ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խան­դա­վառ հան­դէս մը։ Դպրո­ցի սա­նե­րը յա­ջող եր­գե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց հիմ­նա­կան ա­մա­նո­րեան մաղ­թան­քը, որն էր աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան, որ եւս միա­ցաւ իր սա­նե­րու մաղ­թանք­նե­րուն եւ յոյս յայտ­նեց, թէ Նոր տա­րին իր հետ պի­տի բե­րէ այն լու­սա­ւո­րը, ո­րուն կա­րի­քը ու­նի մարդ­կու­թիւ­նը։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ա­շա­կերտ­նե­րուն Ա­մա­նո­րի առ­թիւ նուէր­ներ բաժ­նե­ցին Ար­թօ եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու­նե­րը, ո­րոնք կը գլխա­ւո­րեն դպրո­ցի կա­մա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017