ԿԱՂԱՆԴ

Յու­զու­մով կը դի­մա­ւո­րենք Նոր Տա­րին, բայց ու­րա­խու­թիւն է, կ­՚ը­սենք, այս վայր­կեանն իսկ, ո­րով­հե­տեւ գու­ցէ այս վայր­կեանն ալ չապ­րէինք, գու­ցէ ու­րիշ ա­հա­ւոր դրու­թեան մէջ ըլ­լա­յինք. փառք կու տանք ա­մէն ին­չին հա­մար եւ կ­՚ու­զենք ու­րա­խու­թեան նշոյլ մը գտնել, մենք մեզ ու­րա­խաց­նել:

Կը յու­զուինք ա­ռա­ջուան ճո­խու­թեանց բա­ցա­կա­յու­թեան հա­մար, բայց եւ այն­պէս տխմա­րու­թիւն կը սե­պենք այդ ճո­խու­թեանց մեր գե­րի դառ­նա­լը:

Կը յու­զուինք հա­րա­զատ­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան հա­մար, սա­կայն ծնո­ղի ու զա­ւա­կի շրջա­պա­տու­մով մենք մեզ գո­հու­նակ կը զգանք ու ա­մէն գնով կը ջա­նանք ու­րա­խաց­նել զի­րենք՝ ծնողք եւ զա­ւակ:

Կը յար­մա­րի՛նք նո­րին, ո­րով­հե­տեւ գի­տենք որ այ­լընտ­րանք չու­նինք, գի­տենք մա­նա­ւանդ, որ ե­թէ նոյ­նիսկ ո­րո­շենք չյար­մա­րիլ, միայն ու միայն պի­տի սրտնե­ղինք ու տա­ռա­պինք:

Կը հա­մո­զուինք որ հին տա­րի կամ նոր տա­րի ը­սուա­ծը ըն­դա­մէ­նը թի­ւե­րու խաղ է: Ու մենք բո­լորս հնա­զան­դե­լով այս խա­ղի օ­րէն­քին, հսկայ ժայ­ռի նման թա­ւալգ­լոր կը հրենք հի­նը՝ միշտ նո­րին ձգտե­լով: Հի­նէն ձանձ­րա­ցանք, կ­՚ը­սենք, նո՛­րը ի­րեն հետ լա­ւը կը բե­րէ... կը յու­սանք: Սա­կայն ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին ան­ցեա­լի յու­շե­րով կ՚ապ­րինք, այս ան­գամ մեր­ժե­լով ինչ որ նո՛ր է. ու հին օ­րե­րու յի­շա­տակ­նե­րու փա­ռա­բա­նու­մով կը լու­սա­ւո­րենք մեր նոր օ­րե­րը: Հի­նի եւ նո­րի այս շրջա­գի­ծին մէջ կը դե­գե­րինք: Հի­նին միայն լա՛­ւը կը տես­նենք, նո­րին ալ լա­ւը կ­՚ան­տե­սենք: Պի­տի հին­նայ որ ա­նուշ­նայ, կ­՚ե­րե­ւի:

***

Փլա­տակ­նե­րուն վրայ տօ­նա­ծա­ռը կը շտկենք, ո­րով­հե­տեւ զայն միակ գոյ­նը կը նկա­տենք գորշ ա­ռօ­րեա­յի մթու­թեան մէջ: Ու լու­սա­զար­դե­լով տօ­նա­ծա­ռը՝ կը փոր­ձենք լու­սա­ւո­րել նաեւ մեր ներ­սի­դին: Տօ­նա­ծա­ռի իւ­րա­քան­չիւր լոյ­սի փայ­լը շող մը կ­՚ըլ­լայ մեր հո­գիէն ներս ու մենք հետզ­հե­տէ կը պայ­ծա­ռա­նանք:

Իսկ գա­գա­թին աստ­ղը զե­տե­ղե­լով՝ երկ­նա­յին բար­ձուն­քին կը հա­ւա­տանք, աստ­ղե­րու ճախ­րան­քին ու ա­պա՝ փայ­լա­տա­կու­մին:

Կ­՚ու­զենք կառ­չիլ ե­րա­զան­քին, ո­րով­հե­տեւ միակն է, որ կը հա­մա­րենք ան­խա­փան: Բա­նաս­տեղ­ծը պատ­րանք կ­՚ը­սէ, սրբա­զա­նը՝ հա­ւատք, ո­մանք՝ խաբ­կանք, իսկ ես կ­՚ը­սեմ լա­ւա­տես ապ­րե­լու լա­ւա­գոյն մի­ջոց. միշտ նո­րո­գուող, ան­ձեռնմ­խե­լի, միա՛յն ու միա՛յն քե­զի պատ­կա­նող: Գի­տենք, որ յա­ճախ մեր ե­րա­զանք­նե­րը ան­կա­տար կը մնան, բայց ե­րա­զանքն ապ­րի­լը ինք­նին գո­յա­տե­ւել կը նշա­նա­կէ, ո­րուն հաս­նե­լու հա­մար կը ձգտինք ու պայ­քար կը մղենք:

Արդ, ժա­մը 12:00-ն է, պի­տի մա­րենք լոյ­սե­րը, վա­ռենք մո­մե­րը, ու մո­մե­րու լոյ­սին խորհր­դա­ւո­րու­թեան մէջ «Հայր մեր»ը պի­տի ա­ղօ­թենք: Պի­տի շնոր­հա­ւո­րենք մենք մե­զի, մա­նուկ­նե­րուն ու­րա­խու­թեան ճի­չը վա­յե­լենք, բա­րի մաղ­թանք­ներ տե­ղաց­նենք ի­րա­րու վրայ եւ բա­րին ու լա­ւը ցան­կա­լով հա­ւա­տանք պի­տի մեր վե­րապ­րու­մին:

Բա­րի Կա­ղանդ եւ բա­րի Նոր Տա­րի:

ՍՕ­ՍԻ ՄԻ­ՇՈ­ՅԵԱՆ-ՏԱՊ­ՊԱ­ՂԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016