ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ ԱՅԴ ՕՐ ՓՈՒՉԻԿ ԷՐ

Մեր հա­րուստ ազ­գա­կա­նը իր մնա­ցոր­դա­ցէն քա­նի մը լի­բա­նա­նեան ոս­կիով իր բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը եւ խղճա­հա­րու­թիւ­նը կ՚ար­տա­յայ­տէր, կը փա­փա­քէր բա­րե­գոր­ծու­թեան դափ­նեպ­սակ մը շա­հիլ եւ տօ­նա­կան օ­րե­րու նա­խօ­րեա­կին ու­րա­խաց­նել եղ­բայրս, որ ան­հո­գու­թեամբ եւ դժկա­մու­թեամբ մէկ­դի շպրտեց փու­չի­կէ այդ խեղ­ճուկ Կա­ղանդ Պա­պու­կը...։­

Եր­կա՜ր տա­րի­նե­րու մշու­շը կը մաք­րեմ հի­մա աչ­քե­րէս, ծխա­խո­տով մտո­վի կը պայ­թեց­նեմ այդ խեղ­ճուկ նուէ­րը։ Կար­միր էր այդ փու­չի­կը, օ­դով լե­ցուած, յայտ-նըւած էր մեր տան մէջ եւ զիս կը դի­տէր խո­շոր աչ­քե­րով, բայց հի­մա ար­դէն սո­վո­րա­կան իր էր եւ աղ­բա­ման պի­տի եր­թար, հմայ­քը կորսն­ցու­ցած էր այ­լեւս։

Մեր ազ­գա­կա­նու­հին, որ փըք-ւած էր իր մուշ­տա­կով, իր հա­շ-ւով բա­րիք գոր­ծած էր եղ­բօրս։ Ան­կիւն մը ծուա­րած, կը դի­տէի իր դէմ­քին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, գո­հա­րե­ղէն­նե­րը եւ ար­դու­զար­դը։

Ինք ար­դէն չքա­ցած է հի­մա այս աշ­խար­հէն, ան­դե­նա­կա­նի բնա­կիչ է, ու ա­հա հե­տը տա­րած ե­ղաւ նաեւ իր փու­չի­կէ, պայ­թած Կա­ղանդ Պա­պու­կը։

Յի­շո­ղու­թիւնս կը թեր­թա­տեմ, երբ կը քա­լեմ շքե­ղօ­րէն զար­դարուած փո­ղոց­նե­րէն, աչ­քերս եւ մտա­ծում­ներս կը պե­ղեն ման­կու­թեանս յու­շե­րուն պա­տա­ռիկ­նե­րը։

Եր­կա՜ր տա­րի­ներ այդ նուէ­րը խրտչե­ցուց մտա­հո­րի­զոնս, հա­կակ­րանք ազ­դե­լու չափ...։­

Եղ­բայրս ու­նե­ցաւ զա­նա­զան նուէր­ներ, ինք չի յի­շեր այդ ո­ղոր­մու­թիւ­նը. կը զգու­շա­նամ ա­նոր մա­սին ի­րեն խօ­սե­լէ, չեմ ու­զեր իր վի­րա­ւո­րուած ման­կու­թեան այդ դրուա­գը յի­շեց­նել, հոգ չէ որ ա­մէն Կա­ղան­դի ոտ­նա­ձայ­նե­րուն հետ կ՚ու­րուագ­ծուի այդ մե­ծա­հո­գի ան­ձին ո­ղոր­մու­թիւ­նը եւ գի­տակ­ցու­թեան չա­փա­նի­շը, հարց կու տամ ինք­զին­քիս, ին­չո՞ւ մար­դիկ ա­նո­ղոք են, ին­չո՞ւ կը թե­րագ­նա­հա­տեն ի­րենց նման­նե­րը, մի­թէ՞ մարդ ո­րա­կու­մը դրամ­նե­րու եւ ոս­կե­ղէն­նե­րու փայլ­քով կը չա­փուի միայն, է՜հ, ի՞նչ օ­գուտ։

Այդ­պէս ալ Կա­ղանդ Պա­պու­կին հետ չկրցայ հաշ­տուիլ, կեան­քի թա­ւալգ­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րուն ա­ռըն­թեր տե­սա­կա­ւոր ա­նակըն­կալ­ներ մա­տու­ցեց ան ին­ծի, ան­հե­թեթ ճա­կա­տագ­րով զիս օ­տար ա­փեր շպրտեց, հայրս ալ տա­րաւ իր ծալ­քե­րուն հետ։

Ու չկրցայ հաշ­տու­թիւն կնքել փու­չի­կէ Կա­ղանդ Պա­պու­կին հետ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն ո­ղո­ղեց զիս շռայ­լօ­րէն, բայց իր մեղ­քը չկրցաւ քա­ւել մին­չեւ այ­սօր։

- Մա՛մ, տօ­նա­ծա­ռը զար­դա­րե­ցինք, աստ­ղը դուն տե­ղա­ւո­րէ ա­նոր գա­գա­թը։

Մա­նու­կի տա­քուկ եւ ան­մեղ աչ­քե­րով կը զննեմ պսպղուն եւ լու­սա­ւոր ման­կու­թեանս գե­ղեց­կա­գոյն տօ­նա­ծա­ռը, որ հպարտ կանգ­նած էր մեր տան մէկ ան­կիւ­նը եւ կը ջեր­մաց­նէր էու­թիւնս։

Փա­րե­ցայ ա­նոր զոյգ թա­թիկ­նե­րովս, զննե­ցի գու­նա­ւոր զար­դե­րը, կար­միր գնդակ­նե­րը, զրու­ցե­ցի ա­նոր հետ, ա­ռա­ջին ան­գամն էր որ այ­ցի կու գար մե­զի, ու­րա­խու­թեամբ կը զար­դա­րէր մեր երկ­նա­կա­մա­րը։ Ա­ռա­ջին տօ­նա­ծա­ռը նուէր էր մեր ազ­գա­կա­նէն, որ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լու նպա­տա­կով, մեզ­մէ գաղտ­նի զայն տե­ղադ­րած էր մեր տան ան­կիւ­նը եւ ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով կը հե­տե­ւէր մեր հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Մայրս շնոր­հա­կա­լու­թեան բա­ռեր կմկմաց, ինքն ալ շշմած էր, մեր ազ­գա­կա­նը իր ու­րա­խու­թիւ­նը կը չա­փէր մեր հա­կազ­դե­ցու­թեամբ։

- Մա՛մ, դի՛ր աստ­ղը ծա­ռին գա­գա­թը, ո՞ւր գա­ցիր նո­րէն...։­

Ո՞ւր գա­ցի․ փու­չի­կէ Կա­ղանդ Պա­պու­կին այ­ցե­լու­թեան, որ խո­շոր աչ­քե­րով եւ զար­մա­ցած հա­յեաց­քով կը հե­տե­ւի ին­ծի ա­մէն տա­րի, ա­ռանց բա­ցա­կա­յու­թեան։

Ա­ՐԱՔՍ ՓԻ­ԼԱՒ­ՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱ­ՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016