ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ամանորի կէս գիշերին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական արարք մը, որ մեծ ցնցում յառաջացուց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ, նաեւ շատ լայն արձագանգ ստեղծեց միջազգային գետնի վրայ։ Օրթագիւղի «Ռէյնա» գիշերային ակումբէն ներս մղձաւանջային ու տմարդի ոճրագործութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Դէպքին հետեւանքով զոհուեցաւ 39 հոգի, որ անպաշտպան վիճակի մէջ կը զուարճանար տարեմուտի առթիւ։ 65 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։
Թաքսիով մը դէպքի վայր հասած ահաբեկիչը գիշերային ակումբի մուտքին նահատակեց ոստիկան մը եւ միւս պահակները։ Ներխուժելով ակումբ՝ ան հեռահար հրաձանով մը սկսաւ կրակել պատահական ձեւով։ Բազմաթիւ ներկաներ յաջողեցան փրկուիլ ծով նետուելով։ Յանցագործը աւելի վերջ տարազը փոխելով յաջողեցաւ խոյս տալ դէպքի վայրէն։ Ներկայիս անվտանգութեան ամբողջ համակարգը շարժման անցած է՝ յանցագործը յայտնաբերելու համար։
Այս տմարդի ահաբեկչութեան զոհերու շարքին կը գտնուին ինչպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներ, այնպէս ալ օտարահպատակներ։ Վիրաւորեալներու առումով ալ նոյնն է կացութիւնը։ 45 երկվայրկեան տեւողութեամբ գիշերային ակումբի յաճախորդներուն վրայ կրակելով խոյս տուած ահաբեկիչին եւ ընդհանրապէս այս դէպքին վերաբերեալ թէ՛ հետազօտութիւնները եւ թէ այժմու տուեալներով կատարուած վերլուծութիւնները ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն հանրային կարծիքը։
Պետական աւագանին ալ անմիջապէս արձագանգեց այս անհաւատալի ահաբեկչութեան։ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին դէպքէն շատ ժամանակ անց արդէն հասաւ Օրթագիւղ։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու՝ Հաքքեարիէն, իսկ Առողջապահութեան նախարար Րէճէպ Աքտաղ Անգարայէն անմիջապէս անցան Իսթանպուլ եւ տեղւոյն վրայ կատարեցին քննութիւններ։ Անոնք այցելեցին նաեւ այն հիւանդանոցները, ուր կը բուժուին վիրաւորները։ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղն ալ այցելեց դէպքի վայր եւ տեղեկութիւններ քաղեց ձեռնարկուած աշխատանքներուն շուրջ։ Երէկ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ փութաց վիրաւորեալներու այցելութեան եւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Պետական աւագանիի բոլոր ներկայացուցիչները ահաբեկչական այս դէպքին կապակցութեամբ հանդէս եկան վճռական յայտարարութիւններով։ Անոնց միացան նաեւ խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները։ Բոլորն ալ ընդգծեցին, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները երբեք պիտի չկարենան վհատեցնել երկիրը եւ Թուրքիայէն ներս պիտի չկարենան խանգարել եղբայրութեան ու միասնականութեան մթնոլորտը։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահն ալ ըսաւ. «Որպէս ազգ՝ մեր պաղարիւնութիւնը պահպանելով, իրարու աւելի փարելով երբեք տեղի պիտի չտանք նման կեղտոտ խաղերու»։