ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տան 2017 թուա­կա­նը դի­մա­ւո­րեց խա­ղա­ղու­թեան սպա­սում­նե­րով եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ։ Հա­կա­ռակ երկ­րի առ­կայ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն ժո­ղո­վուր­դը Ա­մա­նո­րի առ­թիւ տոգո­րուած էր դրա­կան զգա­ցում­նե­րով։ Նոյ­նիսկ հա­սա­րա­կու­թեան ա­մե­նա­հա­մեստ խա­ւե­րը ըմ­բոշխ­նե­ցին Ա­մա­նո­րի ու­րա­խու­թիւ­նը։ Մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ զգա­լի էր տօ­նա­կան բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

Տա­րե­մու­տին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը, որ սփռուե­ցաւ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րու կող­մէ։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան նոր տա­րի մը կը մտնէ իր ու­ժե­րուն նկատ­մամբ վստա­հու­թեամբ։ «Յա­ջորդ 25 տա­րի­նե­րը պի­տի ըլ­լան վե­րել­քի՝ ա­ւե­լի ու­ժեղ եւ ա­ւե­լի բա­րե­կե­ցիկ Հա­յաս­տան կեր­տե­լու շրջան։ Այս իսկ ո­գիով մենք ա­մէն օր յա­ռաջ պի­տի եր­թանք բո­լո­րիս հա­մար տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի փո­փո­խու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ճա­նա­պար­հով։ Նոր տա­րի կը մտնենք լուրջ եւ ի­րա­տես ծրագ­րե­րով։ Հե­տե­ւո­ղա­կան եւ լայ­նա­ծա­ւալ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դրա­կան ար­դիւնք­նե­րը թէ՛ տնտե­սու­թեան եւ թէ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի զգանք բո­լորս», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, որ յա­ջորդ տա­րին պի­տի ըլ­լայ վճռո­րոշ։ Ար­դա­րեւ, 2017 թուա­կա­նի գար­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ «Մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը միաս­նա­բար կրնայ կազ­մա­կեր­պել այն­պի­սի քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց մը, ո­րուն պի­տի վստա­հի ա­նոր իւ­րա­քան­չիւր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ Մե­զի անհ­րա­ժեշտ են այն­պի­սի ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ մեր պե­տու­թեան նա­ւը պի­տի խու­սա­փի ան­ցեա­լի յայտ­նի ստորջ­րեայ խու­թե­րուն բա­խուե­լէ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Ա­մա­նո­րեան պատ­գա­մին մէջ Նախագահ Սերժ Սարգ­սեան ա­ռա­ջար­կեց բա­ժակ բարձ­րաց­նել հա­յոց բա­նա­կին, այն մար­դոց հա­մար, ո­րոնք կ՚ա­պա­հո­վեն երկ­րին խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Նաեւ կ՚ա­ռա­ջար­կեմ բա­ժակ բարձ­րաց­նել մեր նոր սե­րուն­դին, մեր ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար։ Ա­նոնք են ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դը, որ ա­նա­ռիկ կը պա­հէ մեր սահ­ման­նե­րը։ Ա­նոնց շնոր­հիւ ե­ռա­գոյ­նը կը փող­փո­ղէ ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն։ Այս սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին դպրո­ցա­կան ա­ռար­կա­յա­կան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րէն կը վե­րա­դառ­նան տաս­նեակ մե­տայ­նե­լով։ Ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան միտ­քը կը բա­նայ աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի մշա­կու­թա­յին ու գի­տա­կան օ­ճախ­նե­րու դռնե­րը։ Ա­նոնց կրթու­թեան եւ ա­ճին հա­մար մենք ո­րե­ւէ մի­ջոց պի­տի չխնա­յենք։ Իմ հաս­տատ հա­մոզ­մամբ՝ այս­պի­սով իսկ պի­տի ստեղ­ծեն բազ­մա­պա­տիկ ա­ւե­լի լայն Հա­յաս­տան, քան այժմ ու­նինք»։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017