է, թէ նե­ցուկ կը կանգ­նի Գա­հի­րէի այս ծրագ­րին՝ շեշ­տե­լով նաեւ, որ այդ օ­րի­նա­գիծ-ա­ռա­ջար­կը բազ­մա­կող­մա­նի ի­րա­տե­սա­կան ե­րե­սակ­ներ ու­նի:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ պէտք է ի մտի ու­նե­նալ, որ հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան վե­րաբ­նա­կեց­ման ծրա­գիր­նե­րուն դէմ ե­ղած բարձ­րա­ձայն յոր­դոր­նե­րուն, Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուի վե­րաբ­նա­կեց­ման ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու գրա­ւը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ա­ռաջ­նա­յին խնդիր:

Ե­թէ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան հա­մար երկ­րի բա­նա­կը ար­ժա­նի է յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան եւ դրա­մա­կան մեծ յատ­կա­ցում­նե­րու, ա­պա գաղտ­նիք չէ, որ Իս­րա­յէ­լի «քա­ղա­քա­կան հո­գե­բա­նու­թեան» մէջ ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­կարգ օ­րա­կար­գը բնա­կե­ցումն է:

Վե­րա­դառ­նա­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու վե­րաբ­նա­կեց­ման վե­րա­բե­րեալ ընդ­հա­նուր կե­ցուած­քին՝ նշեմ, որ այդ խնդրին մա­սին Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մի վեր­ջին ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հնչած է ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին, երբ Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան բան­բեր՝ Մարք Թո­նըր խօ­սե­լով Օ­պա­մա­յի Իս­րա­յէլ տա­լիք այ­ցին մա­սին կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ կա­տա­րած է: Թո­նըր ը­սած է, որ ի­րենց հա­մար ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան հան­գու­ցա­լու­ծու­մը ու­նի հիմ­նա­կան ճա­նա­պարհ մը, որն է Պիլ Քլին­թը­նի նա­խա­գա­հութեան շրջա­նին մշա­կած «եր­կու տէ­րու­թեանց լու­ծում» նա­խա­գի­ծը: Ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նեան այդ  ծրա­գի­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ան­գամ մը եւս «լռե­լեայն» ձե­ւով կը շեշ­տէր, որ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն հա­մար Թել Ա­ւի­ւի վե­րաբ­նա­կեց­ման բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը մեր­ժե­լի են:

Օ­պա­մա 2016 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 30-ին կը հաս­նէր Թել Ա­ւիւ, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Իս­րա­յէ­լի եր­կար տա­րի­նե­րու վար­չա­պետ եւ նա­խա­գահ Շի­մոն Փե­րէ­զի թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար Փե­րէզ «խա­ղա­ղու­թեան ջա­հա­կիր» մըն էր ու իս­րա­յէ­լա­ցի գոր­ծի­չին հան­դէպ ցու­ցա­բե­րուած յար­գան­քը պէտք է դի­տար­կել այդ տե­սան­կիւ­նէն, տրուած ըլ­լա­լով նաեւ, որ Օ­պա­մա­յի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ե­ղած են բա­ւա­կան լա­րուած եւ եւ «ժխտա­կան մե­սըճ»նե­րով լե­ցուն:

Յի­շեց­նենք, որ Թել Ա­ւիւ-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կտրուկ լա­րում ապ­րե­ցան 2010 թուա­կա­նին: Այդ տա­րին էր, որ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու ըն­դու­նե­լէ ետք Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի խոր­հուրդ­նե­րը վե­րաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը սա­ռեց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ, կը գոր­ծէր հա­կա­ռա­կը: Եւ կա­ռա­վա­րա­կան հրա­մա­նագ­րով մը կ՚որ­դեգ­րուէր 1600 բնա­կեց­ման վայ­րե­րու (բնա­կա­րան­նե­րու) կա­ռուց­ման ծրա­գիր մը՝ Ա­րեւմ­տեան Ա­փի «Ռա­մաթ շը­լո­մօ» շրջա­նին մէջ: Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով կը գտնուէր Թել Ա­ւիւ, իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը Նե­թա­նի­յա­հուի կա­ռա­վա­րու­թեան այս ո­րո­շու­մը կը բնու­թագ­րէր որ­պէս ապ­տակ՝ ուղ­ղուած Ո­ւա­շինկ­թը­նին: Ո­րո­շու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք Օ­պա­մա­յի թե­լադ­րան­քով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թըն եր­կար (43 վայր­կեան եւ բա­ւա­կան բոր­բո­քած) հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը կ՚ու­նե­նար Նե­թա­նի­յա­հուի հետ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կե­ցուած­քէն շատ տար­բեր չէ ՄԱԿ-ի ըն­թաց­քը՝ վե­րաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ: Այս մա­սին բա­ւա­կան խիստ գնա­հա­տա­կան­ներ տուած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի խա­ղա­ղու­թեան ՄԱԿ-ի յա­տուկ պա­տուի­րակ՝ Նի­քո­լայ Մը­լա­տի­նով, որ նիւ­թին մա­սին խօ­սած է Օ­գոս­տո­սին: Մը­լա­տի­նով դի­տել տուած է, որ Իս­րա­յէլ ցայ­սօր չի յար­գեր վե­րաբ­նա­կեց­ման խնդրին կա­պակ­ցու­թեամբ ՄԱԿ-ի ո­րո­շում­նե­րը եւ կը շա­րու­նա­կէ այդ մօ­տեց­մամբ փա­կել խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման ուղ­ղուած բո­լոր մա­կար­դա­կի երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը:

Պա­ղես­տի­նեան կող­մին հա­մար ալ խիստ մտա­հո­գիչ հարց մըն է վե­րաբ­նա­կե­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ այդ ճա­նա­պար­հով Իս­րա­յէլ կը փոր­ձէ ա­մէն գնով գետ­նի վրայ եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­րե­ւե­լեան հա­տուած­նե­րէն ներս մար­դագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նել:

Այս­քա­նը Իս­րա­յէ­լի վերաբ­նա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին: Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յա­պատ­կան հո­ղե­րու հան­դէպ Թել Ա­ւի­ւի ու­նե­ցած մօ­տե­ցում­նե­րուն։ Պէտք է յի­շեց­նել, թէ անոնք ու­նին բա­ւա­կան խոր ար­մատ­ներ եւ նո­րու­թիւն ալ չէ, որ անց­նող շուրջ եր­կար տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Թել Ա­ւիւ տար­բեր ե­ղա­նակ­նե­րով եւ մի­ջոց­նե­րով փոր­ձած է ձեռք դնել հա­յա­պատ­կան եւ շատ յա­ճախ «լքեալ» հա­մա­րուած հո­ղա­տա­րածք­նե­րու:

«ՍՈՒՐԲ ՓԻ­ԼԻՊ­ՊՈՍ»Ի ՊԱ­ՐԱ­ԳԱՆ

Որ­պէս ա­պա­ցոյց «Փի­լիպ­պո­սի աղ­բիւր» ա­նու­նով յայտ­նի ուխ­տա­վայրն է, ո­րուն մա­սին վեր­ջերս կա­րե­ւոր լրա­տըուու­թիւն մը հրա­պա­րա­կուե­ցաւ: Այս­պէս, ըստ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Յով­նան Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեա­նի, Ե­րու­սա­ղէ­մի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը, հա­կա­ռակ իս­րա­յէ­լա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան, Պատ­րիար­քա­րա­նի օգ­տին ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է։

Հայր Սուր­բը, որ օ­րեր ա­ռաջ խօ­սած է «Հայ Ձայն» ե­լեկտ­րո­նա­յին կայ­քին՝ ը­սած է, որ «Հա­մայն­քի Ս. Փի­լիպ­պոս սրբա­վայր կա­տա­րած տա­րե­կան ուխ­տագ­նա­ցու­թե­նէն ետք հրէա­կան «Ե­րու­շա­լաիմ» (Ե­րու­սա­ղէմ) թեր­թը Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին յօ­դուած մը հրա­պա­րա­կած է, ուր նշած է, թէ իս­րա­յէ­լեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է Հա­յոց Պար­տիար­քա­րա­նի վե­րոն­շեալ կա­լուա­ծը յանձ­նել Ազ­գա­յին Պար­տէ­զին, որ ա­պա­գա­յին քրիս­տո­նէա­կան այդ ուխ­տա­վայ­րը պի­տի վե­րա­ծէ կրօ­նա­կան հրեա­նե­րու «ջու­րով մաքր­ման» վայ­րի: Այս յօ­դուա­ծէն ետք Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Ար­քե­պիս­կո­պոս Մա­նու­կեան պար­զա­բա­նում մը հրա­պա­րա­կած է՝ պնդե­լով, որ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով՝ օ­րի­նա­կան եւ հան­րա­յին, տէր պի­տի կանգ­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­ղե­րուն։ Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան սպառ­նա­ցած է հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­ղե­րուն յա­ւակ­նող­նե­րուն։ Տ. Յով­նան Վար­դա­պետ ներ­կա­յա­ցու­ցած է «Փի­լիպ­պո­սի աղ­բիւր» սրբա­վայ­րի մա­սին՝ նշե­լով, որ ան Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նին կը պատ­կա­նի 1600-ա­կան թուա­կան­նե­րէն ի վեր: Կա­լուա­ծին մէջ կը գտնուի այն աղ­բիւ­րը, ո­րուն ջու­րով Ս. Փի­լիպ­պոս ա­ռա­քեալ մկրտած է ե­թով­պա­ցի ներ­քի­նին: Այս պատ­մու­թիւ­նը կը յի­շա­տա­կուի Նոր Կտա­կա­րա­նի Գործք Ա­ռա­քե­լոց գիր­քին մէջ (Գործք, 8:26­40): 1960 թուա­կա­նին Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­լուա­ծը յայ­տա­րա­րուած է «կա­նաչ գօ­տի», որ կը նշա­նա­կէ, թէ այդ տա­րած­քին վրայ ո՛չ սե­փա­կա­նա­տէ­րը (Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը) կրնայ ո­րե­ւէ բան կա­ռու­ցել, ա­ռանց կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­նու­թեան եւ ոչ ալ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ ա­ռանց Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի ար­տօ­նու­թեան: Տ. Յով­նան Վար­դա­պե­տի խօս­քով, տա­կա­ւին 2012 թուա­կա­նին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը Ե­րու­սա­ղէ­մի քա­ղա­քա­պե­տա­րան բո­ղո­քա­գիր ներ­կա­յա­ցու­ցած էր այդ շրջա­նին մէջ Ազ­գա­յին Պար­տէ­զի ա­ռա­ջար­կած զբօ­սաշր­ջա­յին գիւղ կա­ռու­ցե­լու ծրագ­րին դէմ՝ զայն դի­տար­կե­լով ան­յա­րիր «Փի­լիպ­պո­սի Աղ­բիւր» սրբա­վայ­րին:

«Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ դի­մում-նա­մակ մը կը պատ­րաս­տուի Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ։ Այդ մէ­կը պի­տի ու­ղար­կուի Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի հո­գե­ւոր պե­տե­րու ստո­րագ­րու­թեամբ, ո­րով կոչ պի­տի ուղ­ղուի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ վե­րա­նա­յե­լու սրբա­վայ­րը կա­նաչ գօ­տի յայ­տա­րա­րե­լու ո­րո­շու­մը եւ ար­տօ­նու­թիւն պի­տի տրուի պատ­րիար­քա­րա­նին՝ սրբա­վայ­րին մէջ մա­տուռ կա­ռու­ցե­լու», ը­սած է դի­ւա­նա­պետ Հայր Սուր­բը։

ՊԱՅ­ՔԱՐ՝ Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷ­ՄԻ ՀԱ­ՄԱՐ...

Ու­րեմն՝ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­տուա­ծին մէջ յա­ւե­լեալ հո­ղա­մա­սեր կոր­զե­լու եւ իւ­րաց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր միայն վե­րաբ­նա­կեց­ման վայ­րեր կա­ռու­ցե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, այլ նաեւ կայ մշա­կուած ե­ղա­նակ­ներ, ո­րոնց հիմ­քով երկ­րի միւս հա­մայն­քե­րու հո­ղա­մա­սե­րը եւս յայտ­նուած են թի­րա­խի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ եւ ո­րե­ւէ «բաց­թող­ման» կամ «լքման» պա­հու մը այդ հո­ղե­րը եւս կը դառ­նան Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւն: Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կը գտնուի այ­սօր Իս­րա­յէ­լը եւ ըն­թա­ցող պայ­քա­րը բա­ւա­կան խոր եւ եր­կար տա­րի­նե­րու ար­մատ­ներ ու­նի:

Այս պայ­քա­րին դի­մաց ալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ Ե­րու­սա­ղէ­մը «բո­լո­րին քա­ղաք» տես­նե­լու մտադ­րու­մին, շատ յա­ճախ սկսած է տե­ղի տալ, կրե­լով քա­ղա­քա­կան տար­բեր ո­րա­կի «ճնշում­ներ» եւ ազ­դուե­լով շրջա­նին մէջ առ­կայ ա­պա­հո­վա­կան եւ ըն­կե­րա­յին տա­րաբ­նոյթ պայ­ման­նե­րէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016