ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԻՐՔԸ Կ՚ԱՄՐԱՆԱՅ
Ամերիկեան Stratfor համաշխարհային հետազօտական կեդրոնին կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որու մէջ կը նախատեսուի, որ 2017 թուականին Ռուսաստան պիտի ուժեղացնէ իր ազդեցութիւնը Կովկասէ ներս։ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Պրեքսիթն ու Տանըլտ Թրամփի յաղթանակը գետին կը պատրաստեն, որպէսզի Ռուսաստան վերադարձնէ իր կորսնցուցած դիրքերը նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքէն ներս՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասը։ Զեկոյցին մէջ ընդգրկուած է, որ Հայաստան արդէն ցուցադրած է իր անսասան հաւատարմութիւնը Մոսկուայի նկատմամբ։ Թէեւ, ըստ Stratfor-ի վերլուծաբաններուն, այդ հաւատարմութիւնը լուրջ փորձութեան մը ենթարկուեցաւ անցեալ Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ պատահած պատերազմին ժամանակ։ Իսկ այդ պատերազմը հնարաւոր դարձաւ, ըստ զեկոյցի հեղինակներուն, որովհետեւ Ռուսաստան զբաղած է Ուքրայնոյ եւ Սուրիոյ խնդիրներով։
Նոյն զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ վերջին տարիներուն Մոսկուա եւ Պաքու աշխոյժ համագործակցութիւն ծաւալած են ռազմաթեքնիկ ոլորտէ ներս։ Ատրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներու սպառազինութիւն գնած է Ռուսաստանէն, ինչ որ աւելի կ՚ամրացնէ համագործակցութիւնը այդ երկու երկիրներուն միջեւ։ Եթէ սեփական խնդիրներու հետեւանքով Արեւմուտքի ազդեցութիւնը թուլանայ, ապա Ռուսաստան պիտի վերականգնէ իր դիրքերը թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի մէջ։ Նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք աւելի չէզոք արտաքին քաղաքականութիւն մը կը վարէին, այսօր կը խորացնեն իրենց յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ։ Յիշեալ վերլուծաբանները որպէս օրինակ թուարկած են Ատրպէյճանն ու Էօզպեքիստանը։
Աւելի՛ն, Տանըլտ Թրամփի ԱՄՆ-ի նախագահ ընտրուիլը հաւանական դարձուցած է Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Եթէ այդ հաւանականութիւնը դառնայ իրականութիւն, ապա փորձագէտներու կանխատեսումներով կրնայ այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծըւիլ, որ Արեւմուտքը կրնայ բաւ համարել պատժամիջոցները Ռուսաստանի դէմ։ Եթէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կարգաւորուին յարաբերութիւնները, ապա ռուսական կողմը յաւելեալ ժամանակ պիտի ունենայ յետ խորհրդային տարածքի երկիրներէն ներս իր ազդեցութիւնը ուժեղացնելու համար։ Գործընթացը արդէն սկսած է։ Այս առումով ալ զեկոյցին մէջ նշուած է՝ Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն օրինակը։ Ծանօթ է, որ այնտեղ իշխանութեան գլուխ եկած է ռուսամետ Իկոր Տոտին։ Ան արդար յայտարարած է, որ պիտի խորացնէ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ։ Փոխուած է նաեւ Վրաստանի քաղաքական վերնախաւին վերաբերմունքը Ռուսաստանի նկատմամբ։ Կոշտ հռետորաբանութիւնը եկած է փոխարինուիլ աւելի մեղմ դիրքորոշումով։ Բայց եւ այնպէս, վրացա-ամերիկեան համագործակցութիւնը ունի յարաբերաբար աւելի ամուր ենթագետին մը։ Նոյն վերլուծաբաններուն բանաձեւումով, կարելի չէ կանխատեսել, թէ որքան պիտի տեւէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան աջակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնոյ։ Զեկոյցի հեղինակներու կանխատեսումներով, հակառակ բարենպաստ պայմաններուն, Ռուսաստան դժուար, թէ յաջողի վերականգնել նախկին խորհրդային երկիրներէն ներս այն նոյն ազդեցութիւնը, զոր ունէր մինչեւ 2010 թուականը։
Atlantico ֆրանսական վերլուծական կայքէջն ալ վերջին օրերուն հրապարակեց 2017 թուականի վերաբերեալ փորձագէտներու կանխատեսումները՝ աշխարհի կարեւոր զարգացումներուն եւ միտումներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ֆրանսացի քաղաքագէտ ու հրապարակագիր Ալեքսանտր Տել Վալ մատնանշած է, որ 2017 թուականին Ռուսաստան կրնայ վերադառնալ միջազգային մեծ ասպարէզ եւ աշխարհ կրնայ ականատես դառնալ անոր աննախընթաց հզօրացման։ Ըստ Տել Վալի, Ռուսաստան միջազգային ասպարէզի վրայ պիտի գրաւէ ամենաբարձր դիրքը եւ 2015-ին արդէն սկսած է համապատասխան ընթացքը։