ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ 200-ԱՄԵԱԿԸ

2017 թուա­կա­նի յատ­կան­շա­կան յո­բե­լեան­նե­րու շար­քին է աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200-ա­մեա­կը։ Ան գե­ղա­րուես­տա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րում կա­տա­րած, անջն­ջե­լի հետք թո­ղած ա­րուես­տա­գէտ մըն է, իբր այդ իր յո­բե­լեա­նը պի­տի նշուի ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ որ­դեգ­րուած ցու­ցա­կին ծի­րէն ներս։ Տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան նա­խա­տե­սուած են հայ մեծ նկար­չի գոր­ծե­րու զա­նա­զան մեծ ցու­ցա­հան­դէս­ներ՝ աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Այ­վա­զովս­քիի քա­նի մը գոր­ծերը կը գտնուին նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոյին մէ­ջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016