ԱՄԱՆՈՐԻ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ
-Բարի Կաղանդ․ Աստուած ամէն տարի հասցնէ սա օրին։
Յակոբ Օշական («Կաղանդի հեքիաթ»)
Շնորհաւոր Նոր տարի,
Եւ մաղթում եմ ձեզ համար
Նոր բախտ, նոր օր ոսկեվառ։
Յովհաննէս Թումանեան («1 Յունուարի»)
Խաղաղութիւն մաղթենք հողին,
Մաղթենք՝ ամէն սար ու ձորում
Բողբոջներին բացուելու բախտ
Եւ ծիլերին հասկաւորում:
Սիրողներին մաքուր սիրոյ
Հաւատ մաղթենք մի հաստատուն,
Իմաստունին կորով մաղթենք,
Եւ կտրիճին իմաստութիւն։
Մերձաւորին վստահութիւն,
Մեծաւորին՝ ներող հոգի,
Բարուն ազատ թեւեր մաղթենք
Եւ բարութիւն ամէն ոքի:
Համօ Սահեան («Նոր տարու հետ նորանալով»)
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք:
Զահրատ («Կաղանդի ծառ մը»)
Երնէկ թէ այս Նոր տարին
Ոտքի կանգնէր Հայաստան,
Եւ կիսաքանդ մեր Կարին
Լինէր քաղաք մեր ոստան:
Ռափայէլ Պատկանեան («Նոր տարի»)
-Խաղաղութի՜ւն մեր այս տարուայ մեռեալին, խաղաղութի՜ւն ձեր բոլորին,
Խաղաղութի՜ւն աշխարհներու անգութներուն եւ ձեր սիրտը ձեզ ապաւէն։
Սիամանթօ («Կաղանդի իրիկուն»)
․․․Թող ամէն մարդ Կաղանդին պտուղ ունենար հոս, ու անդիի աշխարհքն ալ ամէն մարդ արքայութիւն երթար, աւելի աղէկ չէ՞ր ըլլար:
Երուանդ Օտեան («Կաղանդի վիպակ»)
․․․Կաղանդէն վերջ, որ մանուկներուն տօնն է, Ծնունդը կը յատկանշէ մեծերու տղայութիւնը։ Ու եթէ, այսպէս, ճակատագրական է մոգութիւնը, մաղթենք զայն աւելի հաստատուն գետնի մը վրայ։ Կամ, քանի որ գուշակութիւններու օրն է նոյն ատեն, նայինք մեր դարուն առեւտրական, աթոմական, ու գիտական ու վարդապետական մոգութիւններուն եւ ջանանք մեր սպառած, պարպուած աւանդութիւններէն վեր՝ փնտռել խանդավառութեան նոր տուեալներ ապագային մէջ եւ ջանանք ծառայեցնել զանոնք ի նպաստ մեզի։
Նիկողոս Սարաֆեան («Ծնունդի առթիւ»)