Խաղաղութիւնը՝ 2017 թուականի տարեմուտի մաղթանքներուն մէջ…
Օրացոյցի վերջին էջն ալ կը թերթենք եւ այսօր կէս գիշերին հրաժեշտ կու տանք ներկայ տարուան։ Ան կը յանձնենք պատմութեան ու կ՚ողջունենք 2017 թուականին գալուստը։ Հաւաքական կեանքէ ներս անընդհատ կրկնութիւն մըն է նոր տարի մը դիմաւորելը, իսկ միապաղաղութիւնը կու գան կանխել՝ բարի ցանկութիւնները, դրական սպասումները, ազնիւ ակնկալութիւնները, կարճ խօսքով, յոյսը...
Ամանորը խորհրդանշանն է մարդկութեան բնականոն ձգտումին՝ առ բարին, դրականն ու լաւը։ Որքան որ ալ տարուան տեւողութեան այդ ձգտումը, ընդհանրապէս, խաթարուի՝ իւրաքանչիւր ամանորին այդ մէկը կը վերակենդանանայ։ Խորքին մէջ, ի՞նչն է, որ կը խանգարէ այդ ձգտումին լիարժէք կենսագործումը։ Պատասխանը միանշանակ է. խաղաղութեան պակասը։
Համայն աշխարհ 2017 թուականը կը դիմաւորէ խաղաղութեան մաղթանքով։ Երկրագունդի վրայ խաղաղութեան պապակը մը մնայ անյագ։ Տօնական տրամադրութիւնը, դժբախտաբար, չի թակեր միլիոնաւոր ընտանիքներու բնակարաններուն դուռը։ Տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ յայտնուած են պատերազմական գօտիներէ ներս։ Նուազ չեն նաեւ անոնք, որոնք կը տառապին թշուառութեան ճիրաններուն մէջ։ Նոյնիսկ աշխարհի ամենաբարեկեցիկ երկիրներուն մէջ, հսկայական զանգուածներու մօտ կը նկատուի յուսահատութիւն։ Մարդիկ յոռետես դարձած են ապագայի համար։ Ախտաճանաչումներու ցուցակը կարելի է երկարել։ Ինչո՞ւ այսպէս...
Պարզ ու միակ պատճառը այն է, որ խաղաղութիւն չկայ աշխարհի վրայ։ Երբ պակսի խաղաղութիւնը, չես կրնար վայելել նոյնիսկ ունեցածդ։ Երբ պակսի համակեցութիւնը, ինքնաբերաբար զուրկ ես ունեցածդ ուրիշներու հետ բաժնելու ուրախութենէն։ Երբ չկայ համերաշխութիւն, դժուար թէ մէջդ ուժ գտնես՝ չունեցածդ ապահովելու եռանդով տոգորուելու համար։
Պատերազմը ներհակ է մարդ արարածի բնազդին։ Երբ չկայ խաղաղութիւն՝ չկայ նաեւ անվտանգութիւն, չկայ նաեւ ապահովութեան զգացում ու չկայ նաեւ երաշխաւորուած բնականոն կեանք։ Խաղաղութեան պակասը յոգնեցուցիչ ու զզուելի կը դարձնէ առօրեան։ Խաղաղութիւնը միակ ամուր ենթագետինն է, որու վրայ մարդ արարածը կրնայ ինքնադրսեւորուիլ ազատ, անկաշկանդ ու ար
ժանապատուութեամբ։ Պատերազմը հոմանիշն է ստրկութեան, կախուածութեան։ Պատերազմը հաւաքական կեանքը կ՚անդամալուծէ՝ իր առթած վախով։ Անիծեալներուն յարիր է անոր մթնոլորտը։
Ուրեմն, 2017-ի տարեմուտին ալ յամառօրէն մաղթենք խաղաղութիւն։ Հաւատարիմ մնանք խաղաղութեան ձգտումին ու վերանորոգ կամքով մեր հայեացքը սեւեռենք անոր վրայ, առանց յուսալքուելու։
Շնորհաւոր ամանոր...