ՍԵՆԵԿԱԿԻՑՔ
Անցեալ Կիրակի առաւօտ եկեղեցին բանալու ատեն տեսանք պատին յայտարարութիւնները կարդացող մարդ մը, որ ժամանակացոյցին ծանօթանալ կ՚ուզէր։ Յայտնի էր որ հայ մը չէր ան։
Հոգաբարձութեան ատենապետն ու ես հարցուցինք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք իրեն օգնել։
- Կ՚ուզեմ գիտնալ թէ պատարագը ե՞րբ կը սկսի։
- Ո՞ր պատարագը։
- Հայկական։
- Հայկակա՞ն, հիմա, քիչ ետքը կը սկսի։
- Հայ բարեկամս տեսնել կ՚ուզեմ, հիւանդանոցը ծանօթացայ եւ սենեկակից եղայ իրեն։
- Անունը գիտէ՞ք։
- Ան այս եկեղեցւոյ սարկաւագն է։
Մեր նուիրեալ Դիւցազնին մասին էր խօսքը. գործողութեան մը համար հիւանդանոց գացեր էր ան եւ սենեկակից եղած այս մարդուն, որ այնքան գոհ մնացած, Կիրակի օրով եկած էր զինք տեսնելու, ունկնդրելու ղեկավարած երգչախումբը, լսելու եւ տեսնելու մեր պատարագը։
Տարիներ առաջ օր մը Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դրան առջեւ կեցած էի, երբ ամէն օր անկէ անցնող մարդ մը հարցուց․
- Այս եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Հաղորդութիւն (Holy Sacrament) կը պահուի՞։
- Այո, անշուշտ,- պատասխանեցի, եւ իսկոյն մարդուն դէմքը զուարթացաւ ու խաչ հանեց։
Սենեկակիցը երգչախումբին մօտիկ նստարանին տեղաւորուեցաւ։ Նկատեցի որ Դիւցազնը իր քով գնաց եւ իրարու բաներ ըսին։
Մեր եկեղեցական համայնքի հաւատացեալները եւ ես վայելեցի երգչախումբին շատ ներդաշնակ ու գեղեցիկ երգեցողութիւնը, սարկաւագներունն ալ։
Քարոզի ատեն Դիւցազնը գնաց նստաւ մարդուն քով, ըսելիքնե՞րս թարգմանելու։ Քարոզիս մէջ ակնարկեցի մարդկային համերաշխ յարաբերութիւն մշակելու կարեւորութեան, եւ ըսի, թէ մենք բոլորս ամէն օր ու ամէն պահ կարիքն ունինք Աստուծոյ խօսքին մխիթարիչ եւ սնուցիչ ներկայութեան։ Գոհ ենք Տիրոջ մեզի համար յանձն առած անսահման սիրոյն, զոհաբերման պատարագին մասնակցելով ու ճաշակելով աշխարհի փրկութեան համար բաշխուած մարմինն ու արիւնը Տիրոջ, եւ ըսելով, թէ Ան քաղցր է, որ մեր հանապազօրեայ հացը կու տայ, կը սնուցանէ մեր ալեկոծ հոգիները։ Մեր մէջ ունինք մէկը, որ հիւանդանոցին մէջ հանդիպած եւ սենեկակից եղած է մեր Դիւցազնին, ուրախ ենք որ իրենց հետ այսօր կ՚աղօթենք Աստուծոյ, խնդրելով որ բարի ապաքինում պարգեւէ իրենց եւ մեզմէ ամէն մէկուն, որովհետեւ մեծ թէ պզտիկ ամէնքս ալ ցաւ մը ունինք յայտնի, անյայտ։
Դիւցազնին սենեկակիցին ներկայութիւնը սքանչելի առիթ եղաւ գնահատելու իր երկար տարիներու աստուածահաճոյ ծառայութիւնը իբրեւ դպրապետ մեր սուրբ եկեղեցւոյն, հաստատելու թէ մեր եկեղեցւոյ ամէն մէկ անդամը թանկագին է։
Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին 12րդ գլխուն 26-27րդ համարներուն մէջ կ՚ըսէ․ «Եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատւուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան։ Արդ, դուք ալ որ առանձին-առանձին անդամներ էք, միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը»։
Բարի ապաքինում մաղթեցի Դիւցազնին, իր սենեկակից բարեկամին եւ բոլորին։
Աւարտին, Դիւցազնին սենեկակիցը յայտնեց թէ շատ զգացուած է եւ հանգստացած։ Դիւցազնն ալ հոգեպէս թեթեւցած էր։ Ան ալ ըսաւ, թէ Աստուծմէ միշտ կը խնդրէ որ այս տարիքին իրեն առողջութիւն եւ կարողութիւն պարգեւէ, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ երգէ եւ իր երաժշտական շնորհքը ի սպաս դնէ Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյն։
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս, 12 Դեկտեմբեր 2016