ԿԱՂԱՆԴԻ ՅՈՒՇԵՐ
Հօրաքոյրս՝ Տիկին Արաքսին երկու մանչ զաւակներ ունէր, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով, Լիբանանի պատերազմին, տարիներ առաջ, մեկնած էին Եւրոպա ու հոն ընտանիք կազմած:
Հօրաքրոջս սրտին զարկը տկար էր, կարօտը կը ճմլէր ու կը հալեցնէր եօթանասունհինգ տարիքը բոլորած կինը: Այդ տարին 1992ի ամառն էր։ Հօրաքոյրս տան մէջ ինկաւ, ոտքը կոտրեցաւ, հիւանդանոց վերցուցինք զինք եւ գործողութենէն ետք զաւակներուն որոշումին հիման վրայ Ազգային Ծերանոց փոխադրեցինք, որպէսզի հոն պէտք եղած խնամքը ստանար:
Ծերանոցին առաջին յարկը, ուր վատառողջ ծերերը կ՚ապաստանէին, հօրաքոյրս ամիս մը մնաց: Այդ յարկէն յաճախ ցաւի կանչեր կը լսուէին:
Հօրաքրոջս վիճակը ժամանակ մը ետք բարելաւեցաւ, զինք երկրորդ յարկ փոխադրեցին՝ առողջ ծերերու բաժինը:
Ան հիւրասէր ու ընկերային կին մըն էր։ Չեմ մոռնար պատրաստած մանթըն, նամմուրան, սարը պուրման եւ այլ համեղ կերակրատեսակները:
Ծերանոց կ՚այցելէինք իրեն։ Հազիւ մեզ տեսնէր՝ կը համբուրուէր:
-Աղէկ միտքերնիդ ինկայ,- կ՚ըսէր կէս ժպիտով մը:
Իր սենեակին կից գտնուող ծերունիներն ալ մեր շուրջ կը հաւաքուէին ու կողմնակի մեր զրոյցներուն կը մասնակցէին:
Կային մարմնով առողջ, բայց ուղեղով տկարացած ծերունիներ, օրինակ՝ Արուս մայրիկը, որ ամբողջ ժամերը կ՚անցընէր պատշգամը աջէն ձախ երթալ-գալով: Երբ պատշգամին ծայրը հասնէր՝ կը հարցնէր.
- Թրամվայը ո՞ր կողմէն կ՚անցնի:
Հարցումին պատասխանող մըն ալ կը գտնուէր.
- Մի՛ւս կողմէն,- կ՚ըսէր մէկը:
- Թրամվայ բառը հայերուս ծանօթ բառ մըն է․ այս բառը հայու ճակատագիրը ու գաղթը միտքս կը բերէր:
Ուրիշ ծերունի մը այցելուներուն դիմաց կը պարէր եւ միշտ ուրախ տրամադրութիւն մը ունէր:
Մայրիկ մըն ալ միշտ կը կրկնէր․
- Յուլիսին պիտի գան տանին ինծի։
Բայց արդէն քանի՜ Յուլիսներ անցած էին եւ ինք չէր գիտեր:
Սենեակներու բաժանման մէջտեղի լայն ու ընդարձակ տարածութիւնը բոլորին կը պատկանէր եւ հոն ծերունիները հեռատեսիլ կը դիտէին։ Օր մը, երբ լուրերուն կը հետեւէինք, լուրերու աւարտին ծերունի մը ըսաւ.
- Խօսնակնե՛րը ժպտացին, հերալ տա բան մը կայ:
Ու բոլորս ծիծաղեցանք:
Կաղանդի շաբաթն էր։ Ծնողքիս որոշումով հօրաքոյրս ծերանոցէն մեր տունը պիտի բերէինք, որպէսզի Նոր տարին միասին անցընէինք: Բարեկամուհիիս հետ գացի ծերանոց: Ծերանոցի մուտքին զարդարուն տօնածառը կարծես պահակի դեր ըս-տանձնած էր, հպարտ կանգնած մեզ կը դիտէր:
Բարձրացանք երկրորդ յարկ, աչքիս զարկին փայլուն զարդարանքները, վառվռուն լոյսերը. դպրո՞ց է, թէ ծերանոց՝ հարց տուի ինքզինքիս: Ծերերու դպրոց է, ծերունիները հաստատութեան օրէնքներուն պէտք է հետեւին. որոշուած ժամուն կ՚ուտեն, կը քնանան, որոշուած ժամուն այցելուներ կ՚ընդունին...:
Այդ օր խումբ մը սկաուտներ եկած էին, յայտագիր պատրաստած էին եւ ծերունիները շուրջպար բռնած, ուրախ զուարթ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ էին: Ասմունքեցին, երգեցին նուէրներ ստացան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին. մեծամասնութիւնը գոհ էր:
Կային սակայն ծերունիներ, որոնց պաղ հայեացքը չէր տաքնար. անոնք միշտ լուռ ու անտարբեր էին:
Հօրաքոյրս տեղեակ եղաւ մեր այցելութենէն եւ առանց վարանելու ճամպրուկը պատրաստեց: Տասնհինգ օրուան համար արձակուրդի հրաման առի պատասխանատուէն, ու հրաժեշտ տուինք ծերերու տան մէջ գտնուող եւ մեր դիմաց ելլող իւրաքանչիւր մայրիկին:
Ճամբան հօրաքոյրս աչքերը սեւեռած ինքնաշարժի պատուհանէն դուրս կը դիտէր դիմացէն անցնող խանութները, շէնքերը, Նոր տար-ւայ առթիւ զետեղուած փողոցի զարդարանքները. ամիսներէ ի վեր չէր անցած այդ ուղիներէն:
Վերջապէս հասանք մեր տուն։ Ամանորի համն ու հոտը լեցուած էր տան մէջ, մայրս համեղ կերակրատեսակներ կը պատրաստէր յատուկ այդ օրուան համար: Իմանալով հօրաքրոջս ներկայութիւնը, այդ օրերուն շատ ծանօթներ եկան մեր տուն, զինք տեսնելու համար:
Անցնող տարուան վերջին օրն էր, այդ օր նոր տարին պիտի գար երկիր եւ մենք մեր ուխտը պիտի պահէինք մարդկային վեհ գիտակցութեամբ, կառչելով բարիին ու վսեմին:
Յանկարծ դրան զանգը հնչեց, դուռը բացի, ի՞նչ տեսնեմ՝ հօրաքրոջս անդրանիկ տղան երկար տարիներու բացակայութենէ ետք ընտանեօք կանգնած էր դրան առջեւ։ Անմիջապէս ներս ընդունեցի, հօրաքոյրս կանգնած կը դողար, հսկայ տղուն ձեռքերուն մէջ գրկախառն մնաց պահ մը, ու աչքերէն արցունքներ հոսեցան: Ապա հարսն ու թոռները գրկեց, համբուրեց եւ փոխադարձ հարազատութիւն մը զգաց:
Երեկոն վրայ հասաւ, անհրաժեշտ ամէն բան պատրաստ էր, հաւաքուեցանք սեղանին շուրջը, ուրախ էինք բոլորս, ջերմ ժպիտներ ու խանդավառ պահեր վայելեցինք: Բացականերուն կենացը խմեցինք, շատերուն ականջները խօսեցան: Մանուկները Կաղանդի երգեր երգեցին, իւրաքանչիւրը՝ մեծէն պզտիկ իր բաժին նուէրը ստացաւ:
Մինչեւ առաւօտեան ժամերը բոլորս համախմբուած մնացինք սեղանին շուրջ եւ տակաւին նիւթեր կը փոխանակէինք:
Տօնածառին լոյսը արեւածագէն ետք ալ վարած մնաց:
Փառք տուի Աստուծոյ մեզի ընծայած բարիքներուն համար, ամբողջ սրտովս շնորհակալ եղայ:
ԾՈՎԻԿ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ՍԱՄԱՆԼԵԱՆ