ԲԱՅՑ... ԱՍԿԷ ԵՏՔ

Երբ կը պատ­ռես օ­րա­ցոյ­ցին այն թեր­թը, որ­մէ ետք ե­կո­ղը կը ջնջէ ան­ցա­ծին կա­րօ­տը, այն ա­տեն կ՚ու­նե­նաս իս­կա­կան Ա­մա­նոր։ կ՚ու­նե­նաս Կա­ղանդ։

Թուա­կան մը, որ ինչ ալ ըլ­լայ, քե­զի հա­մար 1 է։ Տար­բեր կեանք, նոր ըմբռ­նում, այլ նա­յուածք։ Նոր մար­մին, նոր սիրտ, նոր ե­ռանդ։

Իս­կա­կան Նոր տա­րի՞, թէ նոր մարդ։ Կը ծնիս այն մա­նու­կին պէս, որ ան­տե­սե­լով ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը, ի­րեն բա­ժին ա­խո­ռին դռնա­կը տի­րա­բար հրեց, ներս մտաւ ու լոյս աշ­խարհ ե­կաւ։ Լոյս ծա­գե­ցաւ ա­խո­ռէն։

«Լսեր էք որ ը­սուե­ցաւ… ԲԱՅՑ ես կ՚ը­սեմ ձե­զի …»։

Փո­խեց։ Ա­մա­նոր չէ, նոր դա­րաշր­ջան սկսաւ։

Թա­ղել. ան­ցեա­լը. այն յա­րա­տեւ ապ­րող մո­միան, ներ­կա­յէն ա­ւե­լի ներ­կան. վե­րաց­նել։ Չվե­րա­դառ­նալ, ոչ յի­շե­լու, ոչ ափ­սո­սա­լու, ոչ փա­ռա­ւո­րե­լու։

Կա­ղան­դը այն օրն է, երբ ոչ հրա­ւէր կ՚ըն­դու­նիս, ոչ կու տաս, ոչ պատ­րաս­տած ես, ոչ կազ­մա­կեր­պած։ Գլխուդ կ՚իյ­նայ յան­կար­ծա­կի, ու քեզ կը բա­նայ գար­նան վար­դի պէս, ան­տե­սե­լով ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը՝ Դեկ­տեմ­բե՞ր է թէ Օ­գոս­տոս, ձի՞ւն է թէ ա­րեւ, ցո՞ւրտ է թէ տօթ։

Սիրտդ խնճոյ­քի յափշ­տա­կու­թեան մէջ եփ կու գայ. լոյս կ՚ար­ձա­կես։

…մին­չեւ ե­րէկ այդ­պէս էր… ԲԱՅՑ աս­կէ ետք…

Այս է Նոր տա­րին։

Չես քծնիր ա­նոր առ­ջեւ, սի­րա­շա­հիր, որ պտիկ մը ջուր կա­թեց­նէ այ­րած լե­զուիդ, երբ սիրտդ դժոխ­քի բոց կայ. որ գի­շե­րի մը ըն­թաց­քին կար­ծել տայ թէ ան­մո­ռաց ինք­նա­մո­ռաց պա­հեր կ՚ապ­րիս, որ քեզ շրջա­պա­տող ընտ­րեալ մար­դի­կը, որ այս պա­հուն այս եր­գը, այն պա­հուն այն ըմ­պե­լին կու տան քե­զի բա­ցա­ռիկ Նոր տա­րուան մը խաբ­կան­քը։

Նոր տա­րին չես փնտռեր, չես սպա­սեր, չես զար­դա­րեր։

Ոչ ալ դուն կը զար­դա­րուիս։ Հո­գիիդ մեր­կու­թեամբ կ՚ել­լես մէջ­տեղ։ Այդ­պէս ես ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ. այդ­պէս է վա­յել Նոր տա­րուան։

Անբ­ծու­թիւ­նը մերկ հո­գիի. կ՚ու­նե­նանք կամ չենք ու­նե­նար։ Ի զուր է զայն հագ­նիլ հա­գուս­տի պէս։ Հա­գուստ չէ։ Զայն կրնան տես­նել կամ չտես­նել. ի զուր է ցոյց տա­լը։ Տեսք չէ։

«Ով աչք ու­նի թող տես­նէ, ով ա­կանջ ու­նի թող լսէ»։

­Չու­նե­ցողն ալ… չու­նի. այդ­քան։ Ա­մե­նաԱր­դարն ան­գամ չը­րաւ ա­նոր հա­շի­ւը։

Դուն կ՚ը­նես քու հա­շիւդ, սա­կայն, եւ կը պատ­ռես օ­րա­ցոյ­ցին այն թեր­թը, որ­մէ ետք ե­կո­ղը ինչ թիւ ալ ըլ­լայ, քե­զի հա­մար 1 է, ա­ռա­ջինն է մնա­ցեա­լին։ Որ այս ան­գամ քուկդ է ամ­բող­ջո­վին։ Զոր գնա­հա­տել գի­տես այ­լեւս։ Քա­նի որ վեր­ջին փրցու­ցած թեր­թէդ ա­ռաջ պա­րա­պի փրցուած շատ թեր­թեր ե­ղան։ Եւ դուն մեծ­ցար։ Ու գի­տես։ Ոչ միայն։ Կ՚ու­զես նաեւ։ Ու չես ար­տա­սա­ներ միայն բա­ռեր. կը փշրես ա­նոնց կե­ղե­ւը մատ­նե­րով, որ մի­ջու­կին մի­ջու­կը վա­յե­լես։ Ա­հա Նոր տա­րին։

Միւս­նե­րէն կը բաժ­նուիս թել-թել. կը սպիա­նան վէր­քե­րը։ Գե­րեզ­ման մ՚ան­գամ չես թքներ ա­նոնց։

Կը մտնես խա­ղա­ղու­թեան տա­րած­քը հա­շի­ւի նստե­լու հպար­տու­թեանդ հետ, որ դա­ւա­ճա­նած էր քե­զի։ Հի­մա՝ երկ­չոտ, կա­մաց-կա­մաց տեղ կը գրա­ւէ դի­մացդ ու քե­զի պատ­կա­նե­լու ցան­կու­թիւ­նը սիր­տէն կը հա­նէ։ Մեծ է սէ­րը զոր Նոր տա­րին պի­տի օրհ­նէ։ Այն բոյ­սի կամ­քին պէս, որ կա­նա­չե­լու հա­մար կուպր կը ճեղ­քէ ու շուր­ջի կարծ­րասր­տու­թեան մէջ միս մի­նա­կը կը նրբա­նայ։ Տե­սած ենք ա­նոր սիրտ շար­ժող կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հոն՝ ուր կը կար­ծուէր թէ տեղ չու­նի. մի­ջա­վայ­րին մէջ մի­նակ է, չո­րու­թեան մէջ ինք­զինք տնկած բու­սա­կա­նու­թիւն, որ չար բախ­տով սխալ տեղ ին­կած ապ­րան­քի պէս գութ ան­գամ չի շար­ժեր, ո՛ւր մնաց ու­շադ­րու­թիւն կամ գգուանք։ Բայց ան կը ճեղ­քէ, կար­ծուած ա­նե­լին մէ­ջէն ճամ­բայ կը բա­նայ դէ­պի ա­րեւ ու դուրս կու գայ ըլ­լա­լու.

         …Կը կար­ծէիք որ չ՚ըլ­լար… ԲԱՅՑ ա­հա…

Նոր Տա­րին ա՜յս կը խոս­տա­նայ։

Շնոր­հա­ւոր՝ ա­նոր ող­ջոյ­նը ստա­ցո­ղին։

ՆՈ­ՐԱ ՊԱ­ՐՈՒԹ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016