ՀԱՐՑ-ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Հար­ցում. Նոր տա­րի տօ­նե­լը քրիս­տո­նէա­կա՞ն է:

Պա­տաս­խան. Կ­՚ապ­րինք մեծ ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, ուր բազ­մա­զան եւ բազ­մա­թիւ օ­րէնք­ներ ու սո­վո­րու­թիւն­ներ կան, ո­րոնց այս­պէս կամ այն­պէս, որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, ան­պայ­ման կ՚ա­ռըն­չուինք: Այդ սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն մէկն է, օ­րի­նա­կի հա­մար, Նոր տա­րին: Նոր տա­րին իր էու­թեամբ ո՛չ մէկ հա­կաս­տուա­ծաշն­չա­կան կամ հա­կաք­րիս­տո­նէա­կան բան ու­նի, ան­շուշտ երբ կը տօ­նա­կա­տա­րուի պարտ ու պատ­շաճ կեր­պով: Ա­ւե­լորդ է խօ­սիլ այն ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րու որ­պէս հե­տե­ւանք կը պար­զուին մեր աչ­քին առ­ջեւ Նոր տա­րուան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին, վնաս հասց­նե­լով նախ եւ ա­ռաջ խնդրոյ ա­ռար­կայ ան­ձե­րուն կամ ի­րե­րուն եւ ա­պա աս­տի­ճա­նա­բար ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րին ու ըն­կե­րու­թեան ընդ­հան­րա­պէս:

Մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ կեան­քը կա­նո­նա­կա­նա­ցուած եւ կազ­մա­կեր­պուած ա­ռաջ կ­՚ըն­թա­նայ, կը նշմա­րենք թէ ինչ­պէս իւ­րա­քան­չիւր տա­րուան ա­ւար­տին ըն­կե­րու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ե­ռու­զե­ռի կը մատ­նուին, ի­րենց հաշուե­փա­կը կա­տա­րե­լու եւ ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րում կա­տա­րե­լու հա­մար, եւ այդ ար­ժե­ւո­րում­նե­րուն հա­մա­ձայն ծրա­գիր կը մշա­կեն ի­րենց հե­տա­գայ նպա­տակ­նե­րուն եւ որ­դեգ­րե­լիք ըն­թաց­քին հա­մար:

Ե­թէ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն պա­րա­գա­յին այդ­պէս է, հա­պա որ­քա՞ն ա­ւե­լի՝ մարդ ան­հա­տին հա­մար, որ բաղ­կա­ցու­ցիչ տարրն է այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն:

Սաղ­մո­սաց գիր­քին հե­ղի­նա­կը իր ա­ղեր­սը ուղ­ղե­լով Աս­տու­ծոյ, կ­՚ա­ղա­ղա­կէ. «Մա­քուր սի՛րտ մը հաս­տա­տէ մէջս, ո՜վ Աս­տուած, նոր եւ ու­ղիղ հո­գի՛ դիր իմ ներ­սի­դիս» (Սղ 51.10): Ի՜նչ ու­ժեղ կը հնչեն Դա­ւիթ մար­գա­րէին խօս­քե­րը, որ թա­գա­ւորն ըլ­լա­լով ամ­բողջ հրեայ ժո­ղո­վուր­դին, կ­՚ա­ղեր­սէր որ «մա­քուր սիրտ եւ նոր ու ու­ղիղ հո­գի հաս­տա­տէ ու դնէ» իր ներ­սի­դին ո­ղոր­մածն Աս­տուած: Իւ­րա­քան­չիւր մարդ իր կեան­քի ըն­թաց­քին կա­րիքն ու­նի այն­պի­սի պա­հե­րու, երբ նե­րամ­փո­փուե­լով գողտ­րիկ զրոյց կ՚ու­նե­նայ իր Ա­րա­րի­չին հետ, խնդրե­լով Ան­կէ նո­րո­գու­թիւն եւ մաք­րու­թիւն, պար­կեշ­տու­թիւն եւ ան­կեղ­ծու­թիւն, սրբու­թիւն եւ նուի­րում:

Ար­դա­րեւ, Նոր տա­րին պէտք է իւ­րա­քան­չիւր մար­դու հա­մար վե­րա­նո­րո­գու­թեան եւ ներ­քին մաք­րու­թեան ա­ռիթ ըլ­լայ: Ա­ռիթ, ո­րուն մի­ջո­ցաւ ինք­նաքն­նու­թիւն կա­տա­րե­լով «մեր­կա­նանք հին ու կեղ­տոտ մար­դը, եւ ա­նոր փո­խա­րէն հագ­նինք նորն ու մա­քու­րը»: Ա­ռիթ՝ հա­շուե­տուու­թիւն կա­տա­րե­լու նախ եւ ա­ռաջ մեր Ա­րա­րի­չին, ա­պա մենք մե­զի ու մեր մի­ջա­վայ­րին, ինչ­պէս նաեւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գին:

Ե­թէ Նոր տա­րին այս գա­ղա­փար­նե­րով դի­մա­ւո­րենք ու այս մօ­տե­ցու­մով տօ­նա­կա­տա­րենք, ան մե­զի հա­մար բնա­կա­նա­բար կը դառ­նայ օրհ­նու­թիւն եւ ոյ­ժի աղ­բիւր, դի­մա­կա­յել կա­րե­նա­լու եւ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար ա­մէն տե­սա­կի փոր­ձու­թիւն, որ կը հան­դի­պի մե­զի: Ա­ւե­լին, ան մե­զի հա­մար կը վե­րա­ծուի ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թեան ա­ռի­թի, ո­րուն մի­ջո­ցաւ կանգ­նե­լով մենք մեր դի­մաց, կա­րե­լիու­թիւն կ­՚ու­նե­նանք սրբագ­րե­լու մենք մեզ եւ «դա­շինք» կնքե­լու, որ մեր հե­տա­գայ քայ­լե­րը պի­տի ըլ­լան ա­ւե­լի կա­յուն եւ սխալ­նե­րէ հե­ռու:

Ի վեր­ջոյ, Նոր տա­րին պէտք է դի­մա­ւո­րենք մեր Երկ­նա­ւոր Հօր տան՝ ե­կե­ղե­ցիին մէջ: Ե­թէ նո­րո­գու­թիւնն ու մաք­րու­թիւնը Աս­տուծ­մէ է որ կը խնդրենք, հե­տե­ւա­բար պէտք է դի­մենք Ա­նոր: Ե­թէ կ­՚ու­զենք իս­կա­պէս սրբա­նալ ու ար­դա­րա­նալ՝ պի­տի նո­րո­գուինք ե­կե­ղե­ցիէն ներս ու ե­կե­ղե­ցիով: Ա­ռանց ե­կե­ղե­ցիի նո­րո­գու­թիւն ու սրբու­թիւն չկայ, իսկ ե­կե­ղե­ցին Աս­տու­ծոյ տունն է այս աշ­խար­հին վրայ, ուր բազ­մա­թիւ գան­ձեր ու օրհ­նու­թիւն­ներ կան, ո­րոնք մե­զի կը սպա­սեն:

Հ. Ին­չո՞ւ հա­մար Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին մեր Տի­րոջ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի տօ­նը Յու­նուար 6ին կը տօ­նէ:

Պ. Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծննդեան տօ­նը կը կա­տա­րէ Յու­նուար 6ին, ի տար­բե­րու­թիւն Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ շարք մը այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու:

Աս­տուա­ծա­շուն­չին մէջ մեր Տի­րոջ ծննդեան թուա­կա­նին մա­սին ո՛չ մէկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն կայ: Սա­կայն, մին­չեւ չոր­րորդ դար բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­ներն ալ Քրիս­տո­սի ծննդեան տօ­նը կը կա­տա­րէին Յու­նուար 6ին: Չոր­րորդ դա­րէն սկսեալ Կա­թոլիկ ե­կե­ղե­ցին Յի­սու­սի ծննդեան տօ­նը սկսած է կա­տա­րել Դեկ­տեմ­բեր 25ին: Այդ թուա­կա­նին տօ­նա­կա­տա­րե­լու հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը հե­տե­ւեալն էր՝ որ­պէս­զի Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին կա­րե­նար խա­փա­նել հե­թա­նո­սա­կան տօ­նե­րը, յատ­կա­պէս ա­րեւ չաս­տու­ծոյն նուի­րուած տօն-պաշ­տա­մուն­քը, որ մեծ շու­քով կը կա­տա­րուէր Դեկ­տեմ­բեր 25ին:

Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր միւս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք հե­տե­ւե­ցան Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ որ­դեգ­րած նոր թուա­կա­նին, Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի ծնուն­դը սկսան տօ­նա­կա­տա­րել Դեկ­տեմ­բեր 25ին, իսկ Աս­տ-ւա­ծա­յայտ­նու­թիւ­նը՝ Յու­նուար 6ին:

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ա­ռա­քեալ­նե­րուն եւ ա­ռա­ջին դա­րե­րու ե­կե­ղեց­ւոյ թո­ղած սրբա­զան ա­ւան­դու­թեան, մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծննդեան տօնն ու Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թիւ­նը տօ­նա­կա­տա­րել Յու­նուար 6ին:

Այս­տեղ շարք մը վկա­յու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նենք մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծնուն­դին մա­սին, ո­րոնք քա­ղած ենք Վար­դան Այ­գեկ­ցիի «Գիրք Հաս­տա­տու­թեան եւ Ար­մատ Հա­ւա­տոյ» հա­տո­րէն (կազ­մեց՝ Շա­հէ քհնյ․ Հայ­րա­պե­տեան, Ե­րե­ւան, 1998)։

Կ­ՂԵ­ՄԷ­ՍԻ Ա­ՌԱ­ՔԵ­ԼԱ­ՍԱՀ­ՄԱՆ ԿԱ­ՆՈՆ­ՆԵ­ՐԷՆ. Ա­ռա­քեալ­նե­րը Տի­րոջ ծնուն­դը Յունուար վե­ցին տնօ­րի­նե­ցին (սահ­մա­նե­ցին)։

­ՊՕ­ՂԻ­ԿԱՐ­ՊՈՍ Ե­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ, ՈՐ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ (Ա­ՌԱ­ՔԵԱ­ԼԷՆ) ԼՍԱԾ Է. Փրկի­չին ծնուն­դը Կի­րա­կի պա­տա­հե­ցաւ եւ մկրտու­թիւ­նը՝ ե­րե­սուն տա­րի ետք նոյն ամ­սուն (նոյն օ­րը պա­տա­հե­ցաւ), Չո­րեք­շաբ­թի։

Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷ­ՄԻ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵՏ. Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­ներն ու օ­րէնք­նե­րը ութ օր ծե­րերն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պա­հե­ցին, ո­րոնց մէջ Շա­բաթն ու Կի­րա­կին, եւ եօթ­նե­րորդ օ­րը, որ օ­րուան որ հան­դի­պէր, կը կա­տա­րէին ծննդեան եւ մկրտու­թեան խոր­հուր­դը, ո­րով­հե­տեւ աս­տուա­ծա­յին եւ փրկա­գործ է։

ԳՐԻ­ԳՈՐ ԱՍ­ՏՈ­ՒԱ­ԾԱ­ԲԱՆ. Ե­պիս­կո­պո­սը իր ե­կե­ղեց­ւոյ (վի­ճա­կին) հա­մար Տի­րոջ ծնունդն ու յայտ­նու­թիւ­նը Յու­նուար վե­ցին թող սահ­մա­նէ, ո­րով­հե­տեւ աս­տուա­ծա­յին եւ տէ­րու­նա­կան է եւ որ օ­րուան ալ հան­դի­պի՝ կը տօ­նուի։ Տէ­րը Փետ­րուար տասն­չոր­սին տա­ճար ե­կաւ։

ԴԱՐ­ՁԵԱԼ. Բա­նը մեզ իբ­րեւ ե­րեք ծնունդ կը ճանչ­նայ. մէ­կը փչու­մով՝ Սուրբ Հո­գին պի­տի գայ քե­զի (Ղկ 1.35). երկ­րոր­դը՝ ա­ւե­տու­մով, Բա­նը մար­մի­նը միա­ցուց ի­րեն, որ­պէս քա­ռաս­նօ­րեայ մա­նուկ. միւ­սը՝ մարմ­նա­նա­լով եւ մկրտու­թեամբ։

Կը տես­նե՞ս, ծնունդն ու մկրտու­թիւ­նը ան­բա­ժա­նե­լի են, կ­՚ը­սէ, եւ ճա­ռը Տի­րոջ յայտ­նու­թեան կը վե­րագ­րէ, թէ Քրիս­տոս ծնաւ եւ ե­րեւ­ցաւ՝ Աս­տ-ւած եւ մարդ, նոյն մկրտու­թեան օրն է, եւ կը ցուց­նէ թէ ծնուն­դը ե­րե­կո­յեան էր եւ մկրտու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ւօ­տուն։ Այս կա­րե­ւոր, ա­ռաջ­նա­կարգ հարց է, ծնուն­դը ի­րի­կու­նը տօ­նել, իսկ մկրտու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ւօ­տուն։

ՀԻՊ­ՊՈ­ՂԻ­ՏՈՍ Ե­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ. Ըստ Ղու­կա­սի, (մեր) Տէ­րը ինն ա­մի­սէն ծնաւ եւ ե­րե­սուն տա­րե­կա­նին մկրտուե­ցաւ, նոյն օ­րը. «Եւ շուրջ ե­րե­սուն տա­րե­կան էր» (Ղկ 3.23). քիչ մը ան­դին մկրտու­թեան մա­սին կը խօ­սի, ո­րով­հե­տեւ ան­կա­րե­լի էր տար­բեր օր մը ծնիլ եւ տար­բեր օր մը մկրտուիլ ու մեր մէջ թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել, ո­րով­հե­տեւ (ո­մանք այդ պատ­ճա­ռով) կ­՚ը­սեն, թէ ու­րիշ է ծնա­ծը եւ ու­րիշ՝ մկրտուա­ծը, ո­րով­հե­տեւ եր­կու բնու­թիւն­ներ եւ եր­կու որ­դի­ներ խոս­տո­վա­նե­ցան եւ այդ (պատ­ճա­ռով) ա­նոնք ո­րոնք անհ­նա­զանդ էին, տօ­նը բաժ­նե­ցին։ Իսկ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ե­կե­ղե­ցին նոյն օ­րը կը տօ­նէ մեր Տի­րոջ ծննդեան եւ մկրտու­թեան տօ­նը։

ԿԱՐ­ՆՈՅ (ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ) ԿԱ­ՆՈՆ­ՆԵ­ՐԷՆ, ՈՐ ԳՐՈ­ՒԵ­ՑԱՆ ՅՈՒՍ­ՏԻԱ­ՆՈ­ՍԻ ՀՐԱ­ՄԱ­ՆՈՎ. Յայտ­նու­թեան տօ­նը ա­ռա­քեալ­նե­րը Յու­նուար վե­ցին սահ­մա­նե­ցին Աս­տու­ծոյ փառ­քին (եւ) ու­րա­խու­թեամբ տօ­նե­լու հա­մար. եւ (ան) որ (աս­կէ) տար­բեր կը խոր­հի եւ Ար­տե­մո­նին հե­տե­ւե­լով Դեկ­տեմ­բեր քսան­հին­գին կը տօ­նէ ծնուն­դը, Աս­տուծ­մէ եւ (այս) Սուրբ ժո­ղո­վէն նզո­վուա՛ծ թող ըլ­լայ։

ՀԱ­ՅՈՑ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ. Ան որ ծնուն­դը յայտ­նու­թե­նէն ա­ռաջ կը կա­տա­րէ, ստա­խօս է. ո­րով­հե­տեւ ծնունդն ու յայտ­նու­թիւ­նը մէկ են. Սուրբ Գիր­քին մէջ յայտ­նի է, որ կ­՚ը­սէ. «Այս­պէս պա­տա­հե­ցաւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծնուն­դը» (Մտ 1.18)։

­ՀԱ­ՅՈՑ ՆԵՐ­ՍԷՍ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈ­ՍԻ ՄԱ­ՆԻԼ ԹԱ­ԳԱ­ՒՈ­ՐԻՆ ՈՒՂ­ՂԱԾ ՆԱ­ՄԱ­ԿԷՆ. Այս է հա­յոց ա­ւան­դու­թիւ­նը նախ­նիք­նե­րէն սկսեալ՝ ծննդեան եւ մկրտու­թեան տօ­նը մէկ օ­րուան մէջ տօ­նել. այս մէ­կը պա­տա­հա­կան չէ, ո­րով­հե­տեւ նա­խա­պէս ա­մէն ե­կե­ղե­ցի­նե­րը նոյ­նը կը կա­տա­րէին, որ ձեր ի­մաս­տու­թեամբ հասկ­նա­լի (կը դառ­նայ ձե­զի), թէեւ յե­տոյ տօ­նը եր­կու­քի բաժ­նե­ցին։ Իսկ մենք Սուրբ Գրի­գո­րէն մե­զի ա­ւան­դուա­ծը ան­փո­փոխ պա­հե­ցինք, որ ըստ Ղու­կա­սի ը­սա­ծին՝ «Այդ օ­րե­րէն ետք իր տու­նը գնաց եւ իր կի­նը՝ Ե­ղի­սա­բէ­թը յղա­ցաւ» (Հմմտ Ղկ 1.23-24), իսկ տե­սիլն ու պա­պան­ձու­մը քա­ւու­թեան տօ­նին ա­ռա­ջին օ­րը պա­տա­հե­ցան։

Հ. Մարդ ի՞նչ պէտք է փա­փա­քի մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծննդեան տօ­նին ժա­մա­նակ:

Պ. Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը պի­տի թո­ղունք լու­սա­հո­գի Զա­րեհ Արք. Ազ­նա­ւո­րեա­նին, որ այն­քա՜ն հա­րա­զատ կը ներ­կա­յաց­նէ իր փա­փաք­նե­րը, ո­րոնք կը պատ­շա­ճին իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեա­յի, ո­րուն հա­մար ման­կա­ցեալ Յի­սուս մա­նու­կը լոկ մա­նուկ մը չէ, այլ՝ Աս­տուած է: Կար­դա՛նք Ազ­նա­ւո­րեան Սրբա­զա­նին գրած տո­ղե­րը.

«Ես պի­տի ու­զէի որ հո­գիս ծան­րա­բեռ­նուած չըլ­լար ա­ռօ­րեայ հա­զա­րու­մէկ հո­գե­րով, գրա­ւուած ու խճո­ղուած չըլ­լար աշ­խար­հին վե­րա­բե­րող մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով, որ­պէս­զի հո­գիիս խո­րը կա­րե­նա­յի ու­նե­նալ ա­զատ ան­կիւն մը, ուր ման­կա­ցեալ ու մար­դա­ցեալ իմ Փրկիչ Աս­տուածս ու­նե­նար մսու­րան­ման իր գա­հը, եւ դառ­նար կեան­քիս ամ­բող­ջա­կան տէ­րը, ա­ռաջ­նոր­դը եւ հո­վի­ւը, եւ ես այ­լեւս ո­րե­ւէ բա­նի կա­րօտ պի­տի չմնա­յի։

«Ես պի­տի ու­զէի որ միտքս ծան­րա­բեռ­նուած չըլ­լար աշ­խար­հի գի­տու­թիւ­նը ամ­բա­րե­լու մո­լուց­քով, բայց կա­րե­նա­յի զԱս­տուա՛ծ ճանչ­նալ, իմ ման­կա­ցեալ ու մար­դա­ցեալ Փրկիչ Աս­տուածս ճանչ­նալ մարդ­կա­յին իմ խեղճ միտ­քիս ամ­բողջ զօ­րու­թեամ­բը, այն­պէս՝ որ այդ ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը ըլ­լար մտա­ծո­ղու­թիւնս լու­սա­ւո­րող եւ ա­ռաջ­նոր­դող միակ ջա­հը եւ զայն ար­բու­ցա­նող կեն­դա­նա­րար աղ­բիւ­րը, եւ ես այ­լեւս միտ­քով պի­տի չթա­փա­ռէի աշ­խար­հի ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ, պա­պակս յա­գեց­նե­լու հա­մար։

«Ես պի­տի ու­զէի որ սիրտս ծան­րա­բեռ­նուած չըլ­լար խառ­նափն­թոր ու դառ­նա­ցու­ցիչ զգա­ցում­նե­րով, այլ կա­րե­նա­յի մա­նուկ սիր­տի մը ամ­բողջ պար­զու­թեամբն ու ամ­բող­ջա­կան ան­կեղ­ծու­թեամ­բը՝ իմ խեղճ, բայց մու­րա­ցեալ սիր­տիս խո­րը ըն­կա­լել, գրկել ու համ­բու­րել եւ ե­րախ­տա­գէտ ու եր­կիւ­ղած սիր­տով խո­նար­հիլ ու պաշ­տել ման­կա­ցեալ ու մար­դա­ցեալ իմ Փրկիչ Աս­տուածս, որ ին­ծի հա­մար օր մը ե­կաւ աշ­խարհ, որ­պէս­զի իմ սիրտս չմնայ ա­ռանց սի­րոյ եւ կրա­կի, եւ ես Իր ներ­կա­յու­թեամ­բը հրա­ցած՝ կա­րե­նամ Իր սէ­րը ճա­ռա­գայ­թել աշ­խար­հին» («Լոյս եւ Հա­ղոր­դու­թիւն», Նի­կո­սիա, 2005, էջ 47):

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016