ԱՐԱԲ ԲՈՒՆԱՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻԻՆ
Կը բերէր հայրըս Հալէպէն տեսակ-տեսակ խաղալիքներ,
Կը վաճառէր, հայ եւ օտար պաշտօնէից բարեկեցիկ.
Արաբ Բունար, երեկոյեան ժամերգութենէն տուն դարձին,
Ընտրելագոյն խաղալիքներն կը զատէր ան, տուն կը բերէր՝
Նուիրելու աղջիկ-տղոց՝ մեզի եւ մեր ազգականաց։
Մեծ հօրս եւ մեր տօնածառին գոյնզգոյն ու շողշողագին
Աստղեր, զանգեր, ձիւնի նման ճերմակ գնդակ կը զետեղէր։
Նահապետ մեծ հօրս տունը կ՚երթայինք մենք, ազգականներն,
Միասնաբար ճաշակելու ուտելիքները պէսպիսի,
Թարմ ու չորցած պտուղները եւ հրուշակը Կաղանդի։
Մթնոլորտը կը շէննար ու կը ճոխանար հետզհետէ
Երգ ու պարով կ՚ողջունէինք մեր սպասած նոր տարին,
Մեր սէրերը յաւելելու ազնիւ, բարի Տէր Յիսուսին:
Կաղանդ Պապուն նուէրներուն հրապոյրով երազային
Կը սպասէինք՝ ան կը մտնէր վախցնելու իր չարագին
Գաւազանով։ Փոքրիկները իրենց վախէն կը դողային։
Որո՞ւն հոգը՝ Կաղանդ Պապան լեղապատառ կ՚ընէր մեզի,
Հաճոյք կ՚առնէր մեր վախերէն ու մեծերն ալ՝ նման իրեն։
Չէր նմաներ մեր գծագրած Յիսուս մանկան նկարագրին։
Կը պարէր ան, կը ծեծէր մեզ խաղալիքի պարկը շալկին։
Աղջիկներուն, բարի տղոց կու տար մաղթանք ու նուէրներ։
Անցեալ տարուան մեր կատարած չարութիւններն ալ կը յիշէր։
Կծկուելու, պաշտպանուելու ճիչով լալկան խոյս կու տայինք,
Կարծելով թէ ան չէր կրնար գալ մեզ հարուածել մեծ հօրս ետին…։
Նուէր կու տար, երբ շատ յուզուած գոց ըսէինք ու երգէինք։
Ծափերուն մէջ ցատկռտելէն շունչ մը կ՚առնէր ու կը ճառէր,
Անցեալ տարուան հանդիսաւոր նոյն խօսքերը ան կը կրկնէր՝
«Արարատի ձիւնին մէջէն եկեր եմ ձեզ նուիրելու այս նոր տարիս»։
Վայրկեան առաջ գաւազանը առնէր երթար՝ կ՚աղօթէինք,
Ու թող երթար, ուր որ կ՚ուզէր, բայց լա՛ւ ըլլար իր նոր տարին։
Մեկնելէն ետք, մեծ ու պզտիկ, կը տօնէինք մեր նոր տարին։
Մեզի բերած նուէրներովն ուրախ զուարթ կը խաղայինք,
Փոքրիկներուս աչուկները երազներով կը փակուէին,
Կ՚երթայինք տուն մէկուն գրկին, անկողինին կը մտնէինք։
Մինչ մեծերը կը փորձէին դրամ խաղալ նոր տարիին,
Տեսնելու թէ ո՞վ բախտաւոր եւ ո՞վ անբախտ ըլլայ պիտի։
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024