ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ՏԱԿ
Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան, շուկայէն վերջին գնումները ըրած, կամուրջին տակէն յոգնած քայլերով տուն կու գայի, երբ դիմացս յայտնուեցաւ մեր թաղի Գուրգէնը, տխուր եւ փլած հոգեկանով, կարծես այդ օր վերջնականապէս իր բարի ժպիտը ջնջած էր դէմքէն։
Բարեւ կու տամ թաղեցիիս եւ կանխաւ կը շնորհաւորեմ Կաղանդը: Գուրգէնը չի փոխադարձեր, կեցած է եւ սառած աչքերով կը նայի աչքերուս:
-Ի՞նչ նոր տարի, ինչի՞ մասին կը խօսիս,- կ՚ըսէ ինծի հանդարտ ոճով,- հին տարի, նոր տարի ինծի բան չեն նշանակեր: Ընդհակառակը՝ այս օրը ինծի համար ամենէն տխուր օրն է։
Լրջացայ ես ալ, ենթադրելով թէ տարի մը, ճիշդ այս թուականին, գէշ բան մը կատարուած է Գուրգէնին․ սկսայ մտածել, արդեօ՞ք հարազատ մը կորսնցուցած էր։ Չուզեցի ենթադրութիւնս Գուրգէնին յայտնել, անյարմար էր այդ օր այս նիւթը արծարծել հետը, միայն բաւարարուեցայ հետեւեալ հարցումով.
-Գուրգէն, ո՞ւր պիտի տօնես Կաղանդի գիշերը։
-Հոս, կամուրջին տակ,- կ՚ըլլայ պատասխանը Գուրգէնին:
-Կամուրջին տակ․ կատակ կ՚ընես,- կ՚ըսեմ ժպիտով,- քալէ՛ մեզի, միասին ուրախանանք եւ դիմաւորենք նոր տարին: Իսկ հինն ալ ճամբենք ու նետենք պատմութեան գիրկը:․․․ Ի՞նչ որոշեցիր կու գա՞ս մեզի։
- Ոչ,- կ՚ըլլայ պատասխանը Գուրգէնին,- բարեկամներուս հետ կամուրջին տակը ժամադրուած ենք։ Պիտի գան, միասին ճաշարան պիտի երթանք, շնորհակալ եմ հրաւէրիդ համար, քեզի եւ ընտանիքիդ կը մաղթեմ ամենաբարին․ շնորհաւոր նոր տարի։
Գուրգէնը կը մօտենայ եւ կը համբուրէ զիս, ես ալ անշուշտ կը փոխադարձեմ եւ բարի Կաղանդ կը մաղթեմ իրեն ու առանց հաւատալու Գուրգէնին շինծու խօսքերուն՝ ընկերներուն հետ ժամադրութեան ու ճաշարան երթալուն, նեղուած կը շարունակեմ ճամբաս դէպի տուն, առանց մտքէս ջնջելու Գուրգէնը:
Անտրամադիր, կեղծ ուրախութիւն ձեւացնելով կը դիմաւորենք նոր տարին, իրարու մաղթանքներ ձօնելով կը համբուրուինք եւ կը նստինք սեղան, մեր ընդհատած կերուխումը շարունակելու:
Ես այդ գիշեր միայն կը խմէի եւ Գուրգէնին մասին կը մտածէի: Հարազատներուս «գիշեր բարի» մաղթելով մտայ ննջարան, իբրեւ թէ քնանալու:
-Դուք շարունակեցէք, ես չեմ կրնար ասկէ աւելի արթուն մնալ,- կ՚ըսեմ ու կը բաժնուիմ ընտանիքիս անդամներէն:
Մուտքի դուռը մեր ննջարանին փակած ըլլալուն համար մարդ չիմացաւ, թէ ես արդէն մեկնած էի, Գուրգէնը փնտռելու։ Ան անպայման կամուրջին տակը ըլլալու էր:
Կը հասնիմ այն տեղը, ուր համբուրուած էինք եւ բաժնուած էի Գուրգէնէն:
Աջ ու ձախ կը նայիմ՝ չեմ գտներ Գուրգէնը։ Քիչ մը կը յառաջանամ, կը գտնեմ զինք մայթի մը վրայ, խաւաքարտ փրած, կը քնանայ։ Կը մօտենամ արթնցնելու.
-Գուրգէ՛ն, Գուրգէ՛ն, ե՛լ, հոս քնանալով կը հիւանդանաս, քալէ մեր տուն:
Մի քանի անգամ կը ձայնեմ, սակայն պատասխան չեմ ստանար:
Գուրգէնը նոր տարուայ առաջին ժամերուն բաց աչքերով մեկնած էր աշխարհէն, սառած մարմինը ձգելով կամուրջին տակ, թաց մայթին վրայ:
Այդ օրուընէ ինծի համար Կաղանդը իր իմաստը կորսնցուցած է:
Այդ օրուընէ Գուրգէնին ողբերգութիւնը քանդակուած մնաց յիշողութեանս մէջ:
Այդ օրուընէ Կաղանդի գիշերը իր հմայքը կորսնցուց ինծի համար:
Ի՛նչ անհեթեթ է կեանքը:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ