ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ՏԱՐԻՆ

Ան­կաս­կած, որ 2016-ը փոր­ձա­քա­րի տա­րի մը ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար:

Հա­յաս­տա­նի հա­մար բնու­թագ­րու­մը սո­վո­րա­կան բնու­թագ­րում մը չէ, ո­րով­հե­տեւ Թա­լի­շի մէջ ատր­պէյ­ճան­ցիին կա­տա­րած բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը, ա­պա մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի Է­րե­բու­նի շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը ի­րենց բնոյ­թով եւ էութեամբ ե­ղան բա­ւա­կան տա­րու­ղա­նակ եւ ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­ներ ստեղ­ծե­ցին ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար: Ու­րեմն 2016-ին տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը ըլ­լան ա­նոնք Ար­ցա­խի կամ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ար­ձա­գանգ­ներ գտան ամ­բողջ սփիւռ­քի մէջ:

Այս բո­լո­րին մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­մաստ ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեան ո­գին, որ տար­բեր ե­րանգ­նե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ թէ՛ Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն, թէ՛ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն եւ թէ սփիւռ­քի հայ­կա­կան տար­բեր գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն մէջ:

Դէպ­քե­րը զու­գոր­դո­ւե­ցան կա­րե­ւոր եւ անշր­ջան­ցե­լի պատ­գամ­նե­րով, ո­րոնք մին­չեւ հի­մա ալ կը շա­րու­նա­կեն ար­ձա­գան­գել իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հո­գիին ու սրտին մէջ:

Ան­շուշտ այդ պատ­գամ­նե­րու ան­կիւ­նա­քա­րը Ար­ցախն էր, իր հե­րո­սա­կան սխրանք­-նե­րով եւ ո­սո­խին դէմ դնե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մադ­րոշմ կե­ցուածք­նե­րուն լա­ւա­պէս քա­ջա­ծա­նօթ հա­յե­րու հա­մար, Ար­ցա­խը, ինչ­պէս ե­րէկ, կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տին իս­կա­կան ներշն­չա­րա­նը: Ու միայն այդ հո­ղակ­տո­րի անվ­տան­գու­թեամբ է, որ հա­յու­թիւ­նը դար­ձեալ պի­տի քով-քո­վո­ւի՝ իր մեծ ե­րազ­նե­րու եւ հե­ռա­ւոր նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կանց­ման ճամ­բուն վրայ:

Ա­ռանց Ար­ցա­խի, ա­ռանց հե­րո­սա­կան ա­նոր որ­դի­նե­րու սխրանք­նե­րուն, հա­յու­թիւ­նը պի­տի դառ­նայ պար­տո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ա­նող­նա­յար հա­յե­լին:

Յու­նո­ւար. «H1 N1»ի փո­թո­րի­կը

Այս­պէս, 2016-ին բնա­կա­նոն հու­նով սկսած Հա­յաս­տա­նը կը կրէր «H1 N1» վա­րա­կին բարդ հե­տե­ւանք­նե­րը: Յու­նո­ւա­րին աշ­խու­ժա­ցած վա­րա­կին հե­տե­ւան­քով կը մա­հա­նա­յին 19 ան­ձեր, ո­րոնց շար­քին կի­ներ եւ ե­րա­խա­ներ:

Վա­րա­կի տա­րած­ման ա­մե­նէն բարդ փու­լին Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան կը յայ­տա­րա­րէր. «Ա­մէն տա­րի կայ ե­ղա­նա­կա­յին կրի­փի աշ­խու­ժաց­ման խնդիր եւ նա­խա­պէս կան­խար­գե­լիչ  գոր­ծո­ղու­թին­ներ ե­ղած են, բա­ժա­նո­ւած են հա­մա­պա­տաս­խան դե­ղօ­րայք: Հա­րե­ւան երկր­նե­րու մէջ պատ­կե­րը շատ ա­ւե­լի դժո­ւար է, քան Հա­յաս­տա­նի մէջ»:

Նշենք, որ այս վա­րա­կին դէմ Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ո­լոր­տի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ բո­լոր տե­սա­կի անվ­ճար բոյժ-օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­ցին քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն:

Փետ­րո­ւար. Քա­ղա­քա­կան նոր խմո­րում­նե­րու ա­միս

Փետ­րո­ւա­րին Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լից ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ներ­քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ սպա­սո­ւած հա­մա­ձա­յանգ­րի մը ստո­րագ­րու­թիւնն էր: Այս­պէս, մինչ այդ Հա­յաս­տա­նի իշ­խող ու­ժին՝ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակցու­թեան հետ մինչ այդ տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցած ՀՅԴ-ն, հա­մա­ձայ­նու­թեան կու գար ՀՀԿ­-ին հետ: Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ան­մի­ջա­կան «հո­գա­ծու­թեամբ» ե­ղած այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կա­րե­ւոր նա­խան­շան էր ա­միս­ներ ետք կազ­մո­ւե­լիք նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ճամ­բուն վրայ: Ճիշդ է, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը անց­նող տա­րի­նե­րուն բա­ւա­կան սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ էր իշ­խող ու­ժին հետ, բայց եւ այն­պէս Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ստո­րագ­րո­ւած երկ­կող­մա­նի հա­մա­ձա­յա­նա­գի­րը ա­ւե­լի յստակ եւ «բա­ցո­րոշ» կը դարձ­նէր այդ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք այդ օ­րե­րուն Հայաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեան կ՚ը­սէր. «Քա­ղա­քա­կան նոր մշա­կոյ­թի սկիզբ կը դրո­ւի քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ, քա­նի որ այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ո՛չ յե­տընտ­րա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւն է, ո՛չ ալ նա­խընտ­րա­կան դա­շինք։ Այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը սկիզբ կը դնէ քա­ղա­քա­կան եր­կա­րա­տեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, որ խարս­խո­ւած է ար­ժե­հա­մա­կար­գա­յին ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րու եւ միաս­նա­կան նպա­տակ­նե­րու եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրագ­րի վրայ»:

Մարտ. Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի այ­ցը՝ ԱՄՆ

Մար­տի 28-ին սկսաւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը Մա­սա­չու­սեթ­ցի մէջ այ­ցե­լեց հա­յա­շատ Ո­ւո­թըր­թաուն քա­ղա­քը, ուր հա­յու­թիւ­նը անց­նող եր­կու հա­րիւր տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հիմ­նած են ազ­գա­յին կա­րե­ւոր կա­ռոյց­ներ: Նա­խա­գա­հը հիւ­րըն­կա­լո­ւած է Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան գրա­դա­րան-թան­գա­րա­նին մէջ: Ա­պա այ­ցե­լած է Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) «Պայ­քար» եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) «Հայ­րե­նիք» կեդ­րոն­ներ, ուր ան ծա­նօ­թա­ցած՝ յի­շեալ կեդ­րոն­նե­րու մէջ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան այդ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան եւ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին:

Նա­խա­գա­հը նոյն­պէս այ­ցե­լեց Պոս­թը­նի Ս. Ստե­փա­նոս եւ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը:

Ան այ­նու­հե­տեւ այ­ցե­լած է «Հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան պու­րակ», որ հիմ­նո­ւած է ի յի­շա­տակ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, այ­ցե­լած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր՝ ծաղ­կեպ­սակ դրած եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած՝ զո­հե­րու յի­շա­տակին: Շրջայ­ցի ա­ւար­տին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած է նաեւ Հո­լո­քոս­թի յու­շար­ձա­նի մօտ:

Նա­խա­գա­հը ԱՄՆ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցի եր­րորդ օ­րը՝ Մար­տի 30-ին, այ­ցե­լած է Թաֆթս հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւուն­քի եւ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան Ֆլէթ­չըր դպրո­ցը:

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 30 Մար­տին հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Մա­սա­չու­սեթ­ցի նա­հան­գա­պե­տին՝ Չարլզ Պէյ­քը­րի հետ:

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին մէջ նա­հան­գա­պետ Չարլզ Պէյ­քը­րի վճռա­կան դիր­քո­րոշ­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­ջա­կից ըլ­լա­լու հա­մար:

Նոյն այ­ցի ծի­րէն ներս Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լած է Հար­վըր­տի հա­մալ­սա­րա­նի Քե­նը­տիի ա­նո­ւան կա­ռա­վար­ման դպրո­ցը, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է կրթա­կան այդ հաս­տա­տու­թեան մէջ ու­սա­նող հայ ու­սա­նող­նե­րու հետ: Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը դա­սա­խօ­սու­թիւն մըն ալ տո­ւած է կա­ռա­վար­ման դպրո­ցին մէջ:

Նոյն օ­րը՝ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ԱՄՆ-ի Մա­սա­չու­սեցթ նա­հան­գին մէջ այ­ցե­լած է հայ­կա­կան Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին:

Ա­ւե­լի վերջ կա­յա­ցած է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հան­դի­պու­մը ԱՄՆ-ի Ա­րե­ւե­լեան ա­փի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ, ո­րու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կած է ե­լոյ­թով մը: Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խագա­հը հա­մայն­քա­յին շարք մը գոր­ծիչ­նե­րը պար­գե­ւատ­րած է պե­տա­կան բարձր պար­գե­ւով:

31 Մար­տին՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը այ­ցե­լած է Ս. Ստե­փա­նոս ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, նոյն օ­րը, այ­ցե­լած է նաեւ Է­տո­ւըրտ Քե­նը­տիի ա­նո­ւան հիմ­նար­կը:

Նա­խա­գա­հը նոյն օ­րը Պոս­թը­նէն ժա­մա­նած է Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր դար­ձեալ նոյն օ­րը, Սպի­տակ տան մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ:

Զրու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տած են, որ ներ­կա­յիս երկ­կող­մա­նի միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը կը նե­րա­ռէ ա­մե­նա­տար­բեր ո­լորտ­ներ՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան, անվ­տան­գու­թեան, ո­րոնց շրջա­նակ­նե­րէն ներս տա­րո­ւէ տա­րի եր­կու եր­կիր­նե­րը նոր ձեռք­բե­րում­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րեն:

Սերժ Սարգ­սեան մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րած է նաեւ ԱՄՆ-ի դե­րա­կա­տա­րու­մը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ, յատ­կա­պէս՝ երկ­րի աշ­խոյժ ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս:

Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով աշ­խա­տան­քա­յին այց­լեու­թեամբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ գտնո­ւող Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ապ­րի­լի 1-ին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցած է ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ: Գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, նա­խա­գա­հը հան­դէս ե­կած է ե­լոյ­թով:

Ար­ցա­խեան ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը

Մինչ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հա­կա­ռա­կորդ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէր «հե­տե­ւո­ղա­կան» կեր­պով խախ­տել 1994 թո­ւա­կա­նին հաս­տա­տո­ւած հրա­դա­դա­րը, առ­նո­ւազն Հա­յաս­տա­նի հա­մար բա­ւա­կան անս­պա­սե­լի ըն­թաց­քով մը Պա­քու կը շղթա­յա­զեր­ծէր ան­նա­խա­դէպ զի­նո­ւո­րա­կան յար­ձա­կում­նե­րու, ո­րոնք կ՚ա­ւար­տէին նոյ­նինքն Պա­քո­ւի հրա­դա­դա­րը վե­րա­հաս­տատե­լու պա­ղա­տանք­նե­րով: Ան­շուշտ դի­ւա­նա­գի­տա­կան լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան մէջ «պա­ղա­տանք»ի բա­ժի­նը կը զեղ­չո­ւի, բայց ե­րե­ւե­լի կը դառ­նար, որ դա­րա­նա­կալ ու դա­ւա­դիր հա­րո­ւա­ծէն ոտ­քի կանգ­նած հայ­կա­կան ու­ժե­րու ծանր հա­կա­հա­րո­ւա­ծը կը ստի­պէր Ատր­պէյ­ճա­նը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել իր մօ­տե­ցում­նե­րը եւ այս ան­գամ խնդրե­լով Մոս­կո­ւա­յի մի­ջամ­տու­թիւ­նը վե­րա­դառ­նալ 31 Մար­տի ի­րա­վի­ճա­կին:

Հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի նա­հա­տակ­ներ տո­ւած հայ­կա­կան կող­մը գի­տակ­ցե­լով պա­հու լրջու­թիւ­նը՝ կը փոր­ձէր նախ հասկ­նալ ե­ղա­ծին տա­րո­ղու­թիւ­նը ու ա­պա ճիշդ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լով ամ­րաց­նել ար­ցա­խեան սահ­մա­նա­յին «խո­ցե­լի» դիր­քերն ու կէ­տե­րը:

Ղա­րա­բա­ղա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, յայտ­նի նաեւ որ­պէս Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազմ, լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րապե­տու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րու մի­ջեւ ար­ցա­խա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գծի եր­կայն­քով, որ սկսած է 1 Ապ­րի­լի լոյս 2-ի գի­շե­րը, 2016-ին։ Թէժ մար­տեր ըն­թա­ցած են ռազ­մա­ճա­կա­տի վե­րա­ծո­ւած ա­ռաջ­նա­յին գծի հա­րա­ւա­յին (Հատ­րութ) եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան (Մար­տա­կերտ) ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

Ստո­րեւ հա­կիրճ տո­ղե­րու մէջ կը ներ­կա­յաց­նենք Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեա­յի զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւ­նը:

Ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու շրջան

2 Ապ­րիլ

- 1 Ապ­րի­լի լոյս 2-ի գի­շե­րը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ սկսած է լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։

3 Ապ­րիլ

- Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը յայտ­նած է, որ հայ­կա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը Թա­լի­շի (Ար­ցախ) ուղ­ղու­թեամբ ետ վեր­ցու­ցած են նա­խորդ օ­րը կորսն­ցու­ցած կա­րե­ւոր յե­նա­կէ­տե­րէն մէ­կը, հայ­կա­կան կող­մէն վի­րա­ւո­րո­ւած է եր­կու զի­նո­ւոր։ Ռազ­մա­ճա­կա­տի հա­րա­ւա­յին մա­սէն ներս ոչն­չա­ցու­ցած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու եր­կու հրա­սայլ եւ հե­տե­ւա­կի մար­տա­կան մէկ ինք­նա­շարժ։

4 Ապ­րիլ

- Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ խօս­նակ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան յայ­տա­րա­րած է, որ Մար­տա­կեր­տի ճա­նա­պար­հին ա­նօ­դա­չու սար­քը ռմբա­կո­ծած է Սի­սիա­նի ջո­կա­տի ինք­նա­շար­ժը, կայ 5 զոհ։

5 Ապ­րիլ

- ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը հան­դի­պած է Վիեն­նա՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցով։

Հրա­դա­դա­րի շրջան

6 Ապ­րիլ

- 5 Ապ­րի­լի լոյս 6-ի գի­շե­րը ղա­րա­բա­ղա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գօ­տիին մէջ պահ­պա­նո­ւած է 5 Ապ­րի­լին ձեռք բե­րո­ւած կրա­կի դադ­րեց­ման շուրջ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը։

7 Ապ­րիլ

- Շփման գի­ծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան (Թա­լի­շի) ուղ­ղու­թեամբ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը ձեռ­նար­կած են շե­ղիչ հե­տա­խու­զա­կան գոր­ծո­ղու­թեան։

8 Ապ­րիլ

- Նա­խօ­րօք ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թեամբ, հայ­կա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մե­րը Կար­միր խա­չի Մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չի դաշ­տա­յին օգ­նա­կան­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ, ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են զո­հե­րու ո­րո­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ։

10 Ապ­րիլ

- Պաշ Քար­վենդ բնա­կա­վայ­րի մօ­տա­կայ­քը ի­րա­կա­նա­ցած է դիակ­նե­րու փո­խա­նա­կում։ Հայ­կա­կան կող­մին յանձ­նո­ւած է 18 զի­նու­րի մար­մին։

Քաղաքական ուղերձներ

- 4 Ապ­րի­լին, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պած է ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րուն հետ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ շփման գի­ծի վրայ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի մա­սին տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն փո­խան­ցե­լու, ինչ­պէս նաեւ ի­րա­վի­ճա­կին հա­մար­ժէք լու­ծում­ներ գտնե­լու ճա­նա­պարհ­նե­րը քննար­կե­լու նպա­տա­կով: Նշենք, որ 5 Ապ­րի­լին Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ ինն եր­կիր­նե­րը յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծած են, գրե­լով՝

«Մենք՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի եր­կիր­նե­րու (Ռու­սաս­տա­նի, ԱՄՆ-ի, Ֆրան­սա­յի, Սպի­տակ Ռու­սիոյ, Ֆին­լան­տա­յի, Գեր­մա­նիոյ, Ի­տա­լիոյ, Շո­ւէ­տի, Թուր­քիոյ) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներս, ինչ­պէս նաեւ Աւստ­րիա­յէն ԵԱՀԿ-ի նա­խա­գա­հո­ղը (2017) եւ Սեր­պիա­յէն նա­խա­գա­հո­ղը (2015), խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք շփման գծի եր­կայն­քով բռնու­թիւն­նե­րու ան­նա­խա­դէպ բռնկու­մը: Մեր ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք բո­լոր տու­ժած ըն­տա­նիք­նե­րուն: Կող­մե­րուն կը յոր­դո­րենք ան­մի­ջա­պէս դադ­րեց­նել ու­ժի կի­րա­ռու­մը: Հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում:

«Տեղ­ւոյն ի­րադ­րու­թեան վատ­թա­րա­ցու­մը ցոյց կու տայ ան­յե­տաձ­գե­լի բա­նակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նիին ներ­քեւ, հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման շուրջ: Մինս­քեան խմբա­կը ան­դամ եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը վե­րա­հաս­տա­տեն ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ռու­սաս­տա­նի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրան­սա­յի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն եւ կ՚ող­ջու­նեն կող­մե­րու հետ հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ ու­ղիղ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսե­լու ա­նոնց ծրագ­րե­րը»:

Կորուստներ

- Վրջին տո­ւեալ­նե­րով հայ­կա­կան կող­մի կո­րուստ­նե­րու թի­ւը. 110 սպան­նո­ւած եւ 121 վի­րա­ւոր: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի­նը՝ մօտ 2 հա­զար 500 սպան­նո­ւած:

Անդրադարձ՝ երկիրներ

- Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր ընդգ­ծած է, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կրնար ռազ­մա­կան լու­ծում ու­նե­նալ:

- Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կոչ ը­րած է ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րուն դադ­րեց­նել բա­խում­նե­րը։

- Ղա­րա­բա­ղեան շփման գի­ծի եր­կայն­քով հրա­դա­դա­րի լայ­նա­ծա­ւալ խախ­տում­նե­րը խստօ­րէն դա­տա­պար­տած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քեր­րի։

- Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սո­ւա Օ­լանտ նշած է, որ Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կա­րե­լի է կար­գա­ւո­րել բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։

- Թուր­քիոյ Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նած էր Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւին՝ կրած մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րու հա­մար եւ ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նած էր պաշ­տօ­նա­կան Պա­քո­ւի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

- Քնե­սէ­թի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը նշած են, որ խնդրի միակ լու­ծու­մը խա­ղա­ղու­թիւնն է, որ եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թաց է։

Պա­տե­րազ­մի քա­ղա­քա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը Հա­յաս­տա­նի հա­մար

Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը ցոյց տո­ւաւ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան այդ պա­հուն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը լուրջ ճգնա­ժամ կ՚ապ­րէր: Ա­նոր վառ ա­պա­ցոյցն էր «Սաս­նայ ծռեր»ի 17 Յու­լիս 2016-ի զի­նեալ ապստամ­բու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան Ե­րե­ւա­նի Պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի գրա­ւու­մը՝ 32 զի­նեալ­նե­րու կող­մէ, ո­րուն նպա­տակն էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը՝ ի նպաստ երկ­րի ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ հա­յաս­տա­նա­կեդ­րոն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ Ատր­պէյ­ճա­նին հո­ղե­րու յանձն­ման բա­ցա­ռու­մը։ Զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րու մեծ մա­սը Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ էին, «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­ներ ու հա­մա­խոհ­ներ, ա­ռան­ձին ան­հատ­ներ, այդ կար­գին՝ նաեւ հայ­կա­կան սփիւռ­քէն:

Մա­յիս. Մեկ­նար­կեց «Եկ Ար­ցախ» Ֆլեշ­մո­պը

Մինչ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր ճի­գեր կը գոր­ծադ­րէին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չե­լու հա­մար Ար­ցա­խեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին բաց­թո­ղում­ներ եւ մեծ սխալ­ներ գոր­ծած յատ­կա­պէս զի­նո­ւո­րա­կան ո­լոր­տի պատաս­խա­նա­տու­նե­րը ի­րենց պաշ­տօն­նե­րէն հե­ռաց­նե­լով, ան­դին Ար­ցա­խի մէջ սկիզբ կ՚առ­նէր «Եկ Ար­ցախ» ֆլեշ­մո­պը, ո­րուն գլխա­ւոր նա­խա­ձեռ­նողն էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի մամ­լոյ խօս­նա­կը՝ Ար­տակ Բեգ­լարեան: Ան այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան մա­սին գրա­ռում (Դի­մա­տետ­րի է­ջին) մը կա­տա­րե­լով կը գրէր՝ «Սի­րե­լի՛ հա­յու­թիւն, ֆլեշ­մո­պի մը կը սկսինք, ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս պէտք է նկա­րա­հա­նո­ւիք (կա՛մ տե­սա­նիւ­թով, կա՛մ լու­սան­կա­րով) Ար­ցա­խի ո­րե­ւէ տե­սար­ժան վայ­րին մէջ կամ ո­րե­ւէ խորհր­դա­նի­շի հետ եւ կոչ կ՚ը­նենք մեր ըն­կեր­նե­րուն՝ ար­ձա­կուր­դի մէկ մա­սը ան­ցը­նել Ար­ցա­խի մէջ: Տո­ւեալ տե­սա­նիւ­թը կամ լու­սան­կա­րը ֆեյս­պու­քի մէջ տե­ղադ­րե­լու ա­տեն՝ պէտք է նշել (թագ ա­նել) առ­նո­ւազն երեք ըն­կեր­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց հեր­թին պէտք է ե­ռօ­րեայ ժամ­կէ­տի մէջ միա­նան ֆլեշ­մո­պին, ինչ­պէս նաեւ ար­ձա­կուր­դի ըն­թաց­քին այ­ցե­լեն Ար­ցախ:

«Գրա­ռու­մը կա­տա­րե­լու ա­տեն ցան­կա­լի է օգ­տա­գոր­ծէք  հաշթագը (արցախեան բարբառով կը նշանակէ «Ա­րի Ար­ցախ»), նոյ­նը կա­տա­րել Ար­ցախ այ­ցե­լե­լէ յե­տոյ, որ­պէս­զի բո­լո­րը հա­մո­զուին, թէ ի­րա­գոր­ծած էք Ձեր խոս­տու­մը: «Այս ֆլեշ­մո­պով եւ Ար­ցա­խի մէջ ար­ձա­կուրդ ան­ցը­նե­լով ողջ հա­յու­թիւ­նը իր բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը ցու­ցա­բե­րէ Ար­ցա­խին՝ յատ­կա­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ»:

Թէեւ քիչ չե­ղաւ թի­ւը այն հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին Բեգ­լա­րեա­նի կո­չին, բայց եւ այն­պէս դէ­պի Ար­ցախ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռանցք մը ստեղ­ծե­լու ճի­գե­րը բա­ւա­րար չէր:

Այս­տեղ հարկ է նշել, որ նոյ­նինքն Բեգ­լա­րեա­նի կո­չը ա­ւե­լի ուշ՝ Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ւար­տին նոր տես­քով շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրո­ւէր Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կո­չով, որ կը կրէր «Դուն ի՞նչ կ՚ը­նես Ղա­րա­բա­ղի հա­մար» ընդ­հա­նուր խո­րա­գի­րը: Այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ էր, որ յատ­կա­պէս Քա­ռօ­րեա­յէն ետք բո­լո­րին հա­մար ա­ռաջ­նա­յին խնդիր կը դառ­նար ամ­բողջ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րոն դարձ­նել Ար­ցա­խը եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ու­նե­ցած կա­րո­ղու­թեամբ մաս­նա­կից դառ­նար այդ զօ­րա­շար­ժին:

Յու­նիս. Հռո­մի Ֆրան­սիս­կոս Պա­պին պատ­մա­կան այ­ցը՝ Հա­յաս­տան

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը եւ բարձ­րաս­տի­ճան շարք մը հիւ­րեր պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րե­ցին Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­կոս Պա­պը, «Զուարթ­նոց» մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նին մէջ: Հնչեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան օրհ­ներ­գը, ա­պա հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւն՝ ե­րա­խա­նե­րու կա­տար­մամբ:

Յի­շեց­նենք, որ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­կոս Պա­պը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն այ­ցը կո­չած է ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն, ո­րուն կար­գա­խօսն է՝ «Այց ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր»: Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Հռո­մի Ֆրան­սիս­կոս Պա­պի Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցը լու­սա­բա­նե­րու հա­մար հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած են շուրջ 600 լրագ­րող­ներ, ո­րոնց կէ­սը մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ են:

Նա­խա­պէս հրա­պա­րա­կո­ւած այ­ցի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի հա­մա­ձայն՝ 24 Յու­նի­սին, Ե­րե­ւա­նի «Զո­ւարթ­նոց» մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նը պաշ­տօ­նա­կան դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն յե­տոյ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը մեկ­նած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջմիա­ծին, ուր Հռո­մի Պա­պը դի­մա­ւո­րե­ցին ե­րա­խա­նե­րը՝ Վա­տի­կա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի դրօշ­նե­րով, նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը:

Մայր Տա­ճար ե­կած են նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ո­րոնք ցան­կա­ցած են տես­նել Հռո­մի Պա­պը՝ ստա­նալ հա­մար ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը:

Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ համ­բու­րեց Սուրբ Խաչն ու Ա­ւե­տա­րա­նը:

Հո­գե­ւոր երգ­չա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յա­ցաւ բա­րի­գալս­տեան՝ «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւն:

Նոյն օ­րը, ե­րե­կո­յեան, Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է Սերժ Սարգ­սեա­նի, ա­պա՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, հա­սա­րա­կու­թեան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ:

Այ­ցի ա­ռա­ջին օ­րը ամ­փո­փո­ւած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ֆրան­սիս­կոս Պա­պի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դիպ­մամբ:

25 Յու­նի­սի ա­ռա­ւօ­տեան Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը այ­ցե­լած է Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ՝ զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր եւ թան­գա­րան, ին­պէս նաեւ Յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու պու­րակ եւ օրհ­նած է իր ա­նու­նով տնկած ե­ղե­ւի­նը:

Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն յե­տոյ Նո­րին Սրբու­թեան հետ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը ու­ղե­ւո­րո­ւած է Կիւմ­րի, ուր Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կին վրայ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ պա­տա­րագ մա­տու­ցած՝ լա­տի­նա­կան ծէ­սով: Պա­պը իր ա­ղօթ­քին մէջ ը­սած է. «Կո­չո­ւած ենք միշտ կա­ռու­ցե­լու եւ վե­րա­կա­ռու­ցե­լու հա­ղոր­դու­թիւ­նը, ա­ռանց յոգ­նե­լու կա­մուրջ­ներ կա­ռու­ցե­լու, ոչ թէ պա­րիսպ­ներ կամ բա­ժա­նա­րար պատ­նէշ­ներ»: Ա­ղօթ­քէն յե­տոյ կնքո­ւե­ցաւ ծառ, ստո­րագրո­ւե­ցաւ ոս­կեայ մա­տեա­նը, որ­մէ յե­տոյ Պա­պը իր «պա­պա­մո­պիլ»ով շրջե­ցաւ ներ­կա­նե­րու շար­քին մէջ՝ բա­րե­ւե­լով ժո­ղո­վուր­դը Կիւմ­րիի մէջ։ Հռո­մի Պա­պը այ­ցե­լած է նաեւ Ա­նա­րատ Յղու­թեան Հայ քոյ­րե­րու միա­բա­նու­թեան «Տի­րա­մայր Հա­յաս­տանի» կու­սաս­տա­նը, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ Շի­րա­կի Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Եօթ Վէրք Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին եւ Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ կա­թո­ղի­կէ մայր տա­ճա­րը:

Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան՝ Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած է ընդ­հան­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ Խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթք: Որ­մէ յե­տոյ Սու­րիա­յէն, Ի­րա­քէն, Լի­բա­նա­նէն, Քո­ւէյ­թէն, Յոր­դա­նա­նէն, Ի­րա­նէն ե­կած պա­տա­նի­նե­րը ի­րենց եր­կիր­նե­րէն բե­րած տաս­ներ­կու սա­փոր­նե­րով հող եւ ջուր լե­ցու­ցած են Նո­յան Տա­պա­նի խորհր­դան­շա­նակ ման­րա­կեր­տի մէջ, որ Հռո­մի Պա­պի ու Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թե­նէն յե­տոյ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Վա­տի­կան:

Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սէն յե­տոյ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Հռո­մի Ֆրան­սիս­կոս Պա­պը։ Ան իր ու­ղեր­ձին մէջ մաղ­թեց, որ խա­ղա­ղու­թիւնն ու Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը ըլ­լայ հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ: «Չեմ կրնար չմտա­ծել այն սոս­կա­լի փոր­ձու­թիւննե­րուն մա­սին, ո­րոնց մի­ջով ան­ցած է ձեր ժո­ղո­վուր­դը, ըն­դա­մէ­նը մէկ դար ան­ցած է Մեծ ե­ղեռ­նէն, որ ձեզ պա­տու­հա­սեց, այս ա­նար­դա­րու­թեան ող­բեր­գա­կան խոր­հուր­դը, որ ձեր ժո­ղո­վուր­դը իր մարմ­նի վրայ կրեց, միշտ տպա­ւո­րո­ւած կը մնայ իմ յի­շո­ղու­թեան մէջ եւ կ՚այ­րէ սիրտս: Աս­տուած օրհ­նէ ձեր ա­պա­գան եւ պար­գե­ւէ, որ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հաշ­տու­թեան ու­ղին կրկին հար­թո­ւի եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը տի­րէ Ղա­րա­բա­ղի մէջ», ըսաւ ան: 

Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ուխ­տագնա­ցու­թիւ­նը դէ­պի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր սե­ւե­ռած է ողջ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի վրայ:

26 Յու­նի­սին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը հան­դի­պում ու­նե­ցած է Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու հետ, մաս­նակ­ցած՝ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ ընդ­հան­րա­կան ճաշ­կե­րոյ­թի՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կո­սի, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րու եւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու, Հայ Կա­թո­ղի­կէ ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րու եւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու ու պա­պա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ: Ա­պա Ֆրան­սիս­կոս Պա­պը հան­դի­պում ու­նե­ցած է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տո­ւի­րակ­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու հետ: Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը ստո­րագ­րած են հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն: Հո­վո­ւա­պե­տե­րը նաեւ ա­ղօթք մա­տու­ցած են Խոր Վի­րա­պի վան­քին մէջ:

Հռո­մի Ֆրան­սիս­կոս պա­պի հա­յաս­տա­նեան այ­ցին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­մե­տայլ թո­ղար­կո­ւած է։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը թո­ղար­կած է յու­շա­մե­տայլ՝ նո­ւի­րո­ւած Նո­րին Սրբու­թիւն Հռո­մի Պապ Ֆրան­սիս­կո­սի Հա­յաստա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն այ­ցին: 301 թո­ւա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հռչա­կո­ւած է պե­տա­կան կրօն, կա­պո­ւած Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ա­նո­ւան հետ: Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան տօ­նե­լի սուրբ է, ա­նոր մա­սունք­ները դա­րե­րու հո­լո­վոյ­թով սփռո­ւած են ողջ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին մէջ: Հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս կա­րե­ւո­րե­լով ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զօ­րա­ցու­մը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը 2000-ին այ­ցե­լած է Հռո­մի Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցի եւ ա­նոր գա­հա­կալ՝ Յով­հան­նէս Պօ­ղոս Բ. Պա­պին, որ, իր հեր­թին, 2001-ին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան կրօն հռչա­կե­լու 1700-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն: Յու­շա­մե­տայ­լի դի­մե­րե­սին պատ­կե­րո­ւած է Խոր Վի­րա­պի վան­քը Ա­րա­րատ լե­րան ֆո­նի վրայ եւ Ֆրան­սիս­կոս Պա­պի այ­ցի թո­ւագ­րու­մը, իսկ դար­ձե­րե­սին՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ար­ձա­նը Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րոս տա­ճա­րի ար­տա­քին որմ­նա­խոր­շին մէջ (2005-ին, քան­դա­կա­գործ՝ Խա­չիկ Ղա­զան­ճեան), Հա­յաս­տաեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հռո­մի Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ զի­նան­շան­նե­րը: Յու­շա­մե­տայ­լը սահ­մա­նա­փակ քա­նա­կու­թեամբ է եւ ու­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք:

Շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած են Հռո­մի Պա­պի Հա­յաս­տան այ­ցին նո­ւի­րո­ւած  մէկ գե­ղա­թեր­թիկ եւ չորս նա­մա­կա­նիշ։ 24 Յու­նիս, 2016-ին, «Հայ­փոստ» փակ բաժ­նե­տի­րա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է «Հռո­մի Պապ՝ Ֆրան­սիս­կոսի այ­ցը Հա­յաս­տան» նիւ­թին նո­ւի­րո­ւած մէկ նա­մա­կա­նի­շով գե­ղա­թեր­թիկ եւ չորս նա­մա­կա­նիշ, ո­րոնք ձե­ւա­ւա­ւո­րո­ւած են խա­չի տես­քով՝ մէկ ման­րա­թեր­թի մէջ: Գե­ղա­թեր­թի­կի եւ ման­րա­թեր­թի ներ­կա­յաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ, Հա­յաս­տա­նի եւ Վա­տի­կա­նի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րակ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: Մէկ նա­մա­կա­նի­շով գե­ղա­թեր­թի­կը պատ­կե­րած է Նո­րին Սրբու­թիւն Ֆրան­սիս­կոս Պա­պին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի եւ Հռո­մի Ս. Պետ­րոս տա­ճա­րի խո­րա­պատ­կե­րին, ինչ­պէս նաեւ Պա­պի Հա­յաս­տա­նեան այ­ցին նո­ւի­րո­ւած տար­բե­րան­շա­նը եւ Ֆրան­սիս­կոս Պա­­պի զի­նան­շա­նը: Չորս նա­մա­կա­նի­շով ման­րա­թեր­թի խա­չի տես­քով ձե­ւա­չա­փը ընտ­րո­ւած է ար­ժան­թի­նա­հայ գոր­ծա­րար Է­տո­ւար­տօ Էր­նէ­քեա­նին պատ­կա­նող «Հայ­փոստ Թրասթ Մէ­նեճ­մընթ» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ եւ կը կրէ խորհր­դան­շա­կան ի­մաստ՝ ա­ռա­ջին քրիս­տո­նէա­կան եր­կիր Ֆրան­սիս­կոս Պա­պի այ­ցի հա­մար, իսկ ման­րա­թեր­թի չորս նա­մա­կա­նի­շե­րը պատ­կե­րած են Պա­պին՝ Հա­յաս­տա­նի կող­մէն Վա­տի­կա­նին նուի­րա­բե­րած Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ար­ձա­նի, Ե­րե­ւա­նի «Հա­յաս­տա­նը ա­ռա­ջին քրիս­տո­նէա­կան պե­տու­թիւն» ա­նո­ւա­նու­մով յու­շար­ձա­նի, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի եւ Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րոս Տա­ճա­րի գմբէթ­նե­րու ներ­սի խո­րա­պատ­կեր­նե­րուն: Գե­ղա­թեր­թի­կի վրայ գրո­ւած է «Ֆրան­սիս­կոս Պապ. Հա­յաս­տան. 24-26 Յու­նիս, 2016», ինչ­պէս նաեւ «Այց ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ երկիր»:

Հռո­մի Պա­պը Հա­յաս­տա­նէ ներս ինք­զինք զգա­ցած է այն­պէս, ինչ­պէս իր սե­փա­կան տան մէջ։

Էջ­միած­նի մէջ մա­տու­ցո­ւած Ս. Պա­տա­րա­գը իս­կա­պէս գա­գաթ­նա­կէտն էր տիե­զե­րա­կան ի­րո­ղու­թեան, յայտ­նած է Հռո­մի Պա­պի խօս­նակ մոն­սե­նիէօր Ֆե­տե­րի­քօ Լոմ­պար­տի, որ­մէ ետք Պա­պը իր վեր­ջին խօս­քը ուղ­ղե­լով Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին՝ ը­սած է. «Կը խնդրեմ օրհ­նել զիս, Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին, մեր միաս­նա­կան ու­ղին»: Ֆե­տե­րի­քօ Լոմ­պար­տի հա­ւաս­տիա­ցուց. «Ան այս­տեղ հիւր է, ան միշտ գտնո­ւած է կա­թո­ղի­կո­սի տան մէջ ու ինք­զինք կը զգայ այն­պէս, ինչ­պէս սեփա­կան տան եր­դի­քին տակ»:

Յու­լիս կամ ... «Սաս­նայ ծռեր»

«Սաս­նայ ծռեր» խմբա­ւոր­ման զի­նեալ ե­լոյ­թը Պա­րեկ պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան (ՊՊԾ) գուն­դի գրա­ւում,  17 Յուլիս, 2016 -ի առաւօտեան, զինեալ պատանդառու-թիւն Երեւանի մէջ, որ իրականացած է «Հիմնադիր խորհրդարան» շարժ­ման խումբ մը զի­նեալ­նե­րու կող­մէ՝ Է­րե­բու­նիի ոս­տի­կա­նու­թեան գու­մար­տա­կի գրա­ւու­մով:

Ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն

17 Յուլիս, ժամը 05.28-ին, դիմատետրի վրայ հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածուած է. ««Սասնայ ծռեր» խմբաւորում. մենք սկսած ենք զինեալ ապստամ-բութեան, միացէ՛ք»:

Ա­ռա­ւօտ կա­նուխ խումբ մը զի­նեալ­ներ «Կրազ» մեքենայով կոտրած են ոստիկանական գունդի դռները, մտնած, բոլորը վերցուցած են հսկողութեան տակ։ ՊՊԾ-ի տարածք մտնողները ինքզինք «Սասնայ ծռեր» կոչած են:

«Սասնայ ծռեր»ի յայտարարութիւնը. «Եկած է ազատութեան, արժանապատուութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի ժամանակը: Մե՛նք ենք տէրը մեր երկրի»։

«Հիմնադիր խորհրդարան»ը յայտարարած է, որ սկսած են զինեալ ապստամբութեան, մտած՝ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք, պատանդ վերցուցած՝ այնտեղ գտնուող եօթ ոստիկանները։ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի փոխ-նախագահ եւ ապստամբութեան կազմակերպիչ Վարուժան Աւետիսեանը յայտարարած է, որ անոնք պահանջած են Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Պահանջած են նաեւ ազատ արձակել Ժիրայր Սեֆիլեանը, Գէորգ Սաֆարեանը, Շանթ Յարութիւնեանը եւ ընկերները, Վոլոտիա Աւետիսեանը: Կէսօրին յայտարարուած է, որ  է Շէնգաւիթի ոստիկանութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Յովհաննիսեան։

Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան մտած է, որպէսզի բանակցի։ Յետոյ զանգլուածային լրատուամիջոցները յայտարարած են, որ զայն պատանդ վերցուցած են: Վարուժան Աւետիսեան յայտարարած է, որ Վլատիմիր Գասպարեանի տեղակալը՝ Վարդան Եղիազարեանը նոյնպէս իրենց մօտ է:

Ժամը 15.30-ին յայտարարուած է մահացած ոստիկանի ինքնութիւնը՝ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի փոխ-հրամանատար Արթուր Վանոյեան:

20 Յուլիսին, միջադէպ տեղի ունեցած է ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ։ Բախման արդիւնքով վիրաւորուած է 27 ոստիկան եւ 24 քաղաքացի:

23 Յուլիսին, Վիտալի Բալասանեանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններու արդիւնքով հանդիպում տեղի ունեցած է ԱԱԾ-ի պետ Կէորկի Կուտոյեանի եւ զինեալ խումբի անդամներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորաուածութիւն ձեռք բերուած է պատանդ-ներէն երկուքը ազատ արձակել, իսկ մնացած երկու պատանդները յանձնել մամուլի կէտ ստեղծելէ յետոյ ՊՊԾ-ի գունդի յարա-կից տարածքին մէջ:

24 Յուլիսի գիշերը, խումբը այրած է գունդի ծառայողական ինքնաշարժներէն մէկը:

25 Յուլիսի երեկոյեան, «Սասնայ ծռեր» խումբը այրած է գունդի ծառայողական «Շեվրոլէ» ինքնաշարժը նաեւ ինքնաշարժ մը եւս: Գիշերը՝ ժամը 2-ի սահմաններուն, միջադէպ տեղի ունեցած է զինեալ ապստամբներու եւ ոստիկանութեան միջեւ, որուն արդիւնքով վիրաւորուած են զինեալ խումբի երկու անդամները՝ Աշոտ Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան։ Համաձայնութեամբ անոնք տեղափոխուած են Էրեբունի բժշկական կեդրոն։ 

26 Յուլիսին գիշերը, ոստիկանութեան եւ զինեալ խումբի միջեւ նոր բախում տեղի ունեցաւ։ Ոստիկանութեան յարձակման արդիւնքով սկսած է հրաձգութիւն, որուն արդիւնքով վիրաւրուեցան Բաւլիկ Մանուկեան եւ անոր որդին՝ Արամ Մանուկեան։ Անոնք անմիջապէս տեղափոխուեցան Էրեբունի բժշկական կեդրոն։

29 Յու­լի­սին, Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն սկսաւ երթ մը դէ­պի Խո­րե­նա­ցի փո­ղոց, սա­կայն եր­թը հաս­նե­լով Նար-Դո­սի փո­ղոց թե­քուե­ցաւ դէ­պի Սա­րի թաղ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը հա­ւա­քուե­ցան Սա­րի թա­ղի ո­լո­րան­նե­րու մօտ, ուր մնա­լով կէս ժամ՝ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը յոր­դո­րեց ա­նոնց հե­ռա­նալ եւ 5 վայր­կեան ժա­մա­նակ տո­ւաւ, որ­մէ ետք ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գու­սով ան­ձինք յար­ձա­կե­ցան ցու­ցա­րա­նե­րուն վրայ, մա­հակ­նո­րով ծե­ծե­լով զա­նոնք, իսկ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կի­րա­ռեց լու­սա­ձայ­նա­յին եւ կա­զա­յին հա­մա­կար­գեր։ Ոս­տի­կա­նու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն յար­ձակ­ման թի­րա­խը սկիզ­բը լրագ­րող­ներն էին։ Ծե­ծի են­թար­կո­ւե­ցան «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի եւ շարք մը լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

31 Յու­լի­սին, զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րէն Վա­րու­ժան Ա­ւե­տի­սեան յայ­տա­րա­րեց զէն­քե­րը վար դնել եւ որ­պէս ռազ­մա­գե­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն յանձ­նո­ւիլ։ Քիչ վերջ ԱԱԾ-ն յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծեց եւ զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րը ո­րա­կեց ա­հա­բե­կիչ եւ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­նուա­նեց հա­կա­հա­բեկ­չա­կան։

Զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ։

Զի­նեալ յար­ձակ­ման ըն­թաց­քին ստա­ցած վի­րա­ւո­րու­մէն մա­հա­ցած է Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան Ե­րե­ւան քա­ղա­քի վար­չու­թեան ՊՊԾ­-ի գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րի տե­ղա­կալ, ոս­տի­կա­նու­թեան գնդա­պետ Ար­թուր Վա­նո­յեան: «Սաս­նայ ծռեր» խում­բէն վի­րա­ւո­րուած է Թա­թուլ Թամ­րա­զեան։ 26 Յու­լի­սին տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջա­դէ­պի ար­դիւն­քով վի­րա­ւո­րուած են խում­բի ան­դամ­ներ Ա­շոտ Պետ­րո­սեան եւ Յով­հան­նէս Յա­րու­թիւ­նեան։  Իսկ 29 Յու­լի­սի դէպ­քե­րուն տասներկու լրագ­րող­ներ վի­րա­ւո­րուած են:

Սա­րի թա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում։

19 Յու­լի­սին, բա­խում տե­ղի ու­նե­ցած է Սա­րի թա­ղի բնա­կիչ­նե­րու եւ ոս­տի­կա­նու­թեան ծա­ռա­յող­նե­րու մի­ջեւ. բնա­կիչ­նե­րը բո­ղո­քած էին, որ ար­դէն ե­րեք օր զրկուած են հա­սա­րա­կա­կան եր­թե­ւե­կէն եւ կա­զէն:

Քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րու ներ­կա­յա­ցում.

«Սաս­նայ ծռեր» խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րը.

1. Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նէն Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կան,

2. Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ո­րե­ւէ տա­րած­քի յանձն­ման բա­ցա­ռում,

3. Հա­յաս­տա­նի բո­լոր քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կում,

4. Ան­ցու­մա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րում,

5. Ի­րա­ւա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան են­թար­կում պե­տա­կան պաշ­տօն­ներ զբա­ղե­ցու­ցած այն ա­նե­րու, ո­րոնք գոր­ծած են յան­ցանք­ներ:

Բնակ­չու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը։

Հայ հա­սա­րա­կու­թեան շրջա­նա­կէն ներս սկսան խում­բին ա­ջակ­ցող բազ­մա­տե­սակ շար­ժում­ներ, ինչ­պէս՝ բազ­մա­մարդ հան­րա­հա­ւաք­ներ Ե­րե­ւա­նի եւ մար­զե­րուն մէջ:

Սերժ Սարգ­սեա­նի քա­ղա­քա­կան զի­ջում­նե­րը եւ հա­մա­կար­գա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րու խոս­տում­նե­րը։

Պաշ­տօ­նազր­կո­ւե­ցան Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ, այդ կար­գին Ե­րե­ւա­նի ոս­տի­կա­նա­պետ Ա­շոտ Կա­րա­պե­տեան: Հրա­ժա­րա­կան տո­ւաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի գլխա­ւո­րած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն կազ­մին մէջ հրա­ժա­րա­կան տուաւ նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան: Վեր­ջի­նիս փո­խա­րի­նեց Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան, որ հան­դէս ե­կաւ «Ազգ-բա­նակ» հա­յե­ցա­կար­գը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու կո­չե­րով: 13 Սեպ­տեմ­բեր, 2016-ին, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին նշա­նա­կուած Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի գլխա­ւո­րած նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը փոր­ձէ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու կամ գո­նէ ա­նոնց ե­րե­ւու­թա­կա­նու­թեան տես­քով յաղ­թա­հա­րել երկ­րէն ներս առ­կայ խոր քա­ղա­քա­կան ճգնա­ժա­մը, որ յա­ռա­ջա­ցած է Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ւագ դաշ­նա­կից Ռու­սաս­տա­նի դա­ւա­դիր գոր­ծու­նէու­թեան եւ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու բա­ցար­ձա­կա­պէս հա­կա­ժո­ղովր­դա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լիա­կա­տար բա­ցա­յայտ­ման հե­տե­ւան­քով: Ամ­փո­փե­լով, 2016 թուա­կանի Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը՝ էա­կա­նօ­րէն խախ­տեց Հա­յաս­տա­նի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի իր ազ­դե­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ ա­ճին, տուաւ սպա­սուա­ծին հա­կա­ռակ ար­դիւնք­ներ՝ նուա­զեց­նե­լով Ռու­սաս­տա­նի նկատ­մամբ Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան եւ Սփիւռ­քի հա­յու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, Մոս­կուա­յի հա­մար սպառ­նա­լից չա­փով ա­ւելց­նե­լով հա­կա­ռու­սա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը եւ միա­ժա­մա­նակ՝ սպառ­նա­լի­քի տակ դնե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ Մոս­կուա­յի դրա­ծոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ գա­յու­թիւ­նը: Ըստ ո­րուն, Մոս­կուան քայլ մը եւս կա­տա­րեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բնակ­չու­թեան եւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան մի­ջեւ հմտօ­րէն ու­ժե­ղա­ցող հա­կադ­րու­թիւ­նը սրե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Հա­­յաս­տա­նը կանգ­նած է հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ան­խու­սա­փե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան առ­ջեւ, ե­թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը ցան­կայ չզրկուիլ սե­փա­կան պե­տու­թե­նէն եւ ա­զատ, ան­կախ զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րէն։

Օ­գոս­տոս

Կիւմ­րիի բնա­կիչ­ներ՝ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րը սպան­նած Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով ցկեանս ա­զա­տազրկ­ման պա­տիժ ստա­ցաւ: Կիւմ­րիի մէջ Օ­գոս­տո­սին  ե­ղած  դա­տա­կան նիս­տին մե­ղադ­րող դա­տա­խազ Գէորգ Գէոր­գեան միջ­նոր­դեց ռուս զի­նուոր Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վը մե­ղա­ւոր ճանչ­նալ կիւմ­րե­ցի Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու եօթ ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցած ըն­տա­նի­քի սպա­նու­թեան մէջ:

Սեպ­տեմ­բեր. Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի 25-րդ տա­րե­դարձ եւ նոր վար­չա­պե­տի նշա­նա­կում

Մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար բա­ւա­կան բախ­տո­րոշ հա­մա­րուող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը Հա­յաս­տան եր­կի­րը կը տօ­նէր իր ան­կա­խու­թեան յո­բե­լե­նա­կան 25-րդ տա­րե­դար­ձը: Այս առ­թիւ հա­յու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ո­րոնց ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լի­ցը Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­յա­ցած զօ­րա­հան­դէսն էր:

Այս­պէս, Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նար զօ­րա­հան­դէս՝ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Ցու­ցադ­րուե­ցան հայ­կա­կան բա­նա­կի նո­րա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րը, ո­րոնց մա­սին վեր­ջին շրջա­նին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը գրած են. հե­ռա­հար՝ «Իս­քան­տէր» հրթի­ռա­յին հա­մա­լիր­ներ, հա­մա­զար­կա­յին կրա­կի հե­ռա­հար՝ «Սմերչ» հա­մա­կար­գեր, հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սուած «Պուք» զե­նի­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­լիր­ներ եւ ռա­տիօե­լեկտ­րո­նա­յին պայ­քա­րի նո­րա­գոյն՝ «Ին­ֆաու­նա» հա­մա­կարգ:

Զօ­րա­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հան­դէս ե­կաւ խօս­քով մը, ո­րուն մէջ ը­սաւ.

«Այ­սօր՝ 21-րդ դա­րուն զէն­քե­րը փո­խ-ւած են, բայց չենք փո­խուած մենք՝ սե­փա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու մեր վճռա­կա­նու­թեամբ:

«Վկան այս զօ­րա­հան­դէսն է:

«Վստա­հա­բար, ի­տէա­լա­կան աշ­խար­հին մէջ ի­րա­ւունքն է, որ պէտք է ծնի ուժ: Բայց այ­սօ­րուան աշ­խարհն ու մեր շրջա­պա­տը հե­ռու են ի­տէա­լա­կան ըլ­լա­լէ: Դեռ կան հան­գա­մանք­ներ, երբ ու­ժը կը ծնի ի­րա­ւունք: Մենք ու­նինք մեր ի­րա­ւուն­քը եւ մեր ա­զա­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու ու­ժը: Վկան այս զօ­րա­հան­դէսն է:

«Ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը պաշտ­պա­նու­թեան կա­րիք ու­նին ո՛չ միայն ար­տա­քին սպառ­նա­լիք­նե­րէ: Մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը եւս պէտք է ա­զատ ըլ­լան, ո­րով­հե­տեւ ա­զատ մարդն ու ա­զատ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ կը գոր­ծեն: Մենք կրնանք եւ պէտք է շա­րու­նա­կենք կա­ռու­ցել ար­դիւ­նա­ւէտ եր­կիր, որ պի­տի պաշտ­պա­նէ ա­զատ քա­ղա­քա­ցին եւ ա­զատ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը: Ա­նա­զատ մար­դիկ տե­սա­կա­նօ­րէն կրնան ստեղ­ծել շատ բան, բայց ոչ եր­ջան­կու­թիւն: Ան­ցած 25 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին մենք անշր­ջե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած ենք: Եր­բեմն սխա­լած ենք, եր­բեմն՝ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ յայտ­նուած, բայց, մեծ հա­շուով, ճիշդ ու­ղիով շար­ժած ենք: Մենք կը կա­ռու­ցենք մեր եր­ջան­կու­թիւ­նը խա­ղաղ եւ ստեղ­ծա­գործ ա­րար­ման ճամ­բով: Իսկ յա­ռաջ շար­ժե­լու մեր բա­նա­ձե­ւը շատ պարզ է՝ աշ­խա­տանք, աշ­խա­տանք եւ աշ­խա­տանք: Մենք մեր ձեռք­բե­րում­նե­րը պէտք է բազ­մա­պատ­կենք մե՛ր աշ­խա­տան­քով եւ պաշտ­պա­նենք մե՛ր ու­ժե­րով: Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը ա­չա­լուրջ հսկող մեր տղա­նե­րը. ա­նոնք մեր ա­զա­տու­թեան թիւ մէկ ե­րաշ­խա­ւորն են: Փա՛ռք ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տը կեր­տած ան­մահ հե­րոս­նե­րուն եւ մեր բո­լոր քա­ջա­րի տղա­նե­րուն: Փա՛ռք ապ­րի­լեան մեր կո­րիւն­նե­րուն, որ յօդս ցնդե­ցու­ցին հա­կա­ռա­կոր­դին բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը: Ա­միս­ներ ա­ռաջ հե­տա­խոյզ-գնդաց­րորդ Սա­սուն Մկրտչեա­նի շի­րի­մին առ­ջեւ մեր բո­լո­րին ա­նու­նով խոս­տա­ցայ, որ պի­տի շա­րու­նա­կենք Սա­սու­նին եւ իր ըն­կեր­նե­րուն սուրբ գոր­ծը, միշտ վառ պի­տի պա­հենք Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի նոր սե­րուն­դէն ճա­ռա­գայ­թող այն լոյ­սը, որ ապ­րի­լեան օ­րե­րուն բո­լորս դար­ձու­ցած էր միաս­նա­կան. միաս­նա­կան մէկ բռունցք՝ պատ­րաստ իջ­նե­լու մեր անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող ո­սո­խի գլխուն: Մենք մեր խոս­տու­մը պի­տի պա­հենք: Վկան այս զօ­րա­հան­դէսն է: Կեց­ցէ՛ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցին՝ հո­ղի մշակն ու շի­նա­րա­րը, բժիշկն ու ու­սու­ցի­չը, հան­քա­փորն ու գոր­ծա­րա­րը, պե­տա­կան ծա­ռա­յողն ու մշա­կու­թա­յին գոր­ծի­չը: Փա՛ռք նոր ար­ժէք ստեղ­ծող հա­յաս­տան­ցիին: Կեց­ցէ՛ Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը. միա­սին մենք ա­ւե­լին ենք, քան կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել: Կեց­ցե՛ն Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող մեր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը, ո­րոնք հա­ւա­սա­րա­պէս լծուած են մեր երկ­րի զար­գա­ցումն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն առ­ջեւ տա­նե­լու գոր­ծին: Կեց­ցէ՛ հայ ա­ւան­դա­կան ըն­տա­նի­քը, որ ժա­մա­նա­կի բո­լոր հո­սանք­նե­րէն  ան­դին կը շա­րու­նա­կէ մնալ հե­րոս­ներ կեր­տող եւ ու­սում­նա­տենչ սե­րունդ մեծց­նող ջեր­մու­թեան աղ­բիւր:

«Յար­գե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,

«Կրկին կը շնոր­հա­ւո­րեմ բո­լորս եւ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման քա­ռորդ­դա­րեայ յո­բե­լեա­նի ա­ռի­թով:

«Փա՛ռք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան:

«Փա՛ռք Հա­յաս­տա­նի զի­նուած ու­ժե­րուն»:

Նշենք, որ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ հան­րա­պե­տու­թեան բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ա­ւե­լի վաղ այ­ցե­լեց «Ե­ռաբ­լուր» զի­նուո­րա­կան պան­թէոն` յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու ի­րենց կեան­քը հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան հա­մար զո­հա­բե­րած հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տա­կին:

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՎԱՐ­ՉԱ­ՊԵ­ՏԻ ՆՇԱ­ՆԱ­ԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր հրա­մա­նա­գիր ստո­րագ­րեց Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ նշա­նա­կե­լու մա­սին: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը։

Հրա­մա­նագ­րի մէջ նշուած է. «Ղե­կա­վա­րուե­լով 2005 թուա­կա­նի փո­փո­խու­թիւն­նե­րով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան 55-րդ յօ­դուա­ծի 4-րդ կէ­տով՝ կ՚ո­րո­շեմ. Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նը նշա­նա­կել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ»:

Կը ներ­կա­յաց­նենք Հա­յաս­տա­նի 14-րդ վար­չա­պե­տին կեն­սագ­րու­թիւ­նը:

Ծնած է 1963 թուականի Օ­գոս­տո­սի 14-ին:

Կրթու­թիւ­նը

1970-1980 թուականներուն միջեւ ու­սա­նած եւ ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Լ. Թոլս­թո­յի ա­նուան միջ­նա­կարգ դպրո­ցը:

1980-1985 թուականներուն միջեւ ու­սա­նած եւ գե­րա­զան­ցու­թեան վկա­յա­կա­նով ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի կի­րա­ռա­կան մա­թե­մա­թի­քա­յի ֆա­քիւլ­թէն:

1989 թուականին ստա­ցած է տնտե­սա­գի­տու­թեան թեկ­նա­ծուի գի­տա­կան աս­տի­ճան:

2010 թուականին ստա­ցած է տնտե­սա­գի­տու­թեան տոք­թո­րի գի­տա­կան աս­տի­ճան, ու­նի 32 գի­տա­կան աշ­խա­տանք:

*Աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն

1985-1996 թուականներուն միջեւ աշ­խա­տած է Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան փլա­նի հա­շու­ւո­ղա­կան կեդ­րո­նին, Գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րու միու­թեան մէջ: Միա­ժա­մա­նակ դա­սա­ւան­դած է ԵՊՀ-էն ներս:

1996-1998 թուականներուն միջեւ աշ­խա­տած է «Հա­յէ­ներ­կո» ըն­կե­րու­թեան մէջ, որ­պէս գլխա­ւոր տնօ­րէ­նի տե­ղա­կալ:

1998-2001 թուականներուն միջեւ աշ­խա­տած է «Հա­յէ­ներ­կո» ՓԲԸ-ին մէջ, որ­պէս գլխա­ւոր տնօ­րէն:

2001 թուականին նշա­նա­կուած է Հա­յաս­տա­նի ջեր­մու­ժի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ:

2001-2010 թուականներուն միջեւ ե­ղած է «Հայ­Ռուս­կա­զարտ»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ-գլխա­ւոր տնօ­րէ­նը:

2009 թուականին Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­մաս­նա­կան ցու­ցա­կով ընտ-րըւած է Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ա­ւա­գա­նիի ան­դամ:

2010-2011 թուականներուն միջեւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ:

2011-2016 թուականներուն միջեւ «Կազ­փ­րոմ­պանք»ի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ։

2013 թուա­կա­նէն «Ա­ռեքսիմպանքկազ­փրոմպանքիխումբ» խոր­հուր­դի ան­դամ:

Պար­գեւ­ներ

2006 թուականին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի հրա­մա­նագ­րով պար­գե­ւատ­րուած է «Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցի» մե­տայ­լով:

2008 թուականին ընտ­րուած է «Ա­ռեք­սիմ­պանք»ի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ: Նոյն տա­րին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հի հրա­մա­նագ­րով պար­գե­ւատ­րուած է «Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցի» մե­տայ­լով:

Յի­շեց­նենք, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին ու­նե­ցած ե­լո­թին մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հա­ւաս­տիա­ցու­ցած էր, որ ա­մէն ինչ պի­տի ը­նէ ար­դա­րաց­նե­լու այդ վստա­հու­թիւ­նը: Ան նշած էր նաեւ, որ մօտ ժա­մա­նակ­ներս պի­տի ներ­կա­յաց­նէ երկ­րի զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ ծրա­գիր, որ բաղ­կա­ցած պի­տի ըլ­լայ եր­կու փու­լէ: Ա­ռա­ջին փու­լը պի­տի նե­րա­ռէ այն հնա­րա­ւոր ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կրնան ո­րոշ ա­ռու­մով վստա­հու­թիւն եւ հա­ւատ ներշն­չել ծրագ­րի նկատ­մամբ, իսկ երկ­րորդ փու­լը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի հե­ռան­կա­րա­յին զար­գաց­ման տես­լա­կա­նը:

Հոկ­տեմ­բեր. Սու­րիա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րը դար­ձեալ լու­սար­ձա­կի տակ

«Բո­լոր խնդիր­նե­րը կը լու­ծենք ա­ռանց աղմ­կե­լու եւ գո­ռա­լու։ Ո­րով­հե­տեւ ե­թէ սու­րիա­հա­յե­րը ձե­ւով մը կը տե­ղա­փո­խենք, այդ մա­սին ոե­ւէ մէ­կը պէտք չէ ի­մա­նայ,  ո­րով­հե­տեւ պե­տա­կան ու ընդ­դի­մա­դիր կող­մը չ՚ըն­դու­նիր, որ ա­նոնք պէտք է հե­ռա­նան։  Կը հա­մա­րեն, որ պի­տի մնան, ապ­րին ու աշ­խա­տին բո­լոր սու­րիա­ցի­նե­րու նման», այս­պէս կը յայ­տա­տա­րէր Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան Հոկ­տեմ­բե­րին խօ­սե­լով Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար ա­ռաջ­նա­յին դար­ձած խնդրի՝ սու­րիա­հա­յու­թեան մա­սին:

Ինչ­պէս յայտ­նի է, Սեպ­տեմ­բեր ամ­սուան վեր­ջե­րուն Հա­լէ­պի ի­րա­վի­ճա­կը դար­ձեալ կը թէ­ժա­նար եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով տաս­նեակ հա­լէ­պա­հայ ըն­տա­նիք­ներ փա­փաք կը յայտ­նէին Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուե­լու: Այդ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնն ու հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հար­ցե­րով զբա­ղող շուրջ եօթ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ գոր­ծի կը լծուէին դիւ­րաց­նե­լու հա­մար մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը:

Այդ բո­լո­րով հան­դերձ շուրջ 8 հա­զար հա­լէ­պա­հա­յեր ցայ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կեն կառ­չած մնալ հա­րիւր տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հայ­կա­կան Հա­լէ­պին:

Ըստ վեր­ջին վի­ճա­կագ­րու­թեանց, այ­սօր Ե­րե­ւա­նի մէջ կ՚ապ­րին շուրջ 15 հա­զար սու­րիա­հա­յեր: Ա­նոնք, ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ, ե­րան­գով, ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծե­լու կամ­քով դար­ձած են դրա­կան ներ­կա­յու­թեան մը լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը Հա­յաս­տա­նի ու հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար:

Նո­յեմ­բեր

Նո­յեմ­բեր ա­մի­սը կը յատ­կան­շուէր հայ-ռու­սա­կան պատ­մա­կան հիմք ու­նե­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր ե­րե­ւե­լի դրա­կան տե­ղա­շար­ժով: Այս­պէս, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ստո­րագ­րած է կար­գադ­րու­թիւն մը, ո­րու հա­մա­ձայն հա­ւա­նու­թիւն տուած է  Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի միա­ցեալ խմբա­ւոր­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման: Այս մա­սին հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թը կը հրա­պա­րա­կուէր Նո­յեմ­բե­րի 14-ին:

«Ըն­դու­նիլ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րու միա­ցեալ զօ­րա­խում­բի  վե­րա­բե­րեալ Մոս­կուա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման մա­սին Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կը», ը­սուած է փաս­տա­թուղ­թին մէջ:

Կար­գադ­րու­թեան գրու­թեան հա­մա­ձայն՝ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յանձ­նա­րա­րուած է Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել հայ­կա­կան կող­մի հետ եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լէ ետք Ռու­սաս­տա­նի ա­նու­նով ստո­րագ­րել նշուած հա­մա­ձայ­նա­գի­րը:

Դեկ­տեմ­բեր. Ռու­հա­նիի Ե­րե­ւան այ­ցը ա­ւե­լիով կ՚ամ­րապն­դէ Հա­յաս­տան-Ի­րան կա­պե­րը

21 Դեկ­տեմ­բե­րին, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով Ե­րե­ւան կը հաս­նէր Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Շէյխ Հա­սան Ռու­հա­նի: Իր նա­խա­գահ ընտ­րուե­լէն ե­րեք տա­րի վերջ այս այ­ցը կու գար յա­ւե­լեալ կեր­պով ամ­րապն­դել եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Այ­ցին ըն­թաց­քին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Հա­սան Ռու­հա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ կը կա­տա­րէին: Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը կը յայ­տա­տա­րէր, որ անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան միշտ ալ դրա­կան եւ ճիշդ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ վա­րած է իր հա­րե­ւա­նին՝ Ի­րա­նի հետ: Սարգ­սեան մաս­նա­ւո­րա­պէս կ՚ը­սէր. «Յար­գե­լի՛ պա­րոն Նա­խա­գահ, ես սի­րով կ՚ող­ջու­նեմ Ձեզ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ: Դուք հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ սպա­սուած եւ ցան­կա­լի հիւր էք եւ մենք լիա­յոյս ենք, որ Ձեր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցը Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին վրայ նոր ո­գի եւ շունչ կը հա­ղոր­դէ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: Հայ-ի­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կու գայ դա­րե­րու խոր­քե­րէ եւ յեն­լով այդ շատ ա­մուր հիմ­քի վրայ՝ 1992 թուա­կա­նին մենք ձե­ւա­ւո­րե­ցինք միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Այ­սօր՝ քսան­հինգ տա­րի վերջ, ես շատ ու­րախ եմ, որ կրնանք փաս­տել՝ այս ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մէջ չէ ե­ղած հան­գա­մանք մը, որ մթագ­նէ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Մենք շնոր­հա­կալ ենք Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ ու­շա­դիր վե­րա­բեր­մուն­քի հա­մար։ Մենք ալ մշտա­պէս ե­ղած ենք շի­տակ եւ ազ­նիւ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ եւ պատ­րաստ ենք այդ­պէս ալ շա­րու­նա­կել: Օգ­տուե­լով ա­ռի­թէն՝ կը խնդրեմ իմ խո­րին յար­գանքն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցել Ի­րա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Ա­լի Խա­մա­նէ­յին: Բա­րով ե­կած էք Հա­յաս­տան»:

Իր կար­գին, Ի­րա­նի նա­խա­գա­հը կը խօ­սէր տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր օ­րա­կարգ հան­դի­սա­ցող ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան մա­սին: Ռու­հա­նի կ՚ը­սէր։ «Մե­զի հա­մար Հա­յաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը բա­րե­կա­մա­կան եր­կիր­ներ են եւ մենք յոյս ու­նինք, որ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ա­կա­նա­տես­նե­րը կը դառ­նանք: Ա­տի­կա կը բխի ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի շա­հե­րէն: Խնդի­րը ռազ­մա­կան լու­ծում չու­նի եւ մենք կ՚ու­զէինք լու­ծու­մը տես­նել խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով»:

Նշենք, որ սոյն այ­ցի ըն­թաց­քին եր­կու կող­մե­րը կը ստո­րագ­րէին հա­սա­րա­կաց կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող շարք մը պայ­մա­նագ­րեր, ո­րոնց ա­մե­նէն հիմ­նա­կա­նը յատ­կա­ցուած էր վա­ռե­լա­նիւ­թի օգ­տա­գործ­ման պայ­մա­նագ­րին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016