ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՌԹԻՒ

Պա­տաս­խա­նէ՛ եւ շա­հէ՛ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի մա­տե­նա­շա­րէն հա­տոր մը։ Խոր­հուրդ մը քե­զի․­ բո­լոր նիւ­թերն ալ հա­մա­ցան­ցի վրայ կրնաս գտնել։ Հե­ղի­նա­կին ա­նու­նին հետ յի­շէ՛ նաեւ հե­ղի­նա­կին ծննդեան ու մա­հուան թուա­կան­նե­րը­․ այս ալ յա­ւե­լեալ աշ­խա­տանք քե­զի։

Բայց որ­պէս­զի գործդ քիչ մը դիւ­րա­նայ, այս­տեղ պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ հե­ղի­նակ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։ Քե­զի կը մնայ գտնել թէ ո՞ր հե­ղի­նա­կը ո՞ր կտո­րը գրած է։ Ան­կէ ետք ալ հա­մա­ցան­ցէն կրնաս պրպտել ա­նոնց ծննդեան եւ մա­հուան թուա­կան­նե­րը։

Հե­ղի­նակ­ներն են՝ Զահ­րատ, Մու­շեղ Իշ­խան, Զա­րեհ Խրա­խու­նի, Սիա­ման­թօ, Յա­կոբ Օ­շա­կան, Լե­ւոն Քի­րիշ­ճեան (Լա­րենց), Ե­րուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեան (Ե­րու­խան), Ռա­փա­յէլ Պատ­կա­նեան, Ե­րուանդ Օ­տեան, Մի­սաք Մե­ծա­րենց։

Յա­ջո­ղու­թիւն։

Ո՞Վ ԳՐԱԾ Է․․․

1. «Կա­ղան­դի ի­րի­կուն» քեր­թուա­ծը, որ կը սկսի հե­տե­ւեալ տո­ղե­րով՝

Թա­խիծ­նե­րու մէջ թա­ղուած հի՜ն օ­րե­րու ի­րի­կուն,
Ան­բու­ժե­լի կա­րօտ­նե­րովս կը վեր­յի­շեմ զքեզ այ­սօր։ 

2. «Կա­ղանդ­չէ­քը» նո­րա­վէ­պը, որ կը սկսի հե­տե­ւեալ տո­ղե­րով (կ՚ար­ժէ յի­շեց­նել, որ հե­ղի­նա­կը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին աշ­խա­տակ­ցած է)․

Խ­նա­մով ծալ­լե­լէ յե­տոյ թղթի­կը, ո­րուն վրայ եր­կու տող գրած էր ան դող­դոջ ձեռ­քով, պա­հա­րա­նի մը մէջ տե­ղա­ւո­րեց զայն: Յե­տոյ, գե­տի­նը դրաւ նա­մա­կը, ծնրադ­րեց ա­նոր առ­ջեւ ու, գան­կը եր­կու ձեռ­քե­րուն մէջ սեղ­մած, սկսաւ դի­տել սե­ւե­ռա­կան նա­յուած­քով:

3. «Նա­մակ Կա­ղանդ Պա­պա­յին» ման­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ռա­ջին տո­ղերն են՝

Կա­ղանդ պա­պա,
Իմ այս նա­մակս ա­ռա­ջին
Քեզ կը գրեմ ես ա­հա
Եւ կա­րօ­տով կը յանձ­նեմ քու սուրբ ա­ջին:

4. «Կա­ղան­դի ծառ մը» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ռա­ջին տո­ղերն են՝

Կա­ղան­դի ծառ մը շտկե­լու հա­մար
Եր­կու բան պէտք է
Նախ ծառ մը - յե­տոյ զար­դեր ծա­ռին վրայ

5. «Կա­ղանդ­չէք» քեր­թուա­ծը, որ կը սկսի հե­տե­ւեալ տո­ղե­րով՝

Հա­րիւր Կա­ղանդ ալ կը սպա­սեմ
Ե­թէ գիտ­նամ
Թէ վեր­ջըն­թեր Կա­ղան­դին
Պի­տի նուէրս ըն­դու­նիս

6. «Կա­ղան­դի վի­պակ» պատ­մուած­քը, որ կը սկսի հե­տե­ւեալ տո­ղով (կ՚ար­ժէ յի­շեց­նել, որ հե­ղի­նա­կը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին աշ­խա­տակ­ցած է)․

­Խեղճ կնի­կը չի­մա­ցաւ թէ ինչ­պէս օրն ի­րի­կուն եղեր էր, այն­չափ անզ­գա­լի սա­հեր էին ժա­մե­րը։

7. «Ա­մա­նոր» պատ­մուած­քը, ո­րուն ա­ռա­ջին տողն է՝

Ի­րի­կուան դէմ, հայ­րե­նա­զուրկ Քեր­թո­ղը, քայ­լա­մո­լոր ու սգա­կիր, սկսաւ ժուռ գալ գիւ­ղին գե­րեզ­մա­նա­տան ե­զեր­քը։

8. «Կա­ղան­դի հե­քիաթ» հե­քիա­թը, ո­րուն ա­ռա­ջին տո­ղերն են՝

Միտքս կու գայ։ Գետ­նէ տուն մըն էր, ա­ւե­լի ճիշ­դը հո­ղէ մեծ սե­նեակ մը։ Ա­ծու­խի պէս փայ­լուն գե­րան­ներ ի­րա­րու կու գա­յին մեր գլխուն վե­րեւ ու ա­նոնց­մէ կախ ու ծոյլ-ծոյլ ի­րենց վրայ դար­ձող սեր­կե­ւի­լի ու խնձո­րի բո­լո­րակ­ներ կը յի­շեմ այ­սօ­րուան պէս։

9. «Նոր տա­րի» ման­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ռա­ջին տունն է հե­տե­ւեա­լը․

Ա­հա՛ հա­սաւ նոր տա­րի,
Հե­տը բե­րեց նոր բա­րի,
Մա­նըր տը­ղոց` ու­րախ օր,
Բա­րի զա­ւակ` հօրն ու մօր:

10. «Նոր տա­րին» քեր­թուա­ծը, ո­րուն ա­ռա­ջին տունն է հե­տե­ւեա­լը․

Այս գի­շեր հա­գուած, սգուած նոր տա­րին
Առ­տուան լոյ­սին կը սպա­սէ տեն­դոտ.
Ո­գի­ներ ան­դարձ կոր­զե­ցին տա­րի՜ն
Մեր գրկէն հի­նին ձայ­նե­րը ծա­նօթ:

ՎԱՐ­ԴԱ­ՆՈՅՇ ՄԱՀ­ՍԵ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016