ՄԱԿ-Ի ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէժ Ամանորի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու մէջ խաղաղութիւնը ընդգծեց որպէս առաջնահերթութիւն՝ 2017 թուականին համար։ Կութերէժ, որ երէկուան դրութեամբ ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, ըսաւ հետեւեալը. «Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մեր նպատակը եւ մեր ուղեցոյցը։ Որպէս համամարդկային ընտանիք՝ ինչ բանի որ կը ձգտինք. արժանապատուութիւն եւ յոյս, յառաջընթաց ու բարեկեցութիւն՝ կախեալ է խաղաղութենէն»։
Կութերէժ ըսաւ, թէ պիտի աշխատի լուծել խնդիրները այն մարդոց, որոնք յայտնուած են պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու մէջ։ Ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց Սուրիոյ, Հարաւայի Սուտանի, Եէմէնի եւ Պրունտուի հակամարտութիւններու հետեւանքով տառապող միլիոնաւոր մարդոց վրայ։ «Ոեւէ մէկը պիտի չյաղթէ այդ պատերազմներուն մէջ, բոլորը պիտի պարտուին», ըսաւ Կութերէժ։