ՊԱՐԱԳԼՈՒԽՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄ

Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ձեր­բա­կա­լուած են ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան հինգ պա­րագ­լուխ­ներ։ ՓՔՔ/ՔՃՔ-ի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղութիւն­նե­րու ծի­րէն ներս կա­տա­րուած են այս ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի նպա­տա­կով բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ յա­ռաջ կը տա­րուին գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րէն ո­մանք վեր­ջին շրջա­նին այ­ցե­լած են Քան­տիլ։ Ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րու մա­սին ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նին թղթած­րար­ներ՝ զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն հիմ­նե­լու, ղե­կա­վա­րե­լու կամ ա­նոր ան­դա­մակ­ցե­լու վե­րա­բե­րեա­լ։ Անոնք տարեմուտին այցելած են նաեւ Էրպիլ, Հիւսիսային Իրաք։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016